Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուային Ժամանակներու Մէջ. Ինչո՞ւ Ժամանակն Է Արհեստագիտութեան Մէջ «Յեղափոխութիւն» Բառէն Հրաժարելու

July 21, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985techbԵԹԷ ԿԱՅ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ, ՈՐ Կ՛ԱՌՆՉՈՒԻ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԵՒ ՊԷՏՔ Է ԹՕԹԱՓԵԼ ԶԱՅՆ, ԱՅՆ Է, ԹԷ ԱԿԱՆԱՏԵՍ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆՔ ԿԱՄ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՆՔ «ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄԸ», ԿԸ ԳՐԷ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԵՒ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ԱՅՍ ԵԶՐԷՆ ԱՆԴԻՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ:

Որեւէ նոր եւ գլխաւոր յայտնագործում, թեքնիք կամ յայտնաբերում անմիջապէս մտածել կու տայ յեղափոխութեան մասին: Արհեստագիտական նորութիւններ մատակարարողներու նախասիրած բառն է այս:

Յեղափոխութեան գաղափարը կ՛օգտագործուի ոչ միայն յատուկ տեսակի արհեստագիտութիւն մը ծանուցողներու կողմէ, այլ նաեւ` կլիմայի փոփոխութեան առնչութեամբ քաղաքականութիւն մշակող անձերու, ինչպէս` Նիքըլըս Սթըռն, որ կոչ ուղղած է բնածուխի ցած համեմատութիւններով նոր տեսակի ճարտարարուեստական յեղափոխութեան մը: Օգտագործուած արհեստագիտութիւնները, եւ ամէնէն կարեւորը` զանոնք ներառող որոշումներ կայացնելու գործընթացները մեծ մասամբ երկրորդական կը թուին ըլլալ: Գաղափարը այն է, թէ յեղափոխութեան մէջ է փրկութիւնը:

Սակայն արդեօք յեղափոխութիւն բառը ճի՞շդ եզրն է նկարագրելու, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ՛ունենայ արհեստագիտական փոփոխութիւնը, կամ թէ` ինչպէ՛ս կրնայ բարելաւել մեր կեանքը: Եթէ պատասխանը ո՛չ է, ապա փոխարէնը ինչպէ՞ս պէտք է խօսինք այս գործընթացին մասին:

Դժուար չէ հասկնալ, թէ անոնք, որոնք կ՛ուզեն արտադրութիւն մը կամ գաղափար մը վաճառել կամ ծախել, կը գործածեն «յեղափոխութեան» եզրը: Անիկա կ՛ոգեւորէ եւ յառաջդիմական երանգ մը կ՛արտացոլէ: Սակայն դժուար է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ լրագրողներ, քաղաքականութիւն մշակողներ եւ ուրիշներ կ՛որդեգրեն նման ոճ: Անոնք, որոնք անհամբեր են արհեստագիտական նոր միջոց մը շուկայ իջեցնելու կրնան յայտարարել` «ապագան ա՛յս է»: Սակայն արդեօք իրաւունք չունի՞նք  պարզապէս իբրեւ յաւելեալ միջոց ընտրելու կամ մերժելու արհեստագիտական նորութիւն մը: Մեր ապագան այնքան ալ սահմանափակ չէ, ինչպէս յեղափոխութեան հռետորութիւնը կը յայտարարէ: Հարցադրումի առիթներ ստեղծելը եւ այլընտրանքներ մերժելը կրնայ նպաստել բոլորիս:

Փոփոխութեան Յոյսը

Յեղափոխութեան գաղափարը կը չափազանցէ փոփոխութիւն յառաջացնելու արհեստագիտութեան ուժը` առանց այլ դերակատարներու եւ գործօններու: Օրինակ` երեք տարաչափութեամբ (3 Տի.) տպագրութիւնը կրնայ պարզապէս յեղաշրջում մը ըլլալ սպառողական շուկային մէջ, եթէ այսպէս սահմանենք: Տեղեկութիւններու հսկայական շտեմարաններ արդէն յատկանշական ներգործութիւն սկսած են ունենալ շատերու կեանքին մէջ եւ հաւանական է, որ շարունակեն ունենալ, սակայն վիճարկելի է, թէ ճիշդ ի՛նչ տարողութեամբ: Արհեստագիտական կամ գիտական յեղափոխութիւններ նաեւ ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային յեղափոխութիւններ են: Տարբեր գործօններ իրենց ներգործութիւնը կ՛ունենան արհեստագիտութեան միջոցով մեր կեանքը ձեւաւորելու վրայ, ինչպէս` ընկերային տիրող իրավիճակներ եւ ղեկավար կառոյցներ: Վտանգաւոր է անտեսել նման ենթահողեր:

Նաեւ կ՛արժէ յիշել, թէ Ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը այնքան ալ փառաւոր չէր բոլորին դիտանկիւնէն: Մարդիկ տառապեցան, մարդիկ պայքարեցան անոր դէմ, եւ այս բոլորը` նախքան երկար ժամանակի վրայ այս յեղափոխութեան չնախատեսուած անդրադարձներու յայտնութիւնը, ինչպէս` բնածուխի արտանետումներ:

Լիւտիթի ապստամբութեան (1811- 1817) 200-ամեակը պիտի տօնենք քանի մը տարիէն: Անիկա ամէնէն աւելի ծանօթ է մարդուժը փոխարինող մեքենաները կոտրտելու արարքներով: Սակայն թերեւս զարմանալի չէ, որ Լիւտիթ բառը այսօր հոմանիշ դարձած է անձի մը, որ կ՛ընդդիմանայ արհեստագիտական յառաջդիմութեան կամ հաւանաբար կը վախնայ անկէ: Սակայն Լիւտիթի ապստամբութիւնը աւելի արհեստագիտութեան վրայ հակակշիռ ունենալու մրցակցութեան հարց էր, քան` ինքնին արհեստագիտութեան դէմ ըլլալու: Յաճախ մէջբերուած է Լիւտիթի ղեկավար Ճորճ Մելըրի հետեւեալ խօսքը. «Մի՛ քանդէք մեքենաները, սակայն, սպաննեցէ՛ք անոնց տէրերը»: Յաճախ նաեւ կը մոռցուի այս շարժումը ճզմելու ճիգը: Լիւտիթի 200-ամեակի ծրագիրին համաձայն, Մելըրի, ինչպէս նաեւ` շարժումին այլ անդամներուն մարմինները բժշկագիտական ուսումնասիրութիւններու տրամադրուած են իբրեւ պատիժ, որպէսզի անոնք նահատակութեան չարժանանան:

Ապագայի Ուղին

Ճարտարարուեստական յեղափոխութիւններու մասին հազուադէպօրէն պատմուած դէպքեր յիշելու կողքին, նաեւ պէտք է նշել կարգ մը փոփոխութիւններ, որոնց չէ շնորհուած «յեղափոխութեան» մակարդակ, թէեւ հաւանաբար արժանի եղած են նման բնորոշումի: Թերեւս անջրպետանաւերն ու շոգիով աշխատող շարժակները պատուոյ դիրք կը վայելեն գիտութեան եւ ճարտարարուեստի թանգարաններու մէջ, սակայն նոյնքան հզօր յայտնագործումներ, ինչպէս` լուացքի մեքենաներ եւ հեծիկներ, մոռցուած կը մնան նկուղներու մէջ: Արհեստագիտական բոլոր յեղաշրջումները նոյն ձեւով չեն արժեւորուած:

Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ արհեստագիտութեան մասին: Ձեւերէն մէկը եղափոխութեան կամ միջավայրի եւ անոր մէջ ապրող բաներու միջեւ կապին փնտռտուքն է, մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով մարդոց, գործիքներու եւ միջավայրի փոխգործօն կապին վրայ: Սակայն նաեւ կ՛արժէ նշել այս բոլորին նպատակը կամ քաղաքականութիւնը: Սասեքսի համալսարանէն բնական աղբիւրներու յարատեւութիւնը երաշխաւորող բարգաւաճումի մասնագէտներ կը վիճին, թէ արհեստագիտական փոփոխութեան մասին մեր խօսքերը յաճախ կ՛արտացոլեն ուժի եւ հարստութեան տէր անձերու նպատակներն ու հայեցակէտերը: Անոնք կը մտածեն, թէ ուժի տէր անձերու «լայն պողոտաներու» վրայ արշաւող գաղափարները կը ճզմեն «արահետներու վրայ» ընթացող այլոց գաղափարները, եւ իրօք, կը գործածեն փոխաբերական այս պատկերները: Աւելի պարզ ձեւով կարելի է ըսել, թէ դրամով կարելի է բարձրացնել մեծ աղմուկ, որ կրնայ լռութեան մատնել ապագայի պիտանի, արդար, յանդուգն եւ նորարար այլ տեսլականներ: Ի վերջոյ «յեղափոխութիւն» կը նշանակէ հայեցակէտի մը տիրապետութիւնը` այլ հայեցակէտերու վրայ:

Նաեւ հարկ է նշել, թէ անցեալի յեղափոխութիւնները նախօրօք չեն ծրագրուած կամ անուանուած: Տնտեսութեան անգլիացի պատմաբան Առնոլտ Թոյնպի, որ «Ճարտարարուեստական յեղափոխութիւն» եզրը ժողովրդականացուցած է, ծնած է 1840-ին Ճարտարարուեստական առաջին յեղափոխութեան աւարտէն 12 տարի ետք: Այսուհանդերձ, նման շարժումներ ծաւալած են եւ հաւանաբար կրնային աւելի ծաւալիլ` հասկնալու համար ստեղծուած հարցերը եւ հաւանական այլընտրանքներն ու մօտեցումները: Եւ որովհետեւ արհեստագիտութիւնները ուժը ունին կերպարանափոխելու մեր աշխարհը, յառաջդիմութեան ուղին գծելու մէջ դեր պէտք է ունենանք բոլորս: Կարիքը ունինք լրագրողներու, քաղաքականութիւն մշակողներու եւ հրապարակաւ արհեստագիտութեան մասին խօսող անձերու, այսինքն` ոչ միայն արհեստագիտական նորութիւններ վաճառելու նպատակով հանրութեան խօսող անձերու, որպէսզի մեզի օգնեն` ի յայտ բերելու համար մեր կեանքին վրայ արհեստագիտութեան ներգործութեան մէջ դեր ունեցող ընտրանքները եւ ո՛չ թէ սահմանափակեն մեզ «յեղափոխութեան» մը  ակնարկող սովորական խօսքերով:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Յուլիս 1964)

Յաջորդը

Թուային Ժամանակներու Մէջ. Թուային Ժամանակներու Կենցաղավարութիւնը Վերատեսութեան Կ՛ենթարկուի

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.