Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդական Ոսպնեակ. Անգլուխ Երկրի Մը «Կալանաւոր» Բանակը (Բանակի Օրուան Առիթով)

August 1, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

lebanese_army_tribute_2_by_asendos-d59nkguԳէթ լիբանանեան հասկացողութեամբ շատ սովորական եւ ընթացիկ երեւոյթ մըն է ունենալ երկիր մը, որ կ՛ապրի  նախագահական թափուր աթոռով, կը շնչէ պետական վարչակարգի մը նեխած առօրեայով, ինքզինք կը գօտեպնդէ սահմանադրական թէ իրաւական օրէնքներու տեսական առկայութեամբ, կ՛ապաւինի համայնքայնութեամբ շղարշուած եւ  փտածութեամբ յագեցած վարչատարածքային մեքանիզմներուն, ունի ղեկավար դաս մը, որուն ճնշիչ մեծամասնութիւնը տասնամեակներէ ի վեր  երանգաւորեալ ձեւով ինքզինք կը վերարտադրէ, յուսադրող խօսքերու թէ  ճոռոմաբանութեան ախոյեան է, այլապէս ան ջատագով կը հանդիսանայ հանապազօրեայ «պատուաբեր» կողոպուտի, թալանի եւ պառակտիչ մօտեցումներու:

Եթէ երբեք գոյութիւն ունեցող բիրտ իրականութեան մը ընդգծումը կը կատարենք, պարզապէս բացայայտելու քաղաքական ընտրանիի մը ստապատիր դիմագիծ(եր)ը, որ տիւ եւ գիշեր կը ճառէ հայրենասիրութենէ եւ հայրենիք կերտելու երազանքէ, կը քարոզէ ժողովրդավարութենէ, ազատական գաղափարներէ, մարդկայնական վերաբերումներէ, ժողովրդասէրի հաւատամքէ, սակայն միւս կողմէ` կաշառակերութեան եւ ստրկամտութեան որոմ կը սերմանէ պահելու համար շահամոլի եւ հատուածապաշտի իր վարքագիծը:

Ահաւասիկ ստեղծուած պատկերաւոր կացութեան մը ամբողջական ուրուագիծը, որուն իբրեւ հետեւանք կը տուայտի ժողովուրդ մը ամբողջ, կը տառապի վասն ոչնչութիւններու, կը մասնատուին ժողովրդագրական, ընկերային, մշակութային եւ յարանուանական միջավայրեր` պատճառ  դառնալով համատարած անորոշութիւններու, խուճապի, յուսալքութեան, բայց մանաւանդ` բարոյահոգեբանական անճիտող վիճակներու:

Նաեւ` մետալի միւս երեսին գոյութիւն ունի իրականութիւն մը, որ կը պսպղայ վերոնշեալ երկրի երկնակամարին վրայ, եւ որուն մարմնացումն է ազգային շունչով եւ ոգիով պարուրուած բանակը` այն կառոյցին, որով կը պարծենք հաւաքաբար եւ պարտաւոր ենք անոր թիկունք կանգնիլ ընդմիշտ եւ ամէն քայլափոխի:

1 օգոստոս:

Լիբանանեան բանակին նուիրուած օր:

Այո՛, յիշատակելի օր, որուն հնչեղութիւնը թէեւ վերջին տարիներուն տակաւ կը նսեմանայ, անոր խորհուրդին պայծառութիւնը կ՛աղօտի, իբրեւ նուիրական ժառանգ եւ անփոխարինելի կռուան ազդու ըլլալէ կը դադրի, այդուհանդերձ անիկա կը մնայ այն եզակի տօնն ու հաւատամքի փարոսը, որուն շուրջ կը համախմբուի ժողովուրդ մը ամբողջ, կը ներշնչուին սերունդներ` մեծ ու փոքրով, կ՛իմաստաւորուին ազգային իտէալներ եւ հեռակայ առաջադրանքներ, այլապէս անով կը փարատին մտահոգութիւններ թէ անմիջական հարցադրումներ:

Տարօրինակ, օրինազերծ, խարխուլ կառուցուածք ունեցող երկրի մը համար բանակը այն հոգեհարազատ  արտայայտութիւնն է, որ,  հակառակ դիմագրաւած բազմաբնոյթ եւ բազմամակարդակ դժուարութիւններուն, կը շարունակէ պինդ մնալ, ամրօրէն իր ներկայութիւնը հաստատել, վարակիչ նուիրուածութիւն սերմանել, ազգային միասնականութեան ջահակիր դառնալ, քաղաքական սին ու տկլոր կեցուածքներէ հեռանալ, յարանուանական ժխոր ձայներէ ձերբազատ` ժողովրդանուէրի մօտեցում ցուցաբերել, ընծայուած սուղ կարելիութիւններու առաւելագոյն օգտագործումով` հակաահաբեկչական պայքար մղել, եւ յանուն բարօր ու անվտանգ կեանքի մը`  նահատակներու փաղանգներ ծնանիլ:

Հաւանաբար երկրագունդի վրայ չկայ երկիր մը, որ կ՛ապրի նման երկուութիւն եւ հակասական վիճակներ: Մէկ կողմէ քաղաքական փտած համակարգ եւ ընկերային սուր տագնապ, եւ միւս կողմէ` հայրենապաշտի յատկութեամբ օժտեալ պաշտպանական կառոյց, որ միակ երաշխիքն է կայունութեան եւ անվտանգութեան, եւ որուն ուսերուն բեռցուած է այնքան մը շալակ եւ յանձնառութիւն, որ դժուար թէ ընդունի մարդկային որեւէ տրամաբանութիւն:

army_pic_1-(1)Ազգային բանակ, որուն եթէ երբեք զինուորական եւ գաղափարախօսական հայեցակարգը թշնամի Իսրայէլի դէմ պատերազմիլն է, լրտեսական ցանցերու վնասազերծումն ու ծայրայեղ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարիլը, ինչ որ կը բիւրեղացնէ անոր սրբազան առաքելութիւնը, ապա երկար ատենէ ի վեր այս կառոյցը կը տառապի քաղաքական ամբողջական ու անպարագծելի իրաւասութիւն ունենալու հասկացողութենէ, իր սաղմին մէջ զգետնելու դիւահար ամէն նկրտում եւ հարուածելու համար երկրի թշնամիները, ինչ գոյնի եւ հատուածի ալ պատկանած ըլլան անոնք:

Այս առումով եւ քաղաքական պէս¬պէս հաշուարկներու պատճառով լիբանանեան բանակը կը մնայ «կալանաւոր», սուտ ու պիղծ, անբարոյ եւ օտարի յանձնառութեան լծուած քաղաքական շրջանակներու կողմէ, որոնց քմայքին զոհը դառնալով` անգնահատելի գին կը վճարէ հայրենիքի փրկութեան միտող իր առաքելութեան ընթացքին:

Ճիշդ է, որ լիբանանեան դիմադրութիւնը իր կարգին հզօր թիկունք է ազգային բանակին, այդուամենայնիւ, բանակի հզօրացումը, զինումն ու առաւել մարտունակութիւնը կը մնայ հրամայական պահանջ` իբրեւ ապաւէն սահմանադրութեան, ժողովուրդի եւ երկիրի պաշտպանութեան:

Պէտք է խոստովանիլ, որ վերջին շրջանին բանակի, ներքին ապահովութեան ուժերու, հետախուզական թէ անվտանգութեան տարբեր ստորաբաժանումներու միջեւ յոյժ գնահատելի գործակցութիւնն ու ներդաշնակ աշխատելակերպը, երկիրը փրկեցին թաւալգլոր անկումէ, քաղաքական թէ զինուորական վերիվայրումներէ, ինչ որ յուսադրիչ վիճակ ստեղծեց ժողովրդային մակարդակի վրայ, եւ առիթ եղաւ բանակի եւ ապահովական մարմիններու վարկին ու հեղինակութեան վերահաստատման եւ ամրապնդման:

Գաղտնիք չէ, որ, եթէ երբեք լիբանանեան քաղաքական համակարգի տարբեր խմբաւորումներ շարունակեն իրենց երկդիմի մօտեցումն ու շահադիտական վերաբերումը բանակին նկատմամբ, ապա դժուար չէ կռահել գալիք հանգրուանի շեշտակի ահաւորութիւնը, նկատի առած Լիբանանի շրջակայ երկիրներու մէջ առկայ զինուորական բարբարոս կացութիւններն ու ծայրայեղ իսլամութեան տարածումը, անոր գործած ոճիրներն ու հրէշային սպանդները, խաղաղ ժողովուրդներու եւ փոքր հաւաքականութիւններու  հաշուոյն:

Լիբանանահայութիւնը միշտ հաւատացողն է եղած, թէ հայրենիքներ կը գոյատեւեն բացառաբար իրենց հայրենապաշտի բանակներու առաւել ներկայութեամբ եւ հզօրացումով:

Իր կարգին, լիբանանցի քաղաքացին պարտաւո՛ր է լուրջի առնել ստեղծուած իրավիճակը եւ պատուաբեր գիտակցութեամբ տիրութիւն ընել իր ազգային բանակին: Հակառակի ամէն ընթացք` պարզապէս հանգստապատառ զոհ դառնալ է մարդակեր վոհմակներու:

 

 

Նախորդը

Անհամարժէք Արձագանգ

Յաջորդը

Տունկա Իր Մարզիկներուն Կ՛արգիլէ Լալ Դաշտին Վրայ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.