ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Էջմիածինի Արա եւ Այծեմնիկ մարզական ակումբին մէջ ազդանշանը տրուեցաւ Եւրոպայի նետաձգութեան ախոյեանութեան:
Բացման պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Ռուբէն Յակոբեան, զօր. Սամուէլ Գրիգորեան եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:
Հերթաբար, ներկայացնելով մասնակից 39 երկիրները, տրուեցաւ Եւրոպայի նետաձգութեան ախոյեանութեան սկիզբի ազդանշանը:
Ներկաներուն իրենց ողջոյնի խօսքը փոխանցեցին եւ մասնակցողներուն յաջողութիւն մաղթեցին Հայաստանի նետաձգութեան ֆետերասիոնի նախագահ Նազիկ Ամիրեան եւ Եւրոպայի նետաձգութեան ֆետերասիոնի նախագահ Մարիօ Սքարցելլա:


