Իր երկրին` Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Մաթիաս Կինթըր իր ակումբը` Ֆրայպուրկը լքելով միացաւ Պորուսիա Տորթմունտի, կը յայտնէ վերջինիս պաշտօնական կայքը` աւելցնելով, որ ան մինչեւ 2019-ի ամառ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ:
Թէեւ անոր փոխանցման գումարին մասին ճշգրիտ ոչինչ յայտարարուեցաւ, սակայն կը կարծուի, որ 20 տարեկան միջնապահին համար Տորթմունտ վճարեց 10 միլիոն եւրօ:
Տորթմունտի հետ ան պիտի կրէ թիւ 28 շապիկը:


