Armsport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ երէկ ընդունած է Նետաձգութեան միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Ուկուր Էնտեները: Նշենք, որ վերջինս Հայաստան կը գտնուի մասնակցելու համար Եւրոպայի նետաձգութեան քոնկրեսին աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուելու համար Հայաստանի մէջ սկսելիք Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Նախարար Ղազարեան ողջունելով իր հիւրերը իր գոհունակութիւնը յայտնեց այն մեծ աշխատանքին համար, որ Նետաձգութեան միջազգային ֆետերասիոնը կ՛իրականացնէ այս մարզաձեւի ազգային ֆետերասիոնին հետ: Ատոր կենդանի ապացոյցներն են Հայաստանի մէջ երկու անգամ կազմակերպուած Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքերը, երիտասարդներու ախոյեանութիւնը, իսկ այժմ` մեծերու ախոյեանութիւնը:
«Եւ իբրեւ այս հոլովոյթի տրամաբանական շարունակութիւն, ես կը կարծեմ, որ ժամանակն է, որ մեր երկրին մէջ կազմակերպուի եւ տեղի ունենայ աշխարհի ախոյեանութիւնը», ընդգծեց նախարար Ղազարեան:


