Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի` Պայէրն Միւնիխ – Պորուսիա Տորթմունտ ճակատումը, որ աւարտեցաւ երկրորդին յաղթանակով, 2-0 արդիւնքով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի 25 տարեկան միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը, ակումբին պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Ֆութպոլի դաշտին վրայ միշտ կը փորձեմ տալ առաւելագոյնս: Ասիկա ոչ միայն ակումբիս համար կարեւոր է, այլեւ` ինծի համար ալ: Կը փափաքիմ որքան կարելի է միշտ մեծ օգտակարութիւն ունենալ ակումբիս համար»:


