Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Դիտաւորեալ Ոճիր Մը

July 19, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

18-07vahoՀինգշաբթի գիշեր 298 կեանքեր կորսուեցան, երբ մալեզիական «Պոյինկ 777» տիպի օդանաւ մը հակաօդային հրթիռի մը թիրախը դառնալով ջախջախուեցաւ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ: Հաղորդուեցաւ, որ նշեալ օդանաւը վար առած հրթիռին բուն թիրախը կրնայ ըլլալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Պրազիլէն Մոսկուա փոխադրող օդանաւը, որ աղէտեալ օդանաւին շատ մօտ կը թռչէր եւ անոր շատ նման էր: Ուքրանական բանակն ու ռուսամէտ զինեալները զիրար ամբաստանեցին:

Կատարուածը արկած մը կարելի չէ նկատել: Անիկա դիտաւորեալ ոճիր մըն էր: Հարցը այն է, սակայն, որ կատարուածը Փութինի դէմ իսկակա՞ն մահափորձ մըն էր, թէ՞ կեղծ: Եւ ո՞վ է անոր հեղինակը եւ ի՞նչ էր անոր նպատակը:

Եթէ հիմնուինք ուքրանական բանակին թեզին վրայ, ապա կարելի է եզրակացնել, որ ռուսական կողմը կազմակերպած էր 298 զոհ պատճառած մահափորձի թատրոնը, որպէսզի Ուքրանիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու պատրուակ մը` քասիւս պելլի մը ունենայ: Սակայն ռուսական կողմը ատիկա կատարելու համար արդէն ունի բաւարար պատրուակներ, որոնցմէ վերջինը ուքրանական կողմէն ռուսական տարածքներու գնդակոծումն էր` զարգացում մը, որ Մոսկուան մղած էր սերտելու այդ կրակոցներուն «ճշգրիտ պատասխան հարուածներ» հասցնելու կարելիութիւնը:

Արեւելեան Ուքրանիոյ ռուսամէտներուն ու Ռուսիոյ քաղաքացիներուն դէմ զինուորական գործողութիւնն ու Ռուսիոյ տարածքներու գնդակոծման դէպքերը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծեն, որ գոյութիւն ունի Ռուսիան գրգռելով զայն Ուքրանիոյ մէջ արկածախնդրութեան մը մղելու ծրագիր մը, որուն յառաջադէմ մէկ քայլը կարելի է նկատել մալեզիական օդանաւին «զոհաբերումը»:  Կը թուի, թէ Քրեմլինի ղեկավարութիւնը ատիկա շատ լաւ կը հասկնայ. այդ մէկը կարելի է տեսնել ճամբորդատար օդանաւի աղէտին վերաբերեալ Փութինի զուսպ յայտարարութիւններուն մէջ:

Ռուսիան խուսափեցաւ թակարդէն, սակայն անկասկած այս փիլաւը տակաւին շատ ջուր պիտի շալկէ: Ուքրանական տագնապին լոյսին տակ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ հետաքննութիւն կատարելու, այդտեղ «հետաքննիչներ» ուղարկելու հարցը բազմաթիւ հարցեր ու բանավէճեր ստեղծելու առիթ կ՛ընծայէ: Ուստի պէտք չէ զարմանալ, եթէ յառաջիկայ օրերուն հնչեն բողոքներ, որ ռուսամէտ զինեալները արգելք կ՛ըլլան դէպքի աղէտի առարկայական հետաքննութեան եւ անոր հաւաստիութիւնը կ՛ականահարեն, իսկ հակառակորդ կողմն ալ առարկէ, որ հետաքննութեան պատրուակին տակ այլ նպատակներու իրագործման փորձ կը կատարուի:

Այս բոլորէն անդին գոյութիւն ունի այն անհերքելի իրողութիւնը, որ անգամ մը եւս մալեզիական օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւ մը առեղծուածային պայմաններու մէջ աղէտեալ դարձաւ` իր ճամբորդներուն սրտաբեկ հարազատները ձգելով մխիթարութեան կարօտ:

 

Նախորդը

Այսօր Պիտի Սկսի Համազգայինի 20-րդ Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում)

Յաջորդը

Զարիֆ Վեցեակի Հետ Բանակցութեանց Երկարաձգումը Հիմնաւորուած Կը Նկատէ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.