Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՀՄԸՄ-ական 10-րդ Բանակումի Մամլոյ Ասուլիս

July 31, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

30-07_HAMA_HMEM_press-releaseՀամաՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումի նախօրեակին, երէկ` չորեքշաբթի, 30 յուլիս 2014-ին, Երեւանի «Ուրբաթ» լրատուական ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, բանակումին առնչուող տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով:

Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Կարպիս Գապասագալեան եւ Բագրատ Եսայեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Օշին Փիրումեան եւ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Վաչէ Նաճարեան:

Կարպիս Գապասագալեան նախ եւ առաջ ներկայացուց ՀամաՀՄԸՄ-ական բանակումներու նպատակը` յատկապէս շեշտելով 1994-էն սկսեալ զանոնք Հայաստանի մէջ կազմակերպելու իւրայատկութիւնն ու ունեցած պատգամը: Ան նշեց, թէ ասիկա 6-րդ ընդհանուր բանակումն է, որ ՀՄԸՄ կը ծրագրէ եւ կ՛իրագործէ մայր հայրենիքի մէջ` անոր ճամբով հայեցի դաստիարակութիւնը ամրապնդելու համար աշխարհի չորս ծագերէն համախմբուած մասնակիցներուն մօտ:

Բագրատ Եսայեան դիտել տուաւ, որ այս տարուան բանակումը յոբելենական բանակում է, որովհետեւ 10-րդն է իր տեսակին մէջ, իսկ դեկտեմբերին կ՛ամբողջանայ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի մէջ վերընձիւղման 25-ամեակը: Ան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ մաս կը կազմէ Համաշխարհային սկաուտութեան` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ճամբով` նշելով, որ առաջին անգամ ըլլալով Եւրասիոյ քանի մը երկիրներէ մասնակիցներ հիւրաբար պիտի միանան սոյն բանակումին` իւրայատուկ փորձառութիւն ապրելու համար:

Օշին Փիրումեան յայտնեց, որ ՀամաՀՄԸՄ-ական բանակումները մեծ թիւով մասնակիցներ կը ներգրաւեն սփիւռքէն ու Հայաստանէն: Ան նշեց, որ նախորդ բանակումներուն, բանակավայրի սահմանափակ տարածութեան պատճառով սահմանափակուած է նաեւ մասնակիցներու թիւը: Ան բացատրեց, որ նախորդ ՀամաՀՄԸՄ-ական բանակումին այս ուղղութեամբ դիմուած է կառավարութեան, որ յատուկ դասաւորումով ընդարձակած է բանակավայրի սահմանները, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի օժանդակութեամբ տրամադրուած տարածքը պատշաճեցուած է արդիական բանակավայրի բոլոր յարմարութիւններուն: Օ. Փիրումեան նշեց, որ յառաջիկայ բանակումներուն արդէն իսկ կարելի է ընդունիլ 1000 մասնակիցներ:

Վաչէ Նաճարեան ներկայացուց բանակումի նախապատրաստական աշխատանքներն ու յայտագիրը: Ան նշեց, որ 31 յուլիս 2014-ին բանակավայրին մէջ պիտի բարձրանան դրօշները, ապա Կեդրոնական վարչութիւնը, Խմբապետական կազմն ու շրջաններու պատասխանատուները պիտի մեկնին Եռաբլուր` յարգանքի տուրք մատուցելու արցախեան պատերազմի նահատակներուն յիշատակին: Ապա բոլոր մասնակիցները պիտի համախմբուին Ազատութեան հրապարակը եւ տողանցքով ուղղուին Հանրապետութեան հրապարակ, ուր տեղի պիտի ունենայ բանակումի հանդիսաւոր բացումը: Վ. Նաճարեան տեղեկացուց, որ մասնակիցները պիտի ուղղուին Ծիծեռնակաբերդ` յարգանքի տուրք մատուցելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ան նաեւ նշեց, որ բանակումին ընթացքին պիտի գործադրուին սկաուտական զանազան աշխատանքներ, որոնց զուգահեռ բանակողները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ յիշուած զանազան տեսարժան վայրերուն: Բանակողները պիտի այցելեն նաեւ Վանաձորի զօրանոց` մօտէն ծանօթանալու հայկական բանակին: Իսկ 9 օգոստոս 2014-ին Բիւրականի բանակավայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ փակման հանդիսութիւնը: Վաչէ Նաճարեան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով 750-է աւելի մասնակիցներուն հայրենի հողին ու ջուրին հետ շաղախուելու իւրայատուկ փորձառութեան կարեւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի 20-րդ Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցները Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Կարեւոր Կը Նկատէ Սփիւռքի Կազմակերպութիւններու Երիտասարդական Խումբերուն Արցախ Այցելութիւնները

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.