Լոզանի պատժական դատարանը (CIS) երէկ պաշտօնական որոշում մը յայտարարելով ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Լուիս Սուարեսի գծով, ըսաւ, որ նախ եւ առաջ անոր դէմ ՖԻՖԱ-ին կողմէ սահմանուած չորս ամսուան կախակայումը կը մնայ ի զօրու, թէ՛ ազգային խումբին եւ թէ՛ Պարսելոնայի հետ:
Սակայն 27 տարեկան Սուարես կրնայ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներու մասնակցիլ թէ՛, Ուրուկուէյի, թէ՛ ալ Պարսայի հետ: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան Պարսելոնայի հետ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 18 օգոստոսին, մեքսիքական Լէոն խումբին դէմ տեղի ունենալիք բարեկամական հանդիպումին:
Բացի ատկէ, անոր արտօնուեցաւ Պարսայի հետ փորձերու մասնակցիլ եւ մրցումներուն ներկայ գտնուիլ:


