Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀԵՀՈՄ-ի Նորընտիր Վարչութիւնը

August 2, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

07-30_hehomՉորեքշաբթի, 30 յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վեհարանի դահլիճին մէջ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) նորընտիր վարչութիւնը ներկայացաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին` անոր օրհնութիւնն ու ցուցմունքները ստանալու համար: Շաբաթ, 26 յուլիս 2014-ի երեկոյեան տեղի ունեցած էր ՀԵՀՈՄ-ի անդամական ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին զեկոյց տրուած էր միութեան գործունէութեան մասին եւ լայն քննարկումներ կատարուած` յառաջիկայ ծրագիրներու եւ աշխատանքներու գծով: Ապա ժողովի աւարտին ընտրուած էր նոր վարչութիւնը: Կաթողիկոսին ու նորընտիր վարչութեան հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Նշան աբղ. Լախոյեան: Հայր սուրբը եւ նորընտիր վարչութիւնը վեհափառին պարզեցին յառաջիկայ երկու տարիներու իրենց գործունէութեան եւ ծրագիրներուն գլխաւոր երեսները:

Արամ Ա. իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ՀԵՀՈՄ-ին, յատկապէս շեշտելով, թէ հակառակ իրենց ուսումնական աշխատանքին, ժամանակ կը տրամադրեն ՀԵՀՈՄ-ի գործունէութեան: Ան յիշեցուց եւ ըսաւ. «ՀԵՀՈՄ-ի նպատակը համալսարանականները համախմբել է մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն ու ձգտումներուն շուրջ: Համաշխարհայնացած ներկայ դարուն, երբ բազմազան ու այլազան երեւոյթներ ու մտածելակերպեր մեր ժողովուրդի զաւակները կը հեռացնեն մեր ինքնութիւնը առողջ պահող արժէքներէն, մենք հրամայական կարիքը ունինք ՀԵՀՈՄ-ի նման երիտասարդական կազմակերպութիւններու»: Կաթողիկոսը վերահաստատեց, որ ինք միշտ պատրաստ է զօրակից դառնալու երիտասարդութեան առնչուած այն բոլոր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն, որոնց նպատակը հայ երիտասարդը մեր հաւաքական կեանքին եւ մեր արժէքներուն կապուած պահելն է:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեցուց, թէ կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին. անհրաժեշտ է համազգային ու միջազգային մակարդակով արժեւորել այս կարեւոր դէպքը, եւ այս ծիրէն ներս երիտասարդութիւնը պէտք է վճռական դեր խաղայ:

ՀԵՀՈՄ-ի նորընտիր վարչութեան անդամներն են` Ռազմիկ Միքայէլեան, Լեւոն Նաճարեան, Նազելի Գանտահարեան-Մանուկեան, Նարէ Սաղտըճեան եւ Կրէյս Օհանեան:

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 2013 – 2014 Կրթական Տարեշրջանի Հունձքը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հրաւիրուի Հարաւային Քորէա Խաղաղութեան Ու Արդարութեան Նուիրուած Միջազգային Համագումարին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.