Վերջին տարիներուն սովորութիւն դարձած աւանդութեան համաձայն, երէկ` կիրակի, 17 օգոստոս 2014-ին, Ժունիէի եւ մերձակայ շրջաններու ամարանոցներու հայութիւնը իւրայատուկ ձեւով ոգեկոչեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը: Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, հաւատացեալներ համախմբուեցան Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցի, ուր Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան յաւուր պատշաճի պատարագ մատուցեց` փոխանցելով օրուան խորհուրդը եւ խաղողօրհնէքի իմաստն ու ըմբռնումը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մօտ: Ապա կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, որմէ ետք եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը մեկնումի պահուն ներկաներուն բաշխեց օրհնուած խաղողի ողկոյզներ:
Նոյն առիթով Ժունիէի եւ մերձակայ շրջաններու ամարանոցներու, յատկապէս Ֆէյթրունի եւ Ֆարայայի հայութիւնը համախմբուեցաւ «Սաթելիթի» համալիրի Մար Ժըրժոս եկեղեցին, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, որ հաւատացեալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ անոր խորհուրդին: Սրբազան հայրը այս առիթով դրուատեց հայ մօր դերը, բոլոր այն մայրերը, որոնք բծախնդրօրէն ու հաւատարմութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնները: «Հայ եկեղեցին Աստուածամօր Վերափոխման տօնը նոյնացուցած է հայ մօր հետ եւ այս առիթով կը նշէ հայ մօր տօնը», ըսաւ Շահէ եպս. Փանոսեան` վեր առնելով եւ բարձր գնահատելով հայ մօր դերակատարութիւնը հայ ընտանիքին մէջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ խաղողօրհնէքին` նշելով, որ հայ հաւատացեալները խաղողի առաջին հունձքը կը համտեսէին օրհնուելէն ետք միայն: Այնուհետեւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէքը:
Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կազմակերպութեամբ եւ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ այս ձեռնարկը շարունակուեցաւ Քլէյաաթ-Ռումիէի «Լը Ռուայոմ» ճաշարանին մէջ, ուր շրջանի հաւատացեալներ համախմբուեցան «սիրոյ սեղան»-ին շուրջ: Այս առիթով Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան ողջունեց ներկաները, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան խորհուրդը եւ յայտնեց, թէ այս առիթով կը պարգեւատրուի թաղական խորհուրդի նախկին ատենապետ Յարութ Ասատուրեան` իր երկարամեայ գործունէութեան համար: Ապա ան հրաւիրեց ատենապետ Սեմ Սիմոնեանը, որ յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրէ Յարութիւն Ասատուրեանը: Ասատուրեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց այս պարգեւատրումին համար: Ապա Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան խօսքը փոխանցեց առաջնորդ Շահէ սրբազանին, որ իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն:


