Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, որ մաս կը կազմէ Գերմանիոյ ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Նոյշթրելից խումբին, նախորդ շաբաթավերջին իր կազմին հետ դարձաւ կոլի հեղինակ, երբ անոր կազմը 3-2 արդիւնքով յաղթեց Հալպըրշթատին:
ArmSport.am կայքը կը յայտնէ, որ Ադամեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր այս մրցումին, 69-րդ վայրկեանին դարձաւ կոլի հեղինակ` արդիւնքը հաւասարեցնելով 1-1:
Անոր կազմը այժմ` 3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, կը գրաւէ 3-րդ դիրքը` 6 կէտով:


