Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Տեսակցութիւնները . Կաթողիկոսը Մօտէն Կը Հետեւի Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Սուրիոյ Ծովափի Հայութեան Տուած Հովուական Այցելութեան

August 2, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

07-29_Arch.Shahan1Երեքշաբթի, 29 յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի վանքի վեհարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, որ մանրամասնօրէն զեկուցեց Սուրիոյ ծովափի հայութեան տուած իր հովուական այցելութեան մասին:

Արդարեւ, Սուրիոյ տագնապին իբրեւ հետեւանք` սուրիահայեր ո՛չ միայն Սուրիայէն մեկնեցան ապահով վայրեր, ուր ժամանակաւոր կայք հաստատեցին, այլեւ ապաստան գտան երկրին մէջ, յատկապէս` Սուրիոյ ծովափնեայ քաղաքները, ուր տակաւին կը շարունակեն իրենց կեանքը: Վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, թեմակալ առաջնորդը, քահանայ հայրերու եւ ազգայիններու ընկերակցութեամբ, նախապէս մշակուած ծրագիրի համաձայն, այցելեց Թարթուս, Պանիաս եւ Սաֆիթա, ուր փոքրաթիւ տեղացի հայերուն եկան միանալու իրենց բնակարաններն ու գործատեղիները պարտադրաբար լքած «նոր գաղթականներ»` յառաջացնելով նկատառելի թիւով համայնքներ: Երեք օրերու վրայ տարածուած գօտեպնդող ու յուսադրող մթնոլորտի մէջ վերոյիշեալ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան եկեղեցական արարողութիւններ, ժողովրդային հանդիպումներ, վիճակագրական իրավիճակի պատրաստութիւն եւ կարիքներու յստակացում, ինչպէս նաեւ` օժանդակութիւններու բաշխում:

Թեմակալ առաջնորդին եւ Ազգային առաջնորդարանի ներկայացուցիչներուն յաջորդ հանգրուանը եղաւ Լաթաքիան, ուր տեղի ունեցան առաւելաբար խորհրդակցական եւ կազմակերպչական հանդիպումներ` տեղւոյն եկեղեցւոյ թաղականութեան, դպրոցի հոգաբարձութեան ու Լաթաքիոյ Շտապ օգնութեան մարմինին հետ:

07-29_Arch.Shahan2Այս առաքելութեան վերջին տարածքը եղաւ ազատագրուած Քեսապը: Աւերիչ պատերազմը չխնայեց եկեղեցի, դպրոց եւ բնակարան` սրբապղծելով ու քանդելով զանոնք: Արդարեւ, ուրբաթ, 25 յուլիս 2014-ին, երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, վերաօծուեցաւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին: Այս առթիւ առաջնորդ սրբազանը հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց վեհափառին օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը` սուրիահայութեան վերականգնումի բոլոր ճիգերուն: Յաջորդող օրերուն տեղի ունեցան կազմակերպչական յատուկ աշխատանքներ եւ հանդիպումներ` թաղականութեանց, խնամակալութեան ու Քեսապի Շտապ օգնութեան մարմինին հետ: Կիրակի, 27 յուլիս 2014-ին, Այլակերպութեան տօնին առթիւ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ վերաօծուած եկեղեցւոյ մէջ` մասնակցութեամբ իրենց պապենական տուները վերադարձած հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Պատարագի ընթացքին, հոգեպարար քարոզէ մը ետք, ջրօրհնէքի ու աղօրհնէքի արարողութիւններ կատարուեցան: Ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ` ի յիշատակ Սուրիոյ եւ հայութեան բոլոր նահատակներուն:  Աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, խաղաղութեան եւ պտղաբերութեան խնդրանքով, անդաստանի արարողութեամբ օրհնուեցան Սուրիոյ մեր ժողովուրդի զաւակները:

07-29_Arch.ShahanՎեհափառ հայրապետը գոհունակութեամբ իր գնահատանքը յայտնեց տարուած միասնական աշխատանքներուն համար եւ թելադրեց անկոտրում կամքով շարունակել զօրավիգ կանգնիլ սուրիահայ մեր ժողովուրդին:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հրաւիրուի Հարաւային Քորէա Խաղաղութեան Ու Արդարութեան Նուիրուած Միջազգային Համագումարին

Յաջորդը

Ինչի՞ Մէջ Կը Կայանայ Հալէպահայ Գաղութին Արժէքը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.