Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցական Հաղորդակցութեան Միջոցներու Համագումար

July 24, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hamakoumar_gatoghige-(1)Հայ եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու համագումարը տեղի ունեցաւ 15-17 յուլիս 2014,   Երեւան, Քանաքեռ, մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականներու, մտաւորականներու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու:

Համագումարը նախաձեռնուեցաւ Վատիկանի Բ. ժողովի հաղորդամիջոցներու մասին Inter Mirifica վճիռի յիսնամեակին առիթով, Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան հաղորդամիջոցներու յանձնախումբին կողմէ` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ:

Նպատակն էր նպաստել հայ եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու միջեւ լայն եւ հեռանկարային համագործակցութեան զարգացման` ի սպաս համաքրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու քարոզչութեան ու ամրապնդման հայ հասարակութեան մէջ: Համագումարի ձեռնարկման նպատակներէն էր նաեւ ուղիներ գտնել եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու աշխատանքը լաւագոյնս ծառայեցնելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու լուսաբանումին:

Համագումարի ընթացքին քննարկուեցան հարցեր, որոնք կ՛առնչուին Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու հովանիին տակ գործող հաղորդակցութեան միջոցներու աշխատանքին, անոնց համագործակցութեան եւ նոր ծրագիրներու մշակման ու գործադրութեան: Համագումարի ելոյթները եւ քննարկումները իրենց եզրակացութիւններով լաւ հիմք դրին հայ եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու եւ պետական մարմիններու միջեւ մնայուն համագործակցութեան ու միացեալ աշխատանքի նոր մթնոլորտ մը ձեւաւորելու համար, մթնոլորտ, որ յատկապէս անհրաժեշտ է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի եկեղեցական եւ պետական ձեռնարկներու նախաշեմին: Համագումարի նախաձեռնողները եւ մասնակիցները քաջ կը գիտակցին, որ այդ համագործակցութիւնը կ՛ենթադրէ բազմաթիւ կարեւոր հանգրուաններ, միացեալ ձեռնարկներ ու եռանդուն համագործակցութիւն: Համագումարի մասնակիցները յանգեցան այն եզրակացութեան, որ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար հարկաւոր է առանցքային պայման մը, որ եկեղեցական հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներն անխտիր մասնակցին նման հանդիպումներու եւ քննարկումներու` միացեալ եւ միասնական ջանքեր ձեռնարկելու տեսլականով: Քանի որ այս համագումարը տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի եւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքի օրհնութեամբ, համագումարի կազմակերպիչները կը փափաքին, որ ի գլուխ ունենալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու պետերու օրհնութիւնը եւ գործակցութիւնը` նաե՛ւ համագումարի նպատակներու իրականացման գործին մէջ:

«Հայ եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ գործող բոլոր հաղորդամիջոցներու միջեւ հաստատուի այնպիսի սերտ համագործակցութիւն մը, որ զիրենք դարձնէ եկեղեցւոյ եւ ազգի բոլոր բաղկացուցիչներու միասնականութիւնը խթանող ու զօրացնող շաղախը»:

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆ

Քանաքեռ, 17 յուլիս 2014

Նախորդը

Հայ Կաթողիկէ Հաղորդակցութեան Միջոցների 2-րդ Համագումարի Մասնակիցները Այցելեցին Նախարար Յակոբեանին

Յաջորդը

Դիտանկիւն. Համաարաբական Ըմբոստութիւնը` Յանուն Արաբական Հասարակութեան Արդիականացման

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.