
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Ասիրի հաստատեց Ռիատի մնայուն զօրակցութիւնը Լիբանանին:
Պասիլ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրը, որ շեշտեց, թէ պաղեստինցի գաղթականները ենթակայ են լիբանանեան պետութեան օրէնքներուն: Ան հաստատեց, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն ապահովութիւնը մնայուն կերպով հակակշիռի տակ կ՛առնուի:
Պասիլի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Իրաքի զարգացումները:
Քաչիա շեշտեց, որ Վատիկանը կը քաջալերէ քրիստոնեաներուն Արեւելքի մէջ գոյատեւումը, եթէ ապահով պայմաններ տիրեն: Ան աւելցուց, որ կարելի չէ ստիպել մէկուն մնալու տեղ մը, ուր անապահով է եւ ուր անոր կեանքը վտանգի ենթարկուած է: Նշենք, որ Պասիլ ընդունեց նաեւ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները` նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող պայմանները:


