
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Ապա Մուքպել եւ զօր. Քահուաժի բարձրաստիճան զինուորականներէ մանրամասնօրէն իմացան եւ քննարկեցին Արսալի մէջ գործադրուած զինուորական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայիս Արսալի մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները:
Միւս կողմէ, Մուքպելի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին` բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն անոր տրամադրած նիւթական օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ մնայուն կերպով Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն ցուցաբերուած զօրակցութեան համար:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի հասած այդ նպաստը պիտի օգտագործուի բանակը լաւագոյն զէնքով ու զինամթերքով զինելու, որպէսզի ան պայքարի ամբողջ երկրին եւ բոլոր լիբանանցիներուն սպառնացող ահաբեկչութեան դէմ:
Մուքպել ողջունեց նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը` դրուատելով անոր ազգային դերակատարութիւնը` բանակին զօրակցելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ապահովական կայունութիւնն ու չափաւորականութեան դիմագիծը պահպանելու առումով:


