ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր լուրերը հաղորդեցէք ձեզի մօտիկ անձերու: Անոնք կը հետաքրքրուին ձեզմով, ուրեմն դուք ալ անոնց լուրերը կրնաք լսել: Յարգեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը լաւ չէ ձեր գործունէութեան համար: Դուռը գոցեցէք եւ գացէք արձակուրդի: Հանգստանալ ալ պէտք է: Ուրախացէք, զուարճացէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Առանձնանալը սխալ է, դուք պէտք ունիք օգնութեան եւ մտերմութեանը ձեր հարազատներուն, բարեկամներուն: Մարդամօտ եղէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ֆիզիքականը երբ բնական չէ, երեւեցէք բժիշկի մը, որպէսզի լաւ միջոցներ թելադրէ: Անտարբեր, անհոգ մի՛ ըլլաք ձեր առողջութեան նկատմամբ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընկերութեան պարագային, ձեր կապը որոշիչ պիտի ըլլայ: Օրը դրական է` վայելելու ընկերային անկեղծութեան բարիքները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ժամանակը շատ յարմար է կարգ մը «կոյսերու» համար` երթալու արձակուրդի, ուր պիտի հանդիպիք գեղեցիկ, հաճելի անակնկալներու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր երազած կեանքը գաղտնիք մը չէ: Կրնաք երազել, որովհետեւ կեանքը երազ է ինքնին: Այսպիսով կրնաք բարելաւել ձեր առօրեան եւ ուրախ մնալ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ապագային համար այնքան ապահով կը զգաք եւ վստահութիւն ունիք, որ պատճառ կը դառնայ յառաջանալու երթին: Աշխատեցէք աւելի շատ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ խօսիք ձեր շուրջինները գրգռելու, բարկացնելու համար: Ձեր խօսքը եւ ձեր լեզուն չափաւորեցէք, որպէսզի ձեզմէ չհեռանան նոյնիսկ ձեր սիրելիները:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արեւին տակ մի՛ մնաք, եթէ թեթեւ ջերմութիւն ունիք, շատ ջուր խմեցէք, շուքին մնացէք, թեթեւ հագուեցէք: Կը հանգստանաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մարզանքը պարտադիր չի կրնար ըլլալ, այլ` յօժարակամ, որպէսզի օգտուիք: Ձեր ֆիզիքական առողջութիւնը այս կը պահանջէ: Իմաստութեամբ շարժեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանեկան պարտաւորութիւններ ունիք, կատարեցէք զանոնք` առանց ձգձգելու: Օրը օրին կատարեցէք ձեզի վստահուած աշխատանքները` ընտանիքը ուրախ պահելու համար:
