
21-29 օգոստոսին Յորդանանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Արաբական երկիրներու ճատրակի աղջկանց ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արաբական բոլոր երկիրներու աղջկանց ախոյեանները, որոնք բնականաբար հանդիսացած են իրենց տարիքի ախոյեաններ:
Լիբանանի 2012-ի, 2013-ի եւ 2014-ի աղջկանց տարիքային դասակարգի ախոյեան եւ 2012-ի միջերկրականեան երկիրներու 10 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեան Նանօր Առնելեան, ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս պիտի մասնակցի այս ախոյեանութեան:


