Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈԼԵՃԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ 50 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԻ

July 12, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

8 յուլիս, 2011-ի երեկոյեան «Լա փոսթա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի տարեկան ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին կատարուած նուիրատուութիւններէն հանգանակուեցաւ 50 հազար ամերիկեան տոլար, իսկ «Ժպիտ» յանձնախումբը այս առիթով վարժարանին նուիրեց 10 համակարգիչ:

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան. շեշտելով հայկական վարժարանին կարեւորութիւնը` ան հաստատեց, որ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ այդ սրբազան կառոյցի կանգուն պահպանման համար կարիք կայ նաեւ հաւաքական զոհողութիւններու ու անկեղծ ընտանիքի մը, որ դպրոցին նեցուկ ու զօրակից պիտի ըլլայ: «Ամէն անգամ որ միասին ըլլանք, անգամ մը եւս մեր մէջ կ՛ամրապնդուի այն ուժը, որ կը ներկայացնէ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մեծ ընտանիքը: Ընտանիք մը, որուն արեան կապը կը սկսի 1902-ին` Ս. Նշանով ու կը շարունակուի Սուրէն Խանամիրեան քոլեճով` իր աշակերտներուն, շրջանաւարտներուն, ուսուցիչներուն, տնօրէններուն, խնամակալներու, հեռու եւ մօտիկ բարեկամներուն, բարեգործական միութիւններու ժրաջան անդամներուն արեան երակներուն մէջ շրջան ընող արեան կանչով ու վարժարանին կապուածութեամբ` ըսելու համար, թէ հաւաքական նման ուժ մը անպայման կրնայ պահել ու պիտի պահէ այս հին, բայց միշտ վերանորոգուող վճռակամութեան տէր վարժարանը»:

Նելլի Վէքիլեան
Աշոտ Քոչարեան

Վարժարանի տնօրէնը յոյս յայտնեց, որ ձեռնարկը վերածուի բարեբեր ծառի մը, որուն պտուղը` իբրեւ ներկաներուն զօրակցութեան արտայայտութիւն, կը դրուի ի սպաս հայ աշակերտներու հայեցի դաստիարակութեան եւ հայկական վարժարանի յաւելեալ ամրապնդման, գոյատեւման ու զարգացման:

Նելլի Վէքիլեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս կամ այն ձեւով նեցուկ կը կանգնին Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի գոյատեւման ու յարատեւման:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ շեշտեց կարեւորութիւնը յատկապէս սփիւռքի մէջ հայկական վարժարաններու գոյութեան ու դերակատարութեան` լեզուի ու ինքնութեան պահպանման, հայեցի դաստիարակութեան, հայկական ոգիով մատղաշ սերունդներու կազմաւորման իմաստով: Ան անդրադարձաւ Սուրէն Խանամիրեան «մեծ ազգասէր, նուիրեալ, բազմափորձ, արհեստավարժ անձնաւորութեան, որուն ջանքերուն եւ անսպառ եռանդին շնորհիւ քոլեճը կառուցուեցաւ, գոյատեւեց եւ կը շարունակէ իր ազգանուէր գործունէութիւնը»: Ան յոյս յայտնեց, որ քոլեճի շրջանաւարտները դառնան ականաւոր քաղաքական գործիչներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, գիտնականներ, խմբագիրներ, արուեստի ու մշակոյթի գործիչներ, որոնք կը լծուին հայութեան ծառայութեան:

Գեղամ արք. Խաչերեան

Աւարտին իր խօսքը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ վեր առաւ հայկական դպրոցներու պահպանման զօրակցելու կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ այդ իմաստով տարուած որեւէ  աշխատանք կամ առնուած որեւէ քայլ սրբազան ու ճակատագրական է, որովհետեւ անոնք կը միտին պահպանելու կառոյց մը, ուր սերունդներու կերտումը եւ հայկական դաստիարակութեան ջամբումը կ՛ապահովուի:

Սրբազանը յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճին տարած բազմամեայ գործունէութիւնը եւ ունեցած մեծ դերակատարութիւնը` մեր ազգային կեանքին մէջ գործողներ եւ առհասարակ հայութեան անունը բարձր  պահողներ արտադրած ըլլալու իմաստով:

Իր խօսքի աւարտին Գեղամ արք. Խաչերեան կոչ ուղղեց` մնայուն կերպով համախմբուելու հայկական բոլոր վարժարաններու գոյատեւումը երաշխաւորող աշխատանքներուն շուրջ` միշտ հաստատ ըլլալով, որ հայկական վարժարանին համար կատարուած որեւէ ներդրում իր արժանի տեղն ու արժէքը պիտի ունենայ:

Նախորդը

ՇՈՓԵՆԻՆ ՍԻՐՏԸ

Յաջորդը

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԲԸՄ-Ի Պ. Գ. ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.