Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ 3 սեպտեմբերին ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Լաթվիոյ միջեւ:
Մրցումին կայացման վայրը, թուականը եւ տոմսակներուն գծով յաւելեալ տեղեկութիւնները պիտի յայտարարուին աւելի ուշ:
Այս մրցումը Հայաստանի համար պիտի ըլլայ վերջին փորձ մրցումը, նախքան 7 սեպտեմբերին կատարուելիք Դանիա – Հայաստան մրցումը, որ կ՛իյնայ Եուրօ 2016-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Նշենք, որ երկու կազմերը նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած են միայն մէկ անգամ, այդ ալ 11 փետրուար 2009-ին Կիպրոսի մէջ եւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած իրարու հետ:
Իր լուրը եզրափակելով հայկական աղբիւրը կ՛ըսէ, որ քանի մը շաբաթ առաջ ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքին վրայ նշուած էր, որ 3 սեպտեմբերին Հայաստան պիտի մրցի Իրաքի դէմ:


