
Նըժմէի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ երէկ նշուեցաւ, որ կինէացի Մոհամետ Քամալ Ֆաուազ (23 տարեկան) միացաւ ակումբին, այսպիսով հանդիսանալով առաջին մարզիկը, որ կը միանայ ախոյեան խումբին` պատրաստուելու համար Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանին:
Այլ գետնի վրայ, այսօր յետմիջօրէին ժամը 17:00-ին, Նըժմէ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Լիբանանի ողիմպիական խումբին դէմ, Մանարայի մէջ գտնուող Ռաֆիք Հարիրիի անուան դաշտին վրայ:
Նշենք, որ Նըժմէի հետ այժմ փորձեր կը կատարէ նաեւ հայրենի ֆութպոլիստ Միքայէլ Սիմոնեան:


