Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մնայուն Ներշնչարանը

July 26, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Lisbon_Sarkis-5Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 31-ամեակն է այս տարի: 27 յուլիս 1983-ին Հայկական յեղափոխական բանակի հինգ անձնազոհներ գրաւեցին Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը եւ իրենց հետ պայթեցուցին զայն, երբ չկատարուեցան իրենց պահանջները: Անոնք ընտրեցին անմահութիւնը` իմացեալ մահուան ճամբով: Իրենց մահով անոնք կեանք տուին ազգին ու գաղափարին:

Լիզպոնի հերոսական գործողութիւնը պսակադրումը եղաւ 1975-էն ետք շղթայազերծուած Հայ դատի պայքարի ուժական փուլին: Ամբողջ սփիւռքի մէջ, հինգ նահատակ հերոսներուն անձնազոհութեան, գաղափարապաշտութեան եւ հայրենասիրութեան օրինակը գործեց աննախընթաց ազդեցութիւն, յատկապէս` իր արմատներուն վերադարձող եւ հայ ժողովուրդի արդար Դատին համար յանձնառութիւն ստանձնած երիտասարդ սերունդին համար:

Լիզպոնի հինգը բոցավառեցին ազգային-ազատագրական պայքարի հուրը եւ դարձան յաւերժական արժէք ու ներշնչման աղբիւր` իրերայաջորդ սերունդներու: Դժուար չէ անոնց սխրանքին եւ 1988-ի թէ 1991-ի խոյանքներուն միջեւ ոգեղէն կապը տեսնելը: Լիզպոնը դարձաւ նշանակալից հանգրուան` հայրենի հողի եւ իրաւունքի համար մղուած հետագայ պայքարներուն:

Այսօր, իրենց նահատակութենէն 31-ամեակ մը ետք, ազատութեան զոհասեղանին իրենք զիրենք նուիրաբերած Արան, Վաչէն, Սեդրակը, Սիմոնն ու Սագոն տակաւին մեզի հետ են ու մի՛շտ պիտի մնան մեզի հետ, այնքան ատեն որ կը  շարունակենք ապրիլ անոնց արարքով: Անոնք կը մեռնին միայն այն ժամանակ, երբ մեր մէջ կը մեռնի անոնց արեամբ շնչաւորուած ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանի երազը:

Լիզպոնի օրերուն երազ էր անկախ հայրենիք ունենալը: Այսօր երազ է ունենալ բարգաւաճ հայրենիք, որ հիմնուած ըլլայ իսկական ժողովրդավարութեան, զարգացած տնտեսութեան եւ ընկերային արդարութեան վրայ: Երազ է ունենալ Արցախն ու Նախիջեւանը Հայաստանի սահմաններէն ներս, Ջաւախքը` իր տագնապները յաղթահարած, Արեւմտահայաստանը` իր զաւակները գրկած, սփիւռքը` Հայաստան վերադարձած:

Այս բոլորը երազ են այսօր, սակայն` իրականանալի երազներ: Եւ ճիշդ ա՛յս կը պատգամեն Լիզպոնի հերոսները իրենց նահատակութենէն 31-ամեակ մը ետք: Հարկ է խոնարհիլ իրենց յիշատակին դիմաց եւ շարունակել իրենց ուրուագծած ճամբան` ի խնդիր հայութեան պատմական իրաւունքներուն ամբողջական վերականգնումին եւ հայ ազգի գերագոյն իտէալներու կենսագործումին:

 

 

Նախորդը

Վրէժ-Արմէնի «Իմ Ուղեպատումը»

Յաջորդը

Մեր Պայքարին Շրջագիծը Ընդարձակելու Համար

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։