Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Ալվարօ Նեկրետօ, որ նախորդ շաբաթավերջին Հարթցի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, քանի մը ամիս պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
28 տարեկան սպանացի Նեկրետօ, որ իր մասնակցութիւնը չբերաւ 2014-ի Մոնտիալին, նախորդ տարեշրջանին Սիթիի հետ 33 մրցումի ընթացքին նշանակեց 23 կոլ:


