Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր
մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Հայրենի այլ կրանտմասթըր մը` Կարէն Մովսիսցեան, ապահովեց 6 կէտ:


