Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Գողգոթայէ՜ն` Թաբորի՛ն…

August 4, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր կը տօնենք Յիսուսի Պայծառակերպութիւնը, որ մեր Ս. եկեղեցիին հինգ տաղաւարներէն մէկն է, այսինքն` աւագ-մեծագոյն տօներէն մին:

Քրիստոսի այլակերպութեան գեղեցիկ պատմութիւնը, զոր առաջին երեք աւետարանիչները (Մտթ. 17,1-9, Մրկ. 9,2-8, Ղկ. 9,28-36) կը փոխանցեն մեզի, հետեւեալն է:

Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն առջեւ Յիսուս «այլակերպեցաւ, դէմքը լուսաւորուեցաւ արեւի պէս, զգեստները սպիտակացան լոյսի նման»: Այս դիպեցաւ Թաբոր լերան վրայ, ուր նաեւ «երեւեցան անոնց Մովսէս ու Եղիա»:

Մովսէս կը ներկայացնէ «Օրէնքը», իսկ Եղիա` «Մարգարէութիւնը»: Առաջինը եւ երկրորդը, որոնք Սինայի ու Հորէպ լեռներուն վրայ ունեցած էին Աստուծոյ տեսիլքները, վկայեցին Աստուածամարդուն:

Տարիներ ետք Պետրոս` առաքելապետը, ինչպիսի՜ բառերով յիշեց ու յիշեցուց այս հրաշատեսիլ դրուագը. «Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի… մեծվայելչութեան ականատես վկաներն եղանք: Ան Հայր Աստուծմէ ընդունեց փառքն ու պատիւը, երբ մեծվայելչութեան փառքին մէջ լսուեցաւ այս խօսքը. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն Ես հաճեցայ»: Մենք անձամբ լսեցինք այս խօսքը, որ երկինքէն եկաւ, եւ մենք Քրիստոսի հետ էինք սուրբ լերան վրայ» (2 Պետ. 1,16-18):

Ճիշդ է, որ Յիսուս իր պայծառակերպութենէն ճիշդ առաջ աւետեց իր խաչամահը (Մտթ. 16,21), ինչպէս ալ պայմանաւորեց Իրեն ընտանենալու ճամբան. «Եթէ մէկը ուզէ Ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչն ու հետեւի Ինծի» (Մտթ. 16,24):

Բայց նաեւ ճիշդ է, որ Յիսուս նոյնպէս աւետեց իր յարութիւնը (Մտթ. 16,21), որպէսզի անցեալի ու ներկայի աշակերտները գիտնային եւ գիտնան, թէ ամենավերջինը տառապանքը չէ, որ պիտի տիրապետէ, այլ` պայծառակերպութիւնը, փառաւորութիւնը:

Աշակերտները մտաբերելու էին այս ճշմարտութիւնը Գեթսամանիին մէջ: Նաեւ Քրիստոսի հետեւորդութեան համար կ՛արժէ նոյնը, այսինքն խաչը չէ վերջին խօսքը, այլ` յարութիւնը, համբարձումը, փառաւորութիւնն Աստուծոյ տունին մէջ, Յիսուսի եւ Մարիամի հետ:

Քաջութի՛ւն եւ վստահութի՛ւն: Մեր քրիստոնէական կեանքին աւարտը պիտի ըլլայ անվերջ, անմահական ու յաւերժական մեր Դատաւոր-Թագաւորին արքայութեան մէջ:

Երեքին` Յիսուսի, Մովսէսի եւ Եղիայի խօսակցութիւնն ընդհատուեցաւ երկու անգամ: Առաջինն էր Պետրոս, որ հիացած էր հրաշալի եղելութենէն, առաջարկեց մնալ լոյսի ու ցնծութեան վայրին մէջ: «Մեզմէ ո՞վ չ՛ուզեր ապրիլ այսպիսի տեղ մը…»:

Երկրորդն էր Հայր Աստուած, որ «լուսաւոր ամպի մէջէն ձայնեց». «Յիսուս է իմ սիրելի Որդիս, զոր Ես հաճեցայ ընտրել, Անոր մտիկ ըրէ՛ք»:

Դուն, ես եւ ան` մենք ունի՞նք Հայր Աստուծոյ ճաշակը… Կը սիրե՞նք Որդին, որ մեր Փրկիչն է… Ընտրեցի՞նք կամ կ՛ընտրե՞նք Զայն, որ Հաճութիւնն է Աստուածութեան… Մտիկ կ՛ընե՞նք Զայն, որ մեր Վարդապետը եւ Դաստիարակն է…

Ստոյգ է, որ երբ նայինք մեր ապրած առօրեային, կը վախնանք այս հարցումներէն, ինչպէս առաքեալները` «ձայնը լսելով, երեսի վրայ ինկան գետին` սաստիկ վախցած»:

Ամէն օր միշտ պահն է ունկնդրելու մեր խիղճը, որ մեզի կը յիշեցնէ հրահանգը Հայր Աստուծոյ. «Ասիկա իմ Որդիս է, իմ Ընտրեալս է, Զայն մտիկ ըրէ՛ք» (Ղկ. 9,35):

Այս հրահանգին մեր հաւատարիմ գործադրումին մէջ է մեր աստենական եւ անդենական երջանկութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս Յիսուս կ՛ըսէ. «Խօսքս լսողը, կամքս կատարողը պիտի սիրեմ եւ ինքզինքս պիտի յայտնեմ անոր» (Յվհ. 14,21):

Սակայն այս սիրոյն ու յայտնութեան նախադիրն է մեր ըլլալիք այլակերպութիւնը, մեր ընելիք բարեփոխումը, մեր ձեռք ձգելիք լուսաւորութիւնը: Ինչպէ՞ս…

Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը տեղի ունեցաւ Քրիստոսի աղօթքին ատեն: Ներշնչեալ աւետարանիչը կը շեշտէ. «Մինչ կ՛աղօթէր Յիսուս, անոր դէմքը այլակերպեցաւ, հագուստները առին շողափայլ սպիտակութիւն մը» (Ղկ. 9,29):

Շեշտաւորումին կարեւորութեան եզրակացութիւնը յստակ է երեք պատահած իրողութիւններուն մէջ, որոնք գրաւելու են մեր ուշադրութիւնն ու գործադրութիւնը:

Առաջին` արտաքին պայծառակերպութիւնը դրսեւորումն է ներքին պայծառակերպութեան լոկ, որով կ՛օժտուի այն անձը, որ աղօթքի հոգի է եւ Աստուծոյ աղօթական մտերմութեան մէջ ապրող մարդ է:

Դուն, ան եւ ես` մենք աղօթքով կը դառնանք մովսէսներ ու եղիաներ, այսինքն` հարազատ խօսակիցները, որոնց իրաւունք տրուեցաւ զրուցելու Յիսուսի հետ` անոր ամենամտերիմ կենսախնդիրներուն մասին:

Ստուգիւ, մեր սրտաբուխ աղօթքով կը մտերմանանք Տիրոջ հետ: Կ՛ապրինք Աստուծոյ լոյսին մէջ: Կը կենցաղավարինք Իմաստութեան սիրոյն մէջ: Կը մտածենք Քրիստոսի մտքով: Կը խօսինք Յիսուսի Սրտով:

Աղօթքն է, որ քեզ, զինք եւ զիս կը բարեփոխէ: Աղօթքն է, որ քեզ, զինք եւ զիս կը սրբացնէ: Աղօթքն է, որ քեզ, զինք եւ զիս կը պայծառակերպէ, եւ այն` ի նպաստ մեր անձին ու շրջապատին:

Աղօթքս ու մաղթանքս է, որ դուն, ան եւ ես` մենք արժանի ըլլանք այս շնորհավիճակին ու կարենանք գոչել.«Վարդապե՜տ, լաւ է, որ մենք մնանք Քեզի հետ» (Ղկ. 9,33):

Երկրորդ` դէմքին այլակերպութիւնը` արտաքինը անպայման կը նախադրէ հոգիին այլակերպութիւնը` ներքինը, որ իր ունեցածն անպատճառ կ՛արտացոլայ ներաշխարհէն արտաշխարհին:

Երրորդ` հագուստներուն սպիտակութիւնը մնայուն ցուցանիշն է մեր զբաղումներուն առաքինացումին եւ առօրեային գործերով մեր սրբակերտումին:

Վերջին իրողութիւնն ալ կը մատնանշեմ այս երկտողով: «Յիսուս մօտեցաւ, դպաւ եւ ըսաւ» սարսափէն գետին ինկած աշակերտներուն. «Ոտքի՛ ելէք, մի՛ վախնաք: Երեքը «վեր նայեցան եւ տեսան միայն Յիսուսը առանձին»:

Նախ` թոյլատրե՛նք, որ Յիսուս մօտենայ, դպչի ու խօսի մեզի: Ապա, երկրորդ, միշտ ոտքի կը մնանք եւ երբեք չենք վախնար: Երրորդ` «միայն Յիսուսն» է, «առանձի՛ն», պարունակը մեր հաւատքին, մեր յոյսին, մեր սիրոյն, մեր խաչին ու մեր փառքին:

Այնճար, 27 յուլիս 2014

 

 

Նախորդը

Աչքէ Հեռու Ըլլալով` Սրտէ Ալ Հեռու Չ՛ըլլար (Յուշեր` Նոր Սիսի Լուսինեան Վարժարանէն)

Յաջորդը

Հակառակորդը Լուրջ Կորուստներ Է Կրել Պատերազմ Հայաստան-Ազրպէյճան Սահմաններում

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.