Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարիին, Գեղեցիկին, Դրականին Ու Խաղաղութեան Ձգտումով. «Արուեստը Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային Լեզու Եւ Արուեստագէտը Պէտք Է Մտածէ Ու Դէպքերը Ընկալէ Միջազգային Դիտանկիւնէ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Թալին Քէշիշեան

July 21, 2014
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

20140618_111113Արուեստի արդի շրջանակներուն մէջ արդէն իսկ ծանօթ դէմք է երիտասարդ գեղանկարիչ Թալին Քէշիշեան: Փոքր տարիքէն հետաքրքրուած  է գծագրութեամբ ու առհասարակ գեղանկարչութեան մարզով: Արուեստի նկատմամբ անոր ինքնաբուխ հետաքրքրութիւնն ու խանդավառութիւնը զինք մղած են դպրոցական կանուխ տարիքէն իսկ մասնակցելու գծագրութեան ցուցահանդէսներու: Ու ան յաջողած է իր ընտրանքին մէջ: Այս գծով հանգուցեալ արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեան դպրոցական ցուցահանդէսի մը ընթացքին դեռատի Թալինին մատիտի  մէկ գիծով, մատիտը առանց տեղէն հանելու գծած մեծ մօրը պատկերին հիանալով` «այս աղջիկը արուեստագէտ պիտի ըլլայ» վկայող գնահատականը խոր ազդեցութիւն ունեցած է ապագայ գեղանկարիչին կազմաւորումին վրայ: Ամէնուրեք դրականն ու բարին, գեղեցիկն ու խաղաղութիւնը ջատագովող բազմատաղանդ այս արուեստագէտը օժտուած է նաեւ երաժշտական ունակութեամբ, զոր ան նուիրագործած է` աւարտելով Լիբանանի պետական երաժշտանոցի Օփերայի բաժանմունքը: Աւստրիոյ մէջ գեղանկարչական իր մասնագիտութեան ընթացքին հարկադրուած է մայրենիի, արաբերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, իտալերէնի կողքին հմտանալ նաեւ գերմաներէնի մէջ ու առ այդ հետեւած է գերմաներէն լեզուի խտացեալ դասընթացքի, զոր աւարտած է գերազանց արդիւնքով:

2007-ին Վիեննայի գեղարուեստից հիմնարկէն ստացած է իր մագիստրոսի վկայականը` դարձեալ գերազանց  արդիւնքով: Նախքան այդ, 2003-ին  Թալին Քէշիշեան  եղած է  Աւստրիոյ «Լենզինկ Էյ.Ճի.» (LENZING AG)  մրցանքի առաջնութեան դափնեկիրը: Որպէս դասախօս յաճախ կը հրաւիրուի լիբանանեան ԱԼՊԱ համալսարանի աշխատանքային վարժանիստերուն: Անձնական ցուցահանդէսներ կազմակերպած է  Լիբանանի մէջ թէ այլուր եւ մասնակցած հաւաքական ցուցահանդէսներու` Լիբանանի, Ֆրանսայի, Աւստրիոյ, Վիեննայի եւ Վենետիկի ինչպէս` «Սամուէլ Մուրատեան» վարժարանի «Ճիովաննի Փիթթորի Արմենի» եւ իր շէնքի ցուցասրահը Պելճիքայի մէջ` արուեստագէտ Ժան Պօղոսեանի կազմակերպած «Արթ իզ տի անսըր» (Art Is The Answer) թեմաներով  ցուցահանդէսներուն:

Վերջերս ան անձնական ցուցահանդէս մը կազմակերպեց  լիբանանեան «Սարայա Ֆան» ցուցասրահին մէջ: Այս առթիւ «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Վերջերս անձնական ցուցահանդէս մը կազմակերպեցիք «Սարայա Ֆան»-ի մէջ, որո՞ւ հովանաւորութեամբ էր, ի՞նչ առիթով էր:

cedar-day-TKԹԱԼԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.-  Մասնաւոր առիթ մը չկար, պարզապէս Պիքֆայայի «Սարայա Ֆան» ցուցասրահին տէրը` Սամիր Տաղէր, ամրան ընթացքին իր շէնքի ցուցասրահը անվճար կը տրամադրէ գիրքի ներկայացման կամ ցուցահանդէս կազմակերպելու համար` շրջանի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ: Նախօրօք հրաւէր կ՛ուղղէ ծանօթ արուեստագէտներու եւ ըստ այնմ կը կազմէ ցուցասրահի ձեռնարկներու ժամանակացոյցը: Այս աշխատանքը ան առաւելաբար վստահած է արուեստագէտ Շարլ Պէշիրի, որ նոյնպէս կը գծէ եւ պատասխանատուն է նման ձեռնարկներու:  Ինք էր, որ առաջարկեց ինծի, որ առանձին ցուցահանդէս մը կազմակերպեմ մանաւանդ որ ես ալ Պիքֆայա ծնած եմ ու հոն կ՛ապրիմ: Երկու շաբթուան տեւողութեամբ ցուցադրեցի ցարդ գծած գործերուս լաւագոյնները` ինսունմէկ պատկերներ` աքրիլիք, կրավիւր, աքուարէլ, վինիլ եւ սքէչներ: Բաւական գնահատուեցաւ ու սրահը միշտ լեցուն էր հայ թէ ոչ հայ լիբանանցի եւ օտար արուեստագէտ-արուեստասէրներու այցելութեամբ: Այս առթիւ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ս. Տաղէրին եւ արուեստագէտ Շարլ Պէշիրին:

«Ա.».-  Ձեր նորագոյն գործերուն մէջ առաւելաբար գերակշռող են կապոյտ ու սպիտակ գոյները: Ինչո՞ւ գոյներու այս ընտրանքը, ի՞նչ կ՛ուզէք փոխանցել: Նաեւ` ձեր կարգ մը պատկերներուն մէջ կը բացակայի անոնց շուքը, դիտումնաւո՞ր է այս ոճը:

hidingflowersԹ. Ք.-  Ես գծած եմ բոլոր ոճերով  ու գոյներով, այլապէս վկայական չենք կրնար ստանալ: Բայց սպիտակ գոյնը անմեղութեան, անբծութեան խորհրդանիշ է: Իսկ կապոյտը` խաղաղութիւն փոխանցող, անդորրութեան խորհրդանիշ է: Մենք Լիբանանի մէջ պէտք ունինք խաղաղութեան` ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս: Ճիշդ է կարգ մը պատկերներուս մէջ, յատկապէս վերջին ցուցադրութեանս ընթացքին «Սարայա Ֆան»-ի մէջ, կը հանդիպինք պատկերներու,  ուր մարդիկ ճամպրուկ շալկած են, բայց շուք չունին: Այս ոճով կ՛ուզեմ փոխանցել կեանքի այն փիլիսոփայութիւնը, թէ մարդիկ հոգ, բեռ չունին, իրե՛նք են, որ կը ստեղծեն, «կը մեծցնեն» կամ «կը թեթեւցնեն» իրենց բեռը: Նաեւ` արուեստագէտը պէտք է մտածէ միջազգային դիտանկիւնէ, չկեդրոնանայ միայն տեղական հարցերու վրայ: Արուեստը պէտք է ըլլայ հաղորդակցութեան  միջազգային լեզու,  ուր արտացոլան մարդկային արժէքներ, եւ որ հասկնալի ըլլայ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն: Արուեստիս ընդմէջէն իմ ներկայացուցած նիւթս կամ հարցս հասկնալի պէտք է ըլլայ  բոլորին: Այսինքն` ճափոնցին, չինացին, անգլիացին երբ դիտեն գործերս, պէտք է ըմբռնեն փոխանցած պատգամս` ընդհանուր գիծերու մէջ, առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու:

«Ա.».-  Ձեր արուեստի թղթապանակը բաւական ճոխ ու հարուստ է Լիբանանի նոյնքան եւ` Եւրոպայի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներու մասնակցութեամբ: Ինչպէ՞ս կը մասնակցիք նման ձեռնարկներու, նախապայմաններ կա՞ն:

Taline-Kechichian2-Saryalfan-2014Թ. Ք.-  Եւրոպայի մէջ մասնագիտական ուսմանս ընթացքին արուեստի պատկան պատասխանատուներ, համալսարաններու տնօրէններ ծանօթացան արուեստի գործերուս եւ զանազան առիթներով  հրաւիրեցին ու տակաւին կը հրաւիրեն մասնակցելու` որոշ թեմայով: Օրինակ, Եւրոպայի ու յատկապէս` Աւստրիոյ մէջ համալսարաններու տնօրէններ ժողովներ կը գումարեն ու կ՛որոշեն որոշ նիւթեր, թեմաներ եւ ներկայացուած գործերուն մէջէն կ՛ընտրեն լաւագոյնները, ըստ տուեալ թեմայի:  Ընտրուելու պարագային հրաւիրող կողմը կը հոգայ ճամբորդութեան, գործերու  թէ այլ բոլոր ծախսերը, նաեւ կը գնէ յատուկ պատկեր մը: Ասոր կողքին կայ նաեւ հսկայական քարոզչութիւնը եւ օտար շրջանակներու մօտ ճանչցուելու կարելիութիւնը: Օրինակ կը յիշեմ` ինծի առաջարկեցին գծել ու ներկայացնել քանի մը սքէչներ մշակութային միջազգային մշակոյթներու խաչմերուկ (թրանսքալչըրըլ) թեմայով, գծեցի եւ յաջողեցայ:

«Ա.».-  Դուք նաեւ օժտուած էք երաժշտական յատկութեամբ եւ վկայուած էք Լիբանանի պետական երաժշտանոցէն: Կ՛ուզէ՞ք խօսիլ ձեր այդ փորձառութեան մասին: Ինչո՞ւ կեդրոնացաք գեղանկարչութեան վրայ:

Թ. Ք.-  Մայրս դաշնակի դասեր կու տար, ինչ որ ազդած էր  վրաս, ու դպրոցական տարիքէս արդէն հետաքրքրուած եմ նաեւ երաժշտութեամբ` յաճախելով Լիբանանի պետական երաժշտանոց, ուր աշակերտեցի արուեստագէտ Ժանէթ Իլանճեանին: Եւրոպայի, Վիեննայի մէջ առաւելաբար «քորալ» կ՛երգէի: Վկայուելէս ետք անհատական երգահանդէսներ ալ տուի, սակայն որոշ փորձառութենէ ետք յանգեցայ այն համոզումին, թէ երաժշտական ասպարէզի ընտրութիւնս կրնայ աւելի յաջողիլ Եւրոպայի մէջ, ուր հանրութիւնը աւելի կը գնահատէ` մանաւանդ դասական երաժշտութեան ձիրքեր: Օրինակ, Վիեննայի մէջ շատ յաճախ կ՛այցելէինք օփերաներ, ուր հանրութիւնը խիստ կը գնահատէ նման ելոյթներ ու արժէքներ:  Միւս կողմէ ալ` կը սիրեմ ու կը նախընտրեմ Լիբանան ապրիլ մանաւանդ որ միաժամանակ սրտիս կը խօսի նաեւ գեղանկարչութեան մարզը եւ մանկութենէս ինքնաբուխ մղում մը ունէի այս ուղղութեամբ, որուն մէջ նախընտրեցի մասնագիտանալ ու ստեղծագործել:

«Ա.».- Ըստ ձեզի,  ներկայի չափանիշներով ինչպէ՞ս կը բնութագրէք արուեստագէտը:

WithoutlustTALINEԹ. Ք.-  Ինչպէս նշեցի` արուեստագէտի մը գործերը պէտք չէ սահմանափակուին տեղական մակերեսային կամ անցողակի հարցերով: Անոնք պէտք է ըլլան միջազգային բնոյթով, ուր կը ցոլան համամարդկային արժէքներ, հասկնալի բոլորին: Այլ խօսքով `արուեստը միջազգային հաղորդակցութեան հասարակաց լեզու պէտք է ըլլայ` խաղաղութեան ու գործակցութեան ոգի փոխանցելու առաջադրանքով: Նաեւ` համալսարանին մէջ մեզի կը թելադրուէր գծել, ստեղծագործել ու ցուցադրել, մի՛շտ ցուցադրել, «կ՛ուզէք ճամբու եզրին ցուցադրեցէք, բայց ցուցադրեցէ՛ք» կ՛ըսէին մեզի:

«Ա.».-  Ձեր այս վերջին  ցուցահանդէսէն ետք յառաջիկայի ի՞նչ  ծրագիրներ ունիք:

Թ. Ք.-  Յառաջիկայ աշնան հրաւիրուած եմ ցուցահանդէսի մը մասնակցելու հարաւային Աւստրիոյ մէջ, ուր ամէն տարի կը կազմակերպուի «Աշնանային ցուցահանդէս» մը, յատկացուած` նշանաւոր արուեստագէտներու ընտրեալ գործերուն: Իսկ Լիբանանի մէջ ներկայիս գործերս կը ցուցադրեմ  «Ռոշան» ցուցասրահին մէջ, Սէյֆի վիլէյճ: Նաեւ որոշած եմ լծուիլ յառաջիկայ տարուան գործերուս պատրաստութեան:

«Ա.».- Իսկ յառաջիկայ տարին` 2015-ը ծանօթ է, որ կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Այս գծով որեւէ ծրագիր  ունի՞ք: Որեւէ առիթով մասնակցա՞ծ էք հայրենիքի մէջ կազմակերպուող սփիւռքահայ արուեստի ցուցահանդէսներուն կամ առնչակից որեւէ  հանդիպումի Երեւանի մէջ: 

Թ. Ք.- Հայրենիք այցելած եմ եւ Հայաստանի քաղաքացիութեան անցագիր ալ  ստացած եմ, բայց արուեստի կապակցութեամբ ձեռնարկներու ցարդ չեմ մասնակցած, թէեւ երազս է այդպիսի առիթներով  Հայաստան գտնուիլ: Իսկ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին գծով  առաջարկներ եղան, այո՛, բայց տակաւին վերջնական, յստակ բան չկայ: Իմ կարգիս կը փափաքիմ մասնակցիլ եւ ընդառաջել այս առիթով արուեստի առնչուող որեւէ  ձեռնարկի, ի վերջոյ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդի թոռնիկներն ենք:

«Ա.».-  Ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր վերջին խօսքը, յատկապէս «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն:

Թ. Ք.-  Պիտի ըսեմ, որ միշտ դէպի լաւը նայինք, հարցերուն, երեւոյթներուն դրական կողմերը տեսնենք: Արդէն երբ թերթերուն եւ լուրերուն հետեւինք` հոն վատը կ՛իշխէ: Աշխարհը բաւական ծանրաբեռնուած է վատ ու չար արարքներով, շատ զօրաւոր ինքնաքանդումի վրայ է, ատիկա չընենք մենք ալ: Գոնէ մենք մեզի դէպի լաւը, դէպի բարին ու դրականը, կառուցողականը ուղղենք: Կա՛յ վատը, կա՛յ չարը, բայց մենք չկրկնենք վատը: Մէկ խօսքով, քրիստոնէական խօսքով` իմ գործերս դիտողը թող լաւը, բարին, գեղեցիկն ու դրականը տեսնէ, թող սիրէ եւ Աստուծմէ վախնայ: Դրական մտածելով, լաւին հետեւելով միշտ կը յառաջանանք: Մենք, որ Լիբանանի մէջ տարիներով պատերազմ տեսած ենք ու մանաւանդ որպէս հայ` ջարդ տեսած սերունդի զաւակներ ենք, անցեալին մեզմէ գողցուած կեանքը, լաւ տարիները, լաւ բաները, մեր գործերու լաւ, գեղեցիկ ոճով արտայայտենք: Ես չեմ ուզեր եղած չարը, նեղութիւնն ու վախը կրկին ապրիլ: Վատին, չարին գերակշռութիւնը նոյն ոճով  չդիմակալենք: Անոնք չեմ ուզեր իմ գործերովս արտայայտել, այլ` հարցերը մի՛ւս ձեւով լուծել, դրական մօտեցումով, միշտ դէպի լաւը, բարին, մաքուրը, դրականը նայելով: Անցեալի այդ նեղութիւնը, վախը կրկին չապրինք: Անցեալը արդէն քանդեց, յիշատակ է այլեւս ու յիշատակները յիշատակ կը մնան, անոնց գերին  չդառնանք:

 

 

Նախորդը

Վրէժ-Արմէնի «Իմ Ուղեպատումը»

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մեր Հետեւողութեամբ Մեր Աստուածային Դաստիարակին…

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.