Ուրուկուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Օսքար Թապարեզ դարձեալ պիտի ենթարկուի կռնակի վիրաբուժութեան:
67 տարեկան Թապարեզ, որ նախորդ դեկտեմբերին ենթարկուած էր առաջին վիրաբուժութեան, կը շարունակէ ունենալ կռնակի զօրաւոր ցաւեր:
Ըստ ուրուկուէյեան մամուլին, 20 տարեկանէն վար Ուրուկուէյի խումբին մարզիչը` Ֆապիան Քոյիթօ, ժամանակաւորապէս պիտի ստանձնէ Թապարեզի պաշտօնը, Ճափոնի (5 սեպտեմբեր) եւ Հարաւային Քորէայի (9 սեպտեմբեր) դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն:


