Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պօղոս Սնապեանի Քառասունքին Առիթով. Մեծ Արժէքին Նուիրուած Յաւելուած

July 19, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

https://www.aztagdaily.com/pdf/kragan/kragan.pdf

Պիտի Շարունակենք Հաւատարիմ Մնալ
«Շան Քարոզներ…»-ուդ

(Հեռակայ Զրոյց)

«Մարդիկ կ՛արժեն իրենց գործին չափ իրենց նպատակներով»:

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

Գիտեմ, սիրելի՛ ուսուցիչ, ողջուցդ պիտի չընդունէիր երբե՛ք քու պաշտելի ուսուցիչիդ սա անպաճոյճ եւ սակայն մեհենագիր խօսքը, այս անգամ ուղղուած քեզի, փառաւորելու անունդ, գնահատելու վաստակդ եւ լոյսին բերելու այնքան փայփայած երազ-նպատակներուդ փունջը, որով մինչեւ վերջ մնացիր խանդավառ եւ յոյսով առլցուն:

Պիտի չուզէիր, որովհետեւ գէթ առաջին հայեացքով եւ անմիջապէս պիտի ընդգծէիր, որ անիկա ըսուած է հանճարեղ գրագէտի մը կողմէ հայ գրականութեան երախտաւոր մէկ այլ զաւակի մը` Գեղամ Բարսեղեանի ունեցած անգնահատելի ներդրումին համար` «Մեհեան» գրական հանդէսին մէջ:

Սիրելի՛ Պարոն, ճիշդ է, որ զգացականութեամբ պարուրուած խօսքերն ու մտածումները վերապահած էիր սոսկ բանաստեղծի ներաշխարհ ունեցողներու եւ ջատագովն էիր գրականագիտական ամրակուռ ու ուժեղ ուսմունքի, պերճախօս եւ անյեղլի վկայակոչումներու, այդուհանդերձ, պէտք է գիտնաս, որ ազնուասիրտ հարազատի մը բացակայութիւնը որքա՜ն ճնշիչ եւ ահաւոր է, գէթ բոլոր անոնց, որոնք քեզ շատ մօտէն ճանչցած են, ապրած են հետդ, ունկնդիր են եղած գրագէտի պայծառ մտածողութեանդ, սիրած ու յարգած են մտաւորականի կոչումդ, ներշնչուած են եզակի ապրումներէդ, կրքոտ խանդավառութենէդ, կենդանի յոյզերէդ, հայավայել կեցուաքներէդ, գրիչիդ հայաբորբ սաստկութենէն, ժամանակին դէմ ելլելու անխորտակ կամքէդ եւ հայ գրականութեան հանդէպ ունեցած սնապեանական երկիւղածութենէդ:

Այո՛, բացառաբար այս անգամ, սիրելի՛ ուսուցիչ, գրութիւնս պիտի չընդգրկէ յափշատկութեամբ կարդացուած նորատիպ գիրքիդ մասին համեստ վերլուծութիւններ, մօտեցումներ եւ տեսակէտեր, որոնցմով շատ անգամ մեր երախտագիտութիւնն ենք յայտնած քեզի` իբրեւ յախուռն գրագէտի եւ գրադատի մը ստեղծագործական աւանդ:

Փաստօրէն, որպէս երկրպագու հանճարեղ հայ բանաստեղծներու, արձակագիրներու եւ հրապարակագիրներու, առկայծ մտածումներդ ու  գրականագիտական հայեացքներդ դարպասած էիր այնպիսի վաւերական եւ կուռ տրամաբանութեամբ, որով անընկճելի կը մնայիր դատողական ու համոզումի արտայայտութիւններուդ մէջ, գրիչի շեշտակի հարուածներուդ թէ գրական ներկայացումներուդ ընթացքին:

Տարիներու թաւալքին հետ զարգացուցած էիր հոգեմտային այնպիսի մակարդակ եւ նեարդային հասկացողութիւններ, որոնք տեսակ մը եղած էին ապաւէնդ` յաղթահարելու ամէն խոչընդոտ եւ անպարագիծ մարտահրաւէրներ: Եւ սակայն այդ գիտական փորձութեան եւ անկաշառ փորձառութեան առնթեր, հայաշունչ սրտիդ մէջ կը կրէիր մարդասէրի եւ բարեպաշտի այնպիսի բարեմասնութիւններ, զորս ճանչնալու համար  ժամանակ էր պէտք, եւ այնքան ժամանակ, որ յագեցած ըլլային մտերմութեան եւ ընկերականութեան շղարշով, լաւ զրուցակից մը ըլլալու հանգամանքով եւ փոխադարձ ընկալումով:

Յայտնապէս այդ սուղ վայրկեաններուդ ընթացքին (որոնք թակագին էին քեզի համար) տարբեր տարիքի զրուցակիցներուդ կը փոխանցէիր անսահման գիտելիք, կեցուածք ու մօտեցում` բազում խնդիրներու մասին, որոնք, ըստ էութեան, կ՛առնչուէին հայրենիքի գոյութեան, հայ պետական կեանքի ու մտքի զարգացման, ազգային հարցի մեն մի գաւառի յառաջացման թէ առհասարակ հայ գրականութեան դաշտի պարզած վիճակին: Ասիկա քեզ կը մղէր ըլլալու աւելի քան սնապեանական, պահանջատէր պարզապէս սրբագրելու անցեալին պատահած եւ տակաւ շարունակուող փտած ու թրքավարի իրականութիւնը, որ այլապէս ալ հետաքրքրական եւ իւրայատուկ բանաձեւումով մը կ՛ընդգծէիր, թէ` «ի տես հայ կեանքի անըմբռնելի եւ ստորին  եղելութիւններու, մէկ միլիոն պատճառ ունէի թուրք ըլլալու, սակայն հայ գրականութեան ունեցած խոր ճանաչողութիւնս ու ազգիս հանդէպ անշպար հաւատքս զիս մղած էին ըլլալու առաւել հայ, տոկալու եւ դիմակայելու ամէն ազգաքանդ խորթութիւն»:

Այս առումով պէտք է ըմբռնել ստեղծած գրականութեանդ էութիւնը, գրութիւններուդ խորքը, արտայայտած միտքերուդ իսկութիւնն ու գրակա- նագիտական սկզբունքներուդ խորապատկերը:

Ի զուր չէ, որ ամէն պատեհ առիթի ահազանգ կը հնչեցնէիր գրական թէ ազգային անդաստանի դիմագրաւած վտանգի ահաւորութեան մասին: Յաճախ կ՛ակնարկէիր, թէ գաղութահայ կեանքի կրթական-ուսումնական վիճակի հայօրէն անկումը, մեզ` հաւաքաբար պիտի առաջնորդէ դէպի վտանգաւոր հորիզոններ եւ անորոշ ապագայ մը, որուն դէմ յանդիման սոսկ կարգախօսերու եւ ճղճիմ միտքերու հանդէսներ կը սարքուին:

Կ՛ըսէիր, եւ դառնօրէն, թէ հայ վարժարանի առաքելութիւնը ինչպէ՛ս պէտք է հասկնալ, անոր յաջողութեան գրաւականը ո՛ւր պէտք է կայանայ, ինչո՛ւ տակաւ կը շիջին հայ որակեալ ուսուցիչներու եւ իրաւ գրագէտներու փաղանգներ, հայ օրաթերթի ու գրական հանդէսի տրոփներուն ականջալուր երիտասարդական խանդավառութիւններ կարծես ընդմիշտ չքացած են հայ իրականութենէ, եւ համայնական մտքի ու հոգիի սովն է տիրակալած ամէնուրեք:

Կը յիշենք, թէ ինչպէս ամէն ախտանշումէ ետք «Ազդակ գրական-Ազդակ արուեստի»-ի էջերուն կը հանդիպէինք գաղափարներուդ եւ մտածումներուդ իրաւութեան ու վկայակոչուած արտայայտութիւններու` փաստելու համար, որ անցեալի դառն օրերուն անգամ կարելի է եղած դաստիարակել սերունդներ, որպէս հայ մտքի ու հոգի պաշտպան եւ անկաշառ հայորդիներ:

Միւս կողմէ, կը զարմանայիր, թէ մարդոց համար այնքան անսովոր կը թուի ըլլալ այն վճիտ հասկացողութիւնդ եւ խոր հաւատամքդ, թէ մեծ ոստում առած կ՛ըլլայինք, եթէ երբեք իւրաքանչիւր հայ վարժարանի կրթական տարեվերջին գէթ ունենայինք շրջանաւարտ մը, որուն հակումները դէպի հայագիտական նիւթերու աշխարհ, ըստ էութեան ոգեւորիչ խայծ մը պիտի հանդիսանար մեր շրջապատին, եւ առհասարակ նպաստէր հայաշունչ մթնոլորտի ստեղծման:

Յայտնապէս, ապիկարութեան եւ անհոգութեան մեծ ցուցանիշ կը համարէիր Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի փակումը, որուն ունեցած ազգային դերակատարութիւնը օրին մեծապէս խանդավառած եւ ուրախացուցած էր քեզ:

Սիրելի՛ ընկեր, ամէն անգամ որ մուտք գործէինք «Ազդակ», մեր քայլերը ինքնաբերաբար կը կողմնորոշուէին դէպի այն վայրը, ոգեղինացած անկիւնը, ուր նստավայրդ էիր յայտարարեր: Հոն, գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւն էիր, շրջապատուած քեզ յարգող ու սիրող հարազատներով, որոնք իրենց կարգին եւ գոհունակութեամբ թեւ եւ թիկունք էին աշխատանքներուդ եւ մտայղացումներուդ:

Ունէիր գեղեցիկ սովորութիւն մը, որով կ՛ուզէիր բաժնեկից դարձնել քեզի մօտիկ ու հարազատ անհատները: Ամէն անգամ որ «Ազդակ գրական- Ազդակ արուեստի»-ի նոր թիւի մը պատրաստութեան մէջ ըլլայիր, եւ որոշած անոր թեման եւ ընդգրկուն յօդուածները, զարմանահրաշ ոգեւորութեամբ մը «Յուշագիր»-ներու ընդմէջէն հետագայ ըսելիքդ  նախքան անոնց տպագրութիւնը կ՛ընթերցէիր  այնքան մը երկիւղածութեամբ եւ հարազատօրէն, որ այցելուդ ականջները լարած կ՛ունկնդրէր քեզ հաւատարմօրէն:

Փաստօրէն, այս ձեւով դուն քեզ լիացած կը համարէիր, երբ կ՛արձագանգէիր վայելուչ եւ գեղեցկօրէն շարադրուած մտածումի մը, բանաստեղծական հոգեշունչ տողի մը, յախուռն կեցուածքի մը, ազգային շտեմարանէ ցայտող մտածողութեան մը, լեզուական նրբութիւններու հանդէսի մը, եւ ընդհանրապէս հայ գրականութեան խորանին նպաստ բերող ստեղծագործական կիրքի ու ծիսական պաշտամունքի մը:

Նման առիթներու կը յիշեցնէիր, թէ գրական հանդէս մը, պէտք է ունենայ  առաջին հերթին յստակ ու թափանցիկ կողմնորոշում եւ ապա հարցեր հետապնդելու քաջութիւն եւ յանձնառութիւն, այլապէս հեռու մնալով  պարագայական թեմաներ արծարծելէ:

Նշաւակ էիր դարձուցեր տասնամեակներէ ի վեր բոլոր անոնց, որոնք հայ գրականութեան անդաստանի բիւրեղ ու պարարտ ակօսները կ՛ուզէին անջրդի դարձնել, բանագողութեամբ համբաւ շահիլ, փտած ու քսու անհատականութեամբ պատուանդանի տիրանալ, այսպէս ասած դոկտորական տիտղոսի յաւակնոտ ակումբին մաս կազմել, համայնավար շղարշի տակ` հայութիւն քարոզել, առանց տաղանդի ու կոչումի հայրե- նասիրական երգեր հիւսելու պատրանքը սնուցանել, ճենճերող մտքի ու վարար յոյզերու չգոյութեան` մշակութային արժէքներ քաջալերել, ճշմա- րիտ ու անխարդախ կազմաւորումի բացակայութեան` գեղարուեստական շնորհներ բաշխել, կեղծ ու ստապատիր մօտեցումի ներքեւ` շքանշաններ մուրալու արշաւներ սարքել:

Այլ խօսքով, աւելի քան վաթսուն տարիներու գրական վաստակիդ հիմքն ու էութիւնն էիր համարեր` մարդկային խղճմտանքի մեծութիւնն ու պայծառ մտածողութեան յաւերժահունչ ղօղանջը:

Առիթներով երբ կ՛ակնարկէինք, թէ նորէն նշաւակ ես դարձուցեր պիղծ ու զզուելի մարդիկը, առանց վարանելու նայուածքդ կը յարէիր զրուցակիցի աչքերուն եւ դառնութեամբ կը յիշեցնէիր, թէ «ինչպէ՛ս կարելի է մոռացութեան տալ համայնավար մարդակերներու, զրպարտիչ ու ստորագարշ գրչակներու անունները», որոնք պատճառ են հանդի- սացեր աստուածահաճոյ Չարենցի, Բակունցի, Թոթովենցի եւ բազում ուրիշներու չարչարանքին ու սպանութեան:

Իրօք, սնապեանական գերադաս պահանջ էր նաեւ այն, թէ հայ գրականութեան անդաստանէն ընդմիշտ դուրս պէտք է շպրտել Նայիրի Զարեաններու, Հրաչեայ Քոչարներու եւ անոնց նման փոքրոգի ու պիղծ անհատներու անունները, որոնք Ստալին դահճապետին կամակատար- ները ըլլալով յագուրդ տուին իրենց անասնական բնազդներուն եւ ոչնչացուցին հայ հանճարեղ բանաստեղծներ եւ արձակագիրներ:

Միւս կողմէ, յաճախ կը շեշտէիր, թէ պէտք է ընթերցել եւ ըմբոշխնել արուեստի տեսաբան, թատերագէտ, յուշագիր ու ազնուարիւն գրողի` Ռուբէն Զարեանի, Դաւիթ Գասպարեանի, Նորայր Ադալեանի, Ալեքսանդր Թոփչեանի եւ շատ ուրիշներու հատորները, էապէս ընդելուզուելու  անոնց իրաւ գրագէտի ու ազգանուէրի մտածողութեան:

Դէպի  նորանկախ հայրենիք ճամբորդութիւններդ հոգեկան բարձր տրամադրութեամբ կը կատարէիր: Հարազատ գրչեղբայրներուդ հետ տեսակցութիւններդ այլապէս կը ծառայէին նոր պրպտումներուդ եւ ուսումնասիրութիւններուդ: Ձեռագիրներու շալակով մը բեռնաւորուած կը վերադառնայիր ծննդավայր, եւ նոր յոյսերով կը պարուրէիր դուն քեզ ու գրական հանդէսիդ էջերը:

Հակառակ այս բոլորին, ներքին ցաւ մը ունէիր, տրտմութեամբ թաթաւուն անհանգստութիւն մը, ի տես շարունակուող մշակութային այն սպանդին` աբեղեանական ուղղագրութեան շարունակութեան, եւ որուն դէմ գրական թէ բանասիրական պատերազմ էիր յայտարարեր, յանուն կեղծիքի վերացման եւ Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերադարձին:

Սիրելի ուսուցիչ, վերջին անգամ հիւանդանոցի անկողինիդ մօտ հազիւ նստած ըսի, որ կարդացի նոր հրատարակած հատորդ «Շան քարոզներ…», եւ որոշեցի անոր մասին քանի մը տող գրել, խորագիր ունենալով` «պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ շան քարոզներուդ», ժպտացիր եւ աչքերդ փայլեցան: Այս անգամ տարբեր էին անոնց փայլքը, զգացի, եւ ներքին տարօրինակ ապրում մը ունեցայ այդ պահուն…:

Մեկնումի պահուն, կրկին համբուրեցի քեզ, սեղմեցի ձեռքդ եւ հեռացայ: Չէի գիտեր որ հրաժեշտի վերջին հանդիպումը պիտի ըլլար այդ: Մահուանդ գուժը սահմռկեցուցիչ էր, որովհետեւ կորսնցուցած էի իրաւ ուսուցիչի մը, որուն ծով գիտելիքներուն այնքան պէտք ունէի դեռ, եզակի մտաւորականի մը, որուն գրական թելադրանքներուն եւ «յանդիմանական» խօսքերուն կարիքը կը զգայի տակաւին, ընտիր ու մեծահոգի դաշնակցական ընկերոջ մը, որուն յախուռն ու հայավայել կեցուածքներուն հմայքը կ՛ուզէի ապրիլ առհասարակ:

Օրեր ետք, «Ազդակ»-ի գողտրիկ այցելութիւն մը արդէն բաւարար էր ըմբռնելու այն խոր ու ներքին ապրումը, որ անզգալաբար պատած էր հոգիս, երբ կրկին անգամ եկած էին քեզ բարեւելու. արագ ակնարկ մը գրասեղանդի, հոն կային միայն պաշտելի գիրքերդ ու թղթապանակներդ, գրիչդ եւ ակնոցդ: Դուն չկայիր:

Քանի մը օր ետք, Համազգայինի գրախանութէն ստացայ այնքան փայլփայած գիրքդ` «Գրողներ եւ մտաւորականներ Պօղոս Սնապեանի լոյս տեսած հատորներուն եւ գրական գործունէութեան մասին»,  պատկառելի հատորը, այս անգամ առանց մակագրութեան, կարծես օտարական մը ըլլայի: Քիչ մը նեղացայ, եւ յիշեցի «Ժամանակ չկայ» առջինեկ գրքոյքդ:

Երբ ընթերցելու սկսայ, անկեղծ ասած փարատեցաւ նեղութիւնս, եւ ամէն անգամ որ վաստակաւոր գրողէ մը մասունք կ՛ընթերցէի քու մասիդ` կը զգայի ներկայութիւնդ եւ ուժական խօսքդ ու բարի ժպիտդ:

Պատկառելի հատորին էջերուն թաւալքին հետ այս անգամ տարբեր ուրախութիւն մը ուրուագծուեցաւ ներաշխարհէս ներս, որովհետեւ անա- կնկալի էի եկած ի տես գրութիւններուս` զանազան գիրքերուդ մասին: Ճիշդ է, ըսած էիր մեկնումէդ առաջ որ գիրքի մը ծածկին տակ պիտի ամփոփես տարբեր սերունդի պատկանող գրիչներու արգասիքը:

Հիմա, թէեւ ուշացած, ընդունէ երախտագիտական խօսքս ու ջերմ համբոյրներս, սիրելի ուսուցիչ:

Որպէսզի կարօտախառն մեր զգացումները այլապէս փարատին, արժէ նշեալ հատորի խմբագրական մարմինին յայտնել, թէ պարտաւոր էք շարունակել սնապեանական աւանդի ու մասունքներու հրատարա- կութիւնը, վստահելով միայն հաւատաւոր զոյգ մը ուսանողուհիներու, որոնք այնքան մօտ են եղած մեր Պարոնին եւ աջակցած անոր տարբեր հատորներու լոյս ընծայման:

Յայտնապէս Այնճարի համագիւղացիներու կողմէ սկսուած շնորհա- կալ ու եզակի մտայղացումը` Պօղոս Սնապեանի տուն թանգարանի շինութիւնը, կը հաւատանք որ իր լրումին պիտի հասնի, իբրեւ յուշարար կոթող վաստակաւոր մտաւորականի կեանքին ու գործին, եւ մեր կարօտի յագեցման արժանավայել միջավայր:

Վարձքդ կատար, սիրելի ուսուցիչ:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

IMG-20140717-WA0000Ակրոստիքոս Ա.

Պարահանդէս մը գրականութեան տեղի ունեցաւ.
Օդին մէջ դարձան հրաշալի պարբերութիւններ
Ղեկավարելով զանոնք շինեցին գիրքեր
Ո՞վ էր պատրաստողը, ստեղծողը
Սերովբէ մը ղրկեց Աստուած

Սեւ ամպերը անհետացուց ան, որպէսզի Սերովբէն

շուտ վերադառնայ
Նոյնիսկ Աստուած չէր գիտեր, թէ ո՞վ է այդ անձը
Այս մէկը ուժ մըն էր կարծես, որ յայտնուեցաւ Աշխարհին:
Պարահանդէս մը գրականութեան տեղի ունեցաւ
Եւ
Ամէն կողմ յայտնուեցան հրաշալի գիրքեր
– Նոր գիրքեր, նոր լոյսեր, նոր յոյսեր:

10-ամյայ թոռնուհիդ՝
ՆԱՐՕՏ ՍՈՒՐՃԵԱՆ

 Պէյրութ, 17 փետրուար 2009

 

Սրտի Խօսք` Պօղոս Սնապեանի Յիշատակին

Մեր ապրած այս դարը, անկախ մեզմէ, անժամանակ վազքի մէջ է ու այս ընթացքով ալ երբեմն ակամայ մեզ բոլորս ալ գրեթէ կը զրկէ մեր ամէնօրեայ կեանքի գլխաւոր երեւոյթներէն: Այսպէս, յաճախ հեռու կը մնանք մեր շրջապատի գլխաւոր անցուդարձներէն, արժանաւոր մարդոց, ինչու չէ նաեւ մտերիմներու ճիշդ գնահատական տալու առիթներէն եւ զիրենք իրապէս արժեւորելու կարելիութիւններէն, նոյնիսկ յետ մահու վերջին յարգանքի մատուցման պարտականութիւններէն:

Ու իբրեւ հետեւանք` մեր սրտի խօսքերը ստիպուած կ՛ըլլանք արտասանել հեռուէն կամ ալ անոնցմէ յաւիտենապէս բաժնուելէ ետք:

Իրականութիւն է: Կարծես նաեւ է՛ մեր դարու չգրուած օրէնքն ու կարգը:

Չկարծէք, թէ ըրածս ինքնարդարացում մըն է, որովհետեւ հաստատապէս գիտեմ, որ արդէն 40 օրեր անցած են այն թուականէն, երբ հողին յանձնուեցաւ Պօղոս Սնապեանը, որ հայ գիրի ու գրականութեան երկրպագու ըլլալով հանդերձ, էր նաեւ անոր համեստ սպասարկողներէն մէկը:

Մէկ խօսքով, հայ մտքի եւ լոյսի մշակ մը առյաւէտ մեկնեցաւ` որբացնելով հայ գիրն ու մշակոյթը: Մէկ խօսքով, մէկը այն քիչերէն, որ միշտ տագնապած էր հայութիւնը յուզող հարցերով եւ ինքզինք բացայայտած` անոնց խոր վերլուծումով եւ բազմակողմանի քննարկումներով:

Ահա թէ ինչու քառասուն օրեր առաջ մեծ եւ անփոխարինելի կորուստ մը արձանագրուեցաւ սփիւռքահայ մեր պատմագիրքին մէջ, որուն իբրեւ արդար հետեւանք անզգալաբար հոյակապ աշխարհ մը փուլ եկաւ մեր մտքերուն առջեւ, որովհետեւ դժբախտաբար իր մահկանացուն կնքած էր Պօղոս Սնապեանը` մեր անմիջական սերունդի ներկայացուցիչէն մէկը եւ մեր արդի գրականութեան ամէնէն վաւերական դէմքերէն հաստատը, որ իր մտքի ու գրչի պայծառութեամբ վար ու ցան կատարած էր հայ մտքի դաշտերուն մէջ եւ այս ձեւով ինքզինք ապրեցուցած եւ իրեն հետ նաեւ կենդանի պահած էր իր ազգին մշակոյթը:

Դժուար է կշռել տարողութիւնը կորուստին: Նոյնպէս դժուար է գրագէտին կամ մտաւորականին խօսիլ, այս պարագային Սնապեանին, որովհետեւ ան կեանք չունի: Իր կեանքը իր գործերն են, իր խօսքերն ու աւանդը: Ինք կ՛ապրի, եթէ իր գործերը ապրին: Վկայ իր հատորները ու նաեւ իր հասցուցած սերունդը:

Ու ամէն անգամ որ նման մեծ «ծանօթ» մը կը հեռանայ մեզմէ, ինքնաբերաբար կարիքը կը զգամ, ձեւով մը ուրիշներու նման, ես ալ ապրեցնելու ազգիս վաստակաշատ այդ զաւկին յիշատակը, ու այս պարագային մտաւորական Սնապեանին, որ հայ գիրին ու գրականութեան հիացող գրիչ մըն էր, ինչպէս նաեւ` հայ մշակոյթին գեղեցկութեան եւ արժէքին խնկարկու հայ մը:

Այս բոլորէն ետք, յանկարծ ինքնածին հարցում մը կը փայլատակէ. արդեօք յետ մահու գրուած այս քանի մը էջերուն մէջ կամ գրելու այս որդեգրումովս պիտի կարենա՞մ արդարացնել իր` մահացողին հաւատքին ու հոգեկան մեծութեան հանդէպ իմ ունեցած յարգանքս:

Յստակօրէն ըսեմ, որ անցեալ դարու եօթանասունականներու սկիզբը, երբ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը կը կրկնապատկէր իր էջերը, այդ օրերուն ես ալ Սնապեանի կից գրասեղան մը գրաւելով, պաշտօնապէս տեղական լուրերու բաժնի պատասխանատու էի:

Ինծի համար ինք մեծ ուսուցիչ մըն էր: Այսպէս, արաբերէնէ թարգմանած լուրերս աչքէ կ՛անցընէր, կը ձեւափոխէր, կը թելադրէր, կը պատճառաբանէր, ապա տպարան ղրկել կու տար: Անկէ ետք զիս իր մօտը կը կանչէր, երկար կը բացատրէր, կը խօսէր ու միաժամանակ անզգալաբար բանալով մեր մայրենիին եւ հայ մամուլին գաղտնի բոլոր դռները, իր թաւ ձայնին հետ իր գրչի նժարին ձայնն ալ հասցնելով: Անոր համար կը կարծեմ, թէ ինք լաւ աշակերտներ եւ ժառանգորդներ հասցուց: Չեմ գիտեր որքանով իրականացան իր բոլոր երազները, սակայն վստահաբար իր յաջորդները պիտի փորձեն ամբողջացնել զանոնք:

Հիմա բոլորս ալ անկասկած զինք կը փնտռենք, ոչ թէ որովհետեւ իր նպատակը միայն մեր սրտին շատ մօտիկ զգացած ենք, այլ անոր համար, որ իր օրինակին հետեւելով, երբեմն կը փորձենք մենք մեզի նայիլ, դիտել, մեզ լաւապէս ճանչնալու համար:

Ու մեկնեցաւ յանկարծ մեր մեծ Օշականագէտը` եթէ նման բառ ունինք մեր բառարաններուն մէջ: Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է չափել հայ գրականութեան իր նուիրումի եւ զոհաբերութեան զգացումը:

Գուշակ ըլլալու կարիք չկայ:

Հաւատացէ՛ք, հայ գրականութեան պատմութեան մէջ սակաւաթիւ են այն գրողներն ու բանաստեղծները, մտաւորականներն ու հայ գիրի համեստ բոլոր ծառայողները, որոնք իրենց առաջին իսկ ստեղծագործութեամբ, գրասէր շրջանակներուն կը ներկայանան ո՛չ միայն իւրայատուկ աշխարհի մը ծանօթ եւ անծանօթ ոլորտները լոյսին պարզելու արժանիքով, այլեւ` հասուն գրիչի մը տէրը եղող ամբողջական կերպարով:

Ահա անոնցմէ մեծագոյն օրինակը` Սնապեան Պօղոս:

Իրեն համար մայրենի լեզուի, գիրի ու գրականութեան հանդէպ իր սէրը ոչ թէ սոսկ հայրենասիրութիւն էր, այլեւ` ազգային արժանապատուութեան զգացում:

Ահա հո՛ս էր իր մեծութիւնը:

Շատ յաճախ կը լսենք, թէ մեր գրականութիւնը, յատկապէս սփիւռքահայը, կամաց կամաց կ՛ամայանայ: Գրականութեամբ զբաղողները որոշ քաջալերանք չգտնելով կը յուսահատին եւ կը կորսուին կամ կամաւոր` հրապարակէն կը հեռանան:

Նման վախի ստուեր մը կարծես նշմարելի է ամէն տեղ: Յաճախ կը զգանք, որ ձրի գովասանքի ցեխին մէջ մխրճուած ենք, կամայ թէ ակամայ: Այս համայնապատկերով կարծես անել ճամբու մը ծայրը հասած ըլլանք եւ կամ ալ կարծես անապատ մըն է, որ սկսած ենք կտրել:

Կ՛ըսենք, որ մենք հարուստ մշակոյթ ժառանգած ժողովուրդ ենք: Միւս կողմէ ալ կը նշմարենք, թէ հայութեան շարքերուն մէջ հայախօսներու թիւը ու անոր զուգահեռ նաեւ հայերէն կարդացողներու եւ ինչու չէ գրողներու թիւը կամաց կամաց կը նօսրանայ` կա՛մ կը ցամքի, եւ կամ ալ ցամքելու վրայ է արդէն:

Բայց, միշտ կը յիշենք եւ պիտի յիշենք զինք, Սնապեան խմբագիրը, իր գրասենեակին մէջ, իր այդ խառն ի խուռն թուղթերով, թերթերով լեցուն գրասեղանին առջեւ, գրական նոր յաւելում մը արձանագրող ստեղծողի իր կերպարով: Եւ ի տես այս պատկերին` մեր պայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ հայ ըլլալու եւ հայ մնալու խանդավառութեամբ մեր սրտերը հպարտութեամբ պիտի լեցուին ու տեսակ մը կենսատու աւիշ պիտի ստանանք իրմէ:

Կրկնութեան գնով կարելի է շեշտել, թէ վաստակաշատ արձակագիր, հրապարակագիր, մտաւորական Սնապեանը հայ գրականութեան անդաստանը հարստացուց յատկապէս իր վաւերական գրիչի ներկայութեամբ, որբ չձգեց` միշտ ջատագով հանդիսանալով հայկական պայքարին եւ իր ժողովուրդի բոլոր խաւերու հայրենասիրական ոգիի ջամբման: Իր ժամանակակից քրտինքով, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ վկայութիւնը իր տարած աշխատանքին, ան միշտ գունաւոր երազներով ու խանդավառ վազքով իր ժամերը շաղեց:

Վկայ` «Բագին»-ը եւ մեր արեւմտահայ ժամանակակից գրականութեան անդաստանը: Ի՛նքն էր, որ սփիւռքեան գրական կեանքին մէջ յայտնուող նոր խոստումներուն ու տաղանդներուն վրայ գուրգուրաց եւ զանոնք առաջնորդեց, խմորեց ու իր անմիջական հոգածութեան առարկան դարձուց: Իրեն կը պարտինք այս մտածումին յաղթանակը:

Մեզմէ յաւիտեան իր բացակայութիւնը մեզի կը հաղորդէ այն թելադրանքը, որ հայ գիրին անսակարկ ծառայելու իր վաստակը բոլորիս համար պէտք է դառնայ օրինակելի եւ ներշնչում գալիք ժամանակներու մնայուն ներկայութեան համար: Իրապէս պատասխանատու գործ:

Թող միշտ լոյս իջնէ իր շիրիմին:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Պօղոս Սնապեանի Յիշատակին Զրոյց «Վանայ Ձայն»-Էն.

«Պօղոս Սնապեան Շքանշանի Պէտք Չունէր, Ի՛Նք Էր Շքանշանը».
Յակոբ Բագրատունի

«Պօղոս Սնապեան Արտակարգ Անձնաւորութիւն Մըն Էր,
Այն Քիչերէն, Որ Անզիջող Մնաց Գրական Պատնէշին Վրայ».
Յակոբ Պալեան

Սփիւռքահայ բեղուն արձակագիր, գրաքննադատ, հրապարակագիր Պօղոս Սնապեանի մահուան քառասունքին նախօրեակին «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սփռուեցաւ յատուկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին եւ յուշերը պատմեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ «Բագին» գրական հանդէսի խմբագիր Յակոբ Պալեան: Հարցազրոյցը վարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Անոր շահեկանութեան համար ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը:

ՀՈՒՐԻ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Ընդհանրապէս սփիւռքի համար եւ յատկապէս Լիբանանի համար Պօղոս Սնապեանի կորուստը ձեր մտքին մէջ ի՞նչ հարցեր կը ստեղծէ:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ.- Պօղոս Սնապեան արտակարգ անձնաւորութիւն մըն էր եւ այն քիչերէն էր, որ մնաց գրական պատնէշի վրայ, երբ ուրիշներ իրենց գործի բարելաւման ի խնդիր ուրիշ հետաքրքրութիւններ կ՛ունենան, մանաւանդ երբ նիւթական բաւարարութեան կը հասնին: Պօղոս Սնապեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին մնաց գիր-գրականութեան մարդ. կարելի էր իրեն հետ համաձայն չըլլալ, բայց կարելի չէր չհիանալ իր այդ նուիրումին վրայ: Եւ իր այդ աշխատանքը ընդգրկեց բազմաթիւ մարզեր` ստեղծագործական, գրական-քննադատական, որուն չգոյութենէն մենք կը տառապինք, բեմի մարդ ըլլալու իրականութիւն. Պօղոս Սնապեան ըսելիք ունէր, անոնցմէ չէր, որուն համար ուրիշներ կը գրեն եւ կու տան, որ խօսին, այլ ի՛նք ըսելիք ունէր: Իր այս բազմերես կարողութիւններուն պակասը, կը կարծեմ, թէ երկար ատեն դեռ պիտի զգացուի, մանաւանդ անոր համար, որ փոխարինողներ չեն գտնուիր, եւ մեր սփիւռքահայ կեանքի մեծ  խնդիրը ա՛յս է, գացողը կ՛երթայ, ի հարկէ պիտի երթայ, մահը բնական շիջում մըն է, բայց փոխարինողներու հարց ունինք եւ այդ փոխարինողները պատրաստելու աշխատանքը նաեւ, կը կարծեմ, թէ բաւարար չափով չի տարուիր:

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Ընկեր Պօղոսի մահով մենք սփիւռքի մէջ ու յատկապէս Լիբանանի մէջ կորսնցուցինք վերջին հսկաներէն մէկը. հսկայ այն իմաստով, որ Պօղոս Սնապեան ամէն բանէ առաջ քաջ ու արի մարդ էր, անզիջող մարդ էր, ճակատէն հարուածող էր, երբեք կռնակէն չէր հարուածեր: Իր մահուան առիթով խօսուած դամբանականներուն մէջ կը նշուէր նաեւ,  որ Պօղոս Սնապեանի կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը հարստութիւն էր նաեւ ընդդիմադիրներու: Մենք բոլորս կորսնցուցինք Պօղոս Սնապեանը, որ գրագէտ էր, գրաքննադատ էր, բանաստեղծ էր, մտաւորական էր, բայց ամէն բանէ առաջ, իմ կարծիքովս, իմ ծանօթութիւններուս սահմաններուն մէջ, որ կ՛երթայ մինչեւ 70-ական թուականներու սկիզբը, քաջ, ըմբոստ ու յեղափոխական մարդ էր: Ընկեր Պալեանը խօսեցաւ նիւթական բաւարարութեան մասին, Պօղոս Սնապեան շատ հանգիստ կեանք կրնար ապրիլ, եթէ գրիչը ծախէր, շատ աւելի եւ բազմաթիւ հրատարակութիւններ կ՛ունենար, եթէ հաճոյակատար դառնար: Պօղոս Սնապեանին ճիշդ ու իսկական արժէքը հո՛ն է, որ ինք ոչին ո՛չ կ՛ըսէր, այոյին` այո եւ չէր փոխեր իր կեցուածքները, որովհետեւ սկզբունքային մարդ էր: Ա՛յս է, որ մենք կորսնցուցինք հիմնականին մէջ: Կ՛ըսեն, թէ անփոխարինելի մարդ չկայ, որ ամէն ժամանակ իր մարդը ունի, բայց երանի մենք տակաւին կարենանք ապրիլ Պօղոս Սնապեաններու ժամանակը  եւ ապրիլ Պօղոս Սնապեանի սկզբունքային ու արժէքներու համակարգին մէջ:

Հ. Է.- Պօղոս Սնապեան եւ գրականութիւնը. ան գիրի ու գրականութեան մարդ էր եւ մնաց անոր սպասարկուն, այսօր զայն պիտի յիշենք իբրեւ գիրի՞ մարդ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ.- Անկասկած` իբրեւ գիրի մարդ, բայց նաեւ` փոխանցող: Ուսուցիչ էր Պօղոս Սնապեանը. երբ ես զինք առաջին անգամ ճանչցայ, այս թաղամասը գիւղաւան էր, եւ հոն գտնուող դպրոցին մէջ ինք ուսուցիչ էր: Այդ թուականներուն էր, որ ինք հրատարակեց «Միջնաբերդ»-ը. պէտք է ըսել, որ «Միջնաբերդ»-երու հաւաքածոն իրապէս շտեմարան գիտելեաց էր, ինչպէս ինք` Պօղոս Սնապեանը շտեմարան գիտելեաց էր: Շատ բան գիտէր, ինչ որ երբեմն կ՛արգելակէ ստեղծագործութիւնը, բայց երբ իր վաստակին կը նայիք, այդ գիտելիքներու մէկտեղումը պարզապէս հիացում կ՛առթէ, եւ ատիկա կու գայ այն գիծէն, որ ինք ժառանգած էր Օշականէն, որ եղած էր յամառ ընթերցող մը, կը կարդար ամէն ինչ. Պօղոս Սնապեանն ալ մնաց իր ուսուցիչին այդ գիծին վրայ: Պէտք է ընդգծել, որ Պօղոս Սնապեան գիտցաւ փոխանցել, ամէն մարդ կրնայ շատ բան գիտնալ, սակայն փոխանցելը այլ բան է, ուսուցիչ ըլլալուն պայմանը շատ բան գիտնալը չէ երբեք, այլ  սորվելու ճաշակը կարենալ փոխանցելն է: Կը տեսնենք իր աշակերտները, որոնք բոլորն ալ երիտասարդ չեն հիմա, սակայն բոլորն ալ հիացում ունին իրենց ուսուցիչին նկատմամբ,  ինչ որ կը նշանակէ, որ ինք ժառանգութիւն փոխանցած է: Ուրիշներ կու գան ու կ՛անցնին, կարգ մը ուսուցիչներու անունն անգամ կը մոռցուի, բայց կան ու կը մնան կարգ մը ուսուցիչներ, որոնց պատկերը, որոնց դրոշմը իր աշակերտներուն վրայ մնացած կ՛ըլլայ:

Կայ նաեւ Պօղոս Սնապեանին միւս երեսը` հանրային մարդը. յաճախ քիչ կը խօսուի այդ մասին, սակայն ան նաեւ բեմի մարդ էր, եւ երբ կը խօսէր, յստակ կը ցոլար, որ անոր գաղափարները վարձու գաղափարներ չէին: Տարբեր երկիրներու մէջ ձեռնարկներու եւ հանդիսութիւններու ներկայ եղած եմ, յաճախ այն տպաւորութիւնը կ՛ունենամ, որ մարդոց խօսածը նախապէս ըսուած բան մըն է, բազմիցս տաքցուած ապուրի մը նման: Պօղոս Սնապեանի պարագային փնտռտուք կար, ներքին հարստացում մըն էր, եւ ատիկա կ՛ուզէր փոխանցել ո՛չ միայն պարզ տօնակատարութիւններու ընթացքին, այլ` երիտասարդական բանակումներու, հաւաքներու: Ըսելիք ունէր ան, տալիք ունէր եւ կ՛ուզէր անպայման ըսել, տալ, փոխանցել: Կրնանք իր ըսածներուն համաձայն չըլլալ, ասիկա բնական երեւոյթ է, բայց կարելի չէ ժխտել, որ ան ըսելիք ունեցող անձնաւորութիւն էր:

Հ. Է.- Պօղոս Սնապեան կը կրկնէր հետեւեալ խօսքը. եթէ նորութիւն պիտի չբերես քու խօսքովդ, եթէ նորութիւն պիտի չբերես մեր գրականութեան, աւելի լաւ է երբեք չըսես, չգրես: Այս գաղափարն է, որ ան փոխանցեց իր ուսանողներուն:

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Ես գրական անդաստանի մարդը չեմ, բայց ընկեր Պօղոսը ես ճանչցայ 70-ական թուականներուն, երբ ինք «Ազդակ»-ի խմբագիր էր, ես ալ պատանի, հազիւ երիտասարդութեան սեմին` էջեր կը մրոտէի: Անոր արտաքինը քիչ մը խիստ էր, յարգանք կը պարտադրէր, հեռու մնալու կացութիւն մը կը ստեղծէր, բայց տարօրինակ կերպով, երբ կը ժպտէր եւ թուղթը առած կու գար ըսելու, որ` Յակո՛բ, այսինչ բանը սխալ է, 15-16 տարեկան տղան պիտի տեսնէր անոր մեծութիւնը: Աւելի ուշ առիթը ունեցայ Երեւանեան շէնքին մէջ «Բագին»-ի խմբագիր եղած տարիներուն, պատերազմական օրերուն, երբ մարդ աւելի յստակ կ՛ուրուագծուի իր յատկութիւններով, գրեթէ ամէնօրեայ հանդիպումներ ունենալու իրեն հետ, անկէ ետք Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ շարունակուեցաւ մեր կապը: Կը նախանձէի, որ Պօղոս Սնապեանին պարոն կ՛ըսէին, իսկ ինծի ընկեր կ՛ըսէին, եւ մինչեւ հիմա ալ ան Պարոն է. ան Պարոն էր ո՛չ միայն հայագիտականի իր ուսանողներուն, նաեւ անոնց, որոնք «Բագին»-ի մէջ իբրեւ խմբագրապետ Պօղոս Սնապեանը ունեցած էին իբրեւ ուսուցիչ. այսօր անոնք դարձած են բանաստեղծներ, գրագէտներ` Խոսրով Ասոյեան, Նազ Տէր Սարգիսեան, Յարութիւն Պէրպէրեան,  Ճինպաշեան, Գարալեքեան եւ շատ ուրիշներ: Երբ իրմէ ետք Հայագիտական հիմնարկին մէջ դասարան կը մտնէի, կը տեսնէի ուսանողներուն հմայուած դէմքերը, որոնք կարծես ինծի կը հասկցնէին, որ ինչո՛ւ մտար դասարան, Պարոնին հետ հանգիստ էինք, ուրախ էինք ու բան կը սորվէինք: Պօղոս Սնապեանէն ետք դասարան մտնելը քիչ մը վտանգաւոր բան մըն էր, անձնասպանական գործողութիւն մըն էր, մանաւանդ որ ես քաղաքականութիւն կը դասաւանդէի, եւ բաւական դժուար էր գրականութենէն քաղաքականութիւն փոխանցումը:

Պօղոս Սնապեան բեմի մարդ էր, առինքնող մարդ էր, կարելի չէր գտնուիլ տեղ մը, ուր ան կը խօսէր եւ հոն շշուկ լսուէր. անոր գաղափարները ո՛չ միայն վարձու չէին, այլ նոր էին, իսկ իր ունեցածը տալ գիտէր, փոխանցել գիտէր: Տակաւին յստակ կը յիշեմ, 1976-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ուսանող էի, երբ Պօղոս Սնապեան ըսաւ, որ երթամ Օժեն Իւնեսքոյին գիրքը փնտռեմ, իմ մտքիս մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն այլ բան էր, միջազգային կազմակերպութիւն էր, գացի, փնտռեցի, չգտայ ու վերադարձայ. երբ ըսի, թէ չկրցայ գտնել, կրկին զիս ուղարկեց փնտռելու: Այս ձեւով, քանի մը տասնեակ գիրքերու փնտռտուքով ան ինծի սորվեցուց, թէ ի՛նչ արժէքներ կան, որոնք պէտք է փնտռել մեր անմիջական պատերէն, ընկերական շրջանակէն դուրս: Հաստատեմ, որ ընկեր Պօղոս ընկերական շրջանակի մէջ փնտռուած դէմք էր, սքանչելի ներկայութիւն էր. պատերազմի տարիներուն Համրայի իր տան մէջ, աւելի ուշ Պուրճ Համուտի իր գրադարանին մէջ այնքան հաճելի երեկոներ կը կազմակերպէր, որ բացառիկ մթնոլորտով պարուրուած կ՛ըլլար, որովհետեւ ինք ամէն տեղ ուսուցիչ էր, իսկ ուսուցիչին հիմնական յատկութիւնը այն է, որ ամէն առիթով պէտք է կարենալ ուսուցիչ ըլլալ, մարդոց տալիք ունենալ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ.- Երբ կը խօսուի փոխանցելու մասին, երկու կարծիք կրնայ ըլլալ. ոմանք կը կարծեն, թէ բան մը կը սորվեցնեն, սակայն խորքին մէջ աժան բարոյախօսութիւն կ՛ընեն: Այդպէս չէր Պօղոս Սնապեան, ան արժէքներ կը փոխանցէր` գրական, քննադատական ոգիի արժէքը, որովհետեւ այսօր ամէնուրեք մարդիկ կը սարսափին քննադատութենէն, որ աշխարհի ամէնէն շինիչ բանն է: Եթէ մեր շուրջ եղողներուն անընդհատ խնկարկենք եւ քննադատութիւն չունենանք, իրե՛նք պէտք է դժգոհ ըլլան, որովհետեւ այդ կը նշանակէ, որ անոնք անփոխարինելիի, անսխալականի  վերածուած են, ինչ որ քանդիչ մտայնութիւն է: Պօղոս Սնապեանի քննադատութիւնները կրնան երբեմն կրքոտ ըլլալ, չափազանցութիւններու հասնիլ, սակայն մենք այդ բոլորը պէտք է դիտենք իբրեւ քննադատելու առաքինութիւն, որ հոգիի ուժ է: Ամէն մարդ չի կրնար այդքան քաջ ըլլալ, մարդիկ սովորաբար կը վախնան, կը խուսափին:

Մարդկային յարաբերութիւններու գծով ըսեմ, որ Պօղոս Սնապեան մարդ գտնելու արուեստը ունէր. իր միջոցով հայ գրականութեան եկած են նոր դէմքեր, ոմանք մեծցած են, ոմանք չեն յաջողած ու հեռացած են. ան կ՛ուզէր մարդու գիւտը ընել: Օրինակ մը տամ. Ժիրայր Աթթարեանը ֆրանսական թերթի մը մէջ ֆրանսերէնով պատմուածք կը գրէր, իսկ մենք կը հիանային անով: Պօղոս Սնապեանը հայացուց Ժիրայր Աթթարեանը եւ անոր գրականութիւնը, իր պնդումով էր, որ անոր գիրքերը լոյս տեսան: Ասիկա շատ կարեւոր երեւոյթ է, նոյնը ըրած է բազմաթիւ ուրիշներու հետ ալ: Մարդ գտնելու, մարդ գնահատելու շնորհը այլապէս ուրիշ մեծութիւն է, որովհետեւ այս կը նշանակէ, որ դուն քու անձէդ դուրս կ՛ելլես, ուրիշին մէջ կը տեսնես արժէքը, որ կրնայ նպաստ բերել գրականութեան: Իր ուսանողներուն հետ վերաբերումն ալ ա՛յդ եղած է միշտ:

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Պօղոս Սնապեանի արժանիքներէն հիմնականը նաեւ այն է, որ ան մեզի ձգեց հսկայ ժառանգ մը, որուն վրայ եթէ չաշխատէր, ներկայ եւ յառաջիկայ սերունդները շատ բան կորսնցուցած պիտի ըլլային: Ան թերեւս վերջին հակահամայնավարներէն էր. ան խորհրդային ամբողջ գրականութեան մասին հատորներ ունի եւ խարազանը ձեռքին, միւսին ալ փոշիի լաթը, ամէն օր, ամէն ժամ փոշին կը վերցնէր, այդ գրականութեան մէջ եղող սխալները, զարտուղիութիւնները լոյսին կը բերէր` մինչեւ Աւետիք Իսահակեան: Սերունդներուն սորվեցուց, ցոյց տուաւ, որ ինչպիսի՛ բանագողութիւններ, ընդօրինակութիւններ, անտեղի հարկեր կան, ինչպէս համայնավարութեան լուծին տակ մարդիկ հայհոյած են այս կամ այն դէմքին, մտքին, արժէքին, եւ երբ յանկարծ համայնավարութիւնը տապալեցաւ, այդ նոյները նոյն բուրվառով, լոկ խունկը փոխելով այս անգամ խնկարկեցին նոր եկողներուն:

Պօղոս Սնապեան մեզի ձգեց հսկայ հարստութիւն, մինչեւ վերջերս, երբ «Ազդակ»-ի գրական յաւելուածը կը հրատարակէր, եւ ոմանց համար անհաճոյ կը թուէր, որովհետեւ այսօրուան քաղաքական այդ պաղ մթնոլորտին մէջ, կ՛ըսուի, որ ժամանակները փոխուած են եւ պէտք է քայլ պահել անոնց հետ: Պօղոս Սնապեան 40-50-60-ական թուականներէն էջ մը կը հանէր ըսելու` տղա՛ք, այս մարդը նաեւ ա՛յս երեսը ունի, գիտցէք` ի՛նչ կ՛ընէք: Վերջին անգամ կը թերթատէի իր գրական յաւելուածներէն քանի մը հատը, ուր էջ մը գրած էր հայ եւ թուրք յարաբերութիւններուն մասին այնքա՜ն սքանչելի, գրած էր նաեւ աժան շքանշաններուն մասին: Այս օրերուն շքանշաններու շուկային մէջ առուծախով զբաղողներէն շատեր նեղուեցան, բայց Պօղոս Սնապեան իրականութիւնը ըսած էր: Հոս յիշեմ դրուագ մը. Լիբանանի նախագահներէն մէկը իր պաշտօնավարութեան աւարտին շքանշան յանձնելու նախաձեռնած էր. ընկեր Պօղոսին ըսինք, որ իր անունն ալ պիտի առաջարկենք, սակայն ան մերժեց. «Ես նախագահի շքանշանի պէտք չունիմ», ըսաւ: Պետական շքանշանը մերժեց ան: Պօղոս Սնապեանը շքանշանի պէտք չունէր, ի՛նք էր շքանշանը, ի՛նք հարստացուց մեզ, ի՛նք մեզի սորվեցուց, մնայուն արժէքներ փոխանցեց, եւ այդ իմաստով մենք պարտաւոր ենք մեր առաւելագոյն յարգանքը տալ ընկեր Պօղոսին` իր յիշատակը վառ պահելով:

Հ. Է.- Խօսելով այդ յարգանքին մասին` կ’ուզէի հարցնել, որ իր մահէն ետք յուզումի եւ երախտագիտութեան ալիք ստեղծուեցա՞ւ:

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Պօղոս Սնապեանի մահը արժանաւոր կերպով չընկալուեցաւ մեր ժողովուրդին կողմէ, մտաւորականութեան կողմէ, իր գաղափարական ընկերներուն կողմէ, նաեւ` այն հաստատութիւններուն կողմէ, ուր ինք երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցած է: Թող ներեն բոլորը, սրտի ցաւով պիտի ըսեմ, որ Պօղոս Սնապեանի թաղումը ազգային թաղում էր անունով, անիկա պարզ, ընթացիկ թաղում մըն էր, ապահովական պատճառները երբեք պատրուակ պէտք չէ բռնել: Ամէնէն ցաւալին այն էր, որ Պօղոս Սնապեանի գրչի ընկերները, ըլլան անոնք գաղափարակից կամ ընդդիմադիր, յարմար յարգանքը չտուին: Ես կ’ակնկալէի, անկեղծօրէն, որ յուղարկաւորութեան ընթացքին եկեղեցւոյ առաջին կարգի նստարանները նեղ գային գրագէտներուն, մտաւորականներուն, ուսուցիչներուն, տնօրէններուն, կրօնաւորներուն եւ աշխարհականներուն, մեր մամուլի էջերը նեղ գային ցաւակցական գրութիւններուն եւ հեռագիրներուն` սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան, Գրողներու միութեան` Լիբանանի, Հայաստանի եւ այլուր, յղած ցաւակցագիրներուն եւ այլ գրութիւններուն, մեր մամուլի էջերը նեղ գային նաեւ այն նուիրատուութիւններուն, որոնք ան ուզեց, որ տրուին Այնճարի «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան» ազգային քոլեճին: Ես կը ցաւիմ ասոր համար, շատեր կ’ըսեն, որ Պօղոս Սնապեանը շատ քննադատած է, ցաւցուցած է մարդիկը. բայց արդեօք ե՞րբ պատահած է, որ  լաւ ու ճշմարիտ գրագէտը, մտաւորականը տկար եղած է, քծնած է, որպէսզի յարգուի: Դժբախտաբար, եթէ մեծահարուստ մը մահացած ըլլար, զիրար պիտի հրմշտկէինք եկեղեցի մտնելու համար, սակայն Պօղոս Սնապեանին  հարստութիւնը, ժառանգը չի գնուիր: Նախորդ օրերուն, պատահաբար, երբ իր երկու դուստրերը «Ազդակ»-ի իր համեստ գրասեղանը կը պարպէին, համեստ կ’ըսեմ, որովհետեւ պարզապէս  ան աշխատավայրի մը պէտք ունէր` շրջապատուած գիրքերով, թուղթերով, նկարներով, անոնց ըսի, որ այս հարստութիւնը տոպրակներով ոսկիով անգամ կարելի չէ փոխարինել:

Ես կ’ենթադրեմ, որ մեր գաղութը պարտաւորութիւն ունի Պօղոս Սնապեանի նկատմամբ, մեր գաղութը, դժբախտաբար, պէտք եղածը չտուաւ, եւ ոչ մէկ պատրուակ Պէյրութէն մինչեւ Այնճար, ոչ մէկ պատրուակ, ընդունելի է, այսպէս ըսուած, նեղացող շրջանակին կողմէ, ոչ մէկ ձեւով ընդունելի է այն, որ մտաւորականները այդ օր բազմազբաղ եղած են, մանաւանդ որ անոնք շատ հանգիստ  կերպով յաջորդ գիշերը կամ քանի մը օր ետք այսինչին կամ այնինչին հաւաքոյթի սեղանին շուրջ բոլորուած են` այն ակնկալութեամբ, որ հրաւիրողը իրենց գիրքերէն մէկուն մեկենասը կրնայ ըլլալ: Պօղոս Սնապեան նման անհեթեթութիւններու դիմաց կանգ չէր առներ, կը գրէր, կ’անցնէր, Պօղոս Սնապեան «այն շունն էր» եւ պիտի մնայ անպայման «հաջող շունը» մեր ուղեղներուն մէջ, եւ` այն զանգակը, որ միշտ պիտի հնչէ, երբ մենք կը սխալինք:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ.- Ես զարմանքով տեսայ, որ Հայաստանի կողմէ բացակայութիւն կայ, թէեւ դեսպանատունը ներկայացուցիչ ղրկած էր, սակայն Հայաստանի Գրողներու միութիւնը պէտք էր ուղերձ մը յղէր այս առիթով, ձեւով մը մասնակցութիւն ունենար: Ինչպէս որ մենք սփիւռքի մէջ կը յուզուինք, կ’անհանգստանանք, երբ Հայաստանի մէջ դէմք մը մահանայ, կը գրենք այդ մասին, իրենց պարտաւորութիւնն էր անդրադառնալ Պօղոս Սնապեանի մահուան:

Պիտի ուզէի նաեւ խօսիլ Պօղոս Սնապեանի մնայուն գրականութեան մասին, այն մասը, որ յաւիտեան պիտի մնայ, պիտի ապրի: Սնապեանի «Աղքատներու պատիւը» գիրքին մէջ կայ մեր ժողովուրդը, զարմանալի  կերպով ես ատիկա բաղդատած եմ Եդուարդ Պոյաճեանի գրութիւններուն հետ, որովետեւ երկուքին մէջ ալ կայ վերականգնող, ինքզինք փնտռող ժողովուրդի պատմութիւն: Մեր նոր սերունդը պէտք է կարդայ այս բոլորը եւ տեսնէ, որ մեր ժողովուրդը իր վերականգնումի, տեղատուութեան ճամբուն վրայ ինչպիսի՛ հանգրուաններէ անցած է: Բայց դժբախտաբար մեր ժողովուրդը, յատկապէս երիտասարդութիւնը դադրած է ընթերցող ըլլալէ. Պօղոս Սնապեանի մահով ժողովուրդին մէջ յուզումի ալիք չբարձրանալու պատճառներէն մէկն ալ ա՛յս է: Գիր գրականութեան նկատմամբ սէրն ու հետաքրքրութիւնը չափազանց նուազած է, եւ ասիկա Սնապեանի մեծ ցաւերէն մէկն էր, եւ այդ ցաւը օրը օրին ինք ապրեցաւ «Բագին»-ի ճամբով նաեւ: «Բագին»-ը, որ իր ձեռակերտը կարելի է նկատել, օրէ օր իր ընթերցողները կորսնցուց, ոչ թէ որովհետեւ «Բագին»-ի բովանդակութիւնը լաւ էր կամ լաւ չէր, այլ ընդհարապէս մեր ժողովուրդը հեռացաւ գիր գրականութենէն, ճիշդ այս պատճառով հարցականի տակ կը մնայ այն, որ Պօղոսներու սերունդը կրնա՞յ կրկնուիլ կամ ոչ:

Կը կարծեմ, թէ Պօղոս Սնապեանի գրականութիւնը այլապէս ալ կարելի է արժեւորել, եթէ թարգմանուի, գոնէ իրմէ հատընտիր մը պէտք է թարգմանուի, որպէսզի անոնք, որոնք կ’ըսեն, թէ հայերէն չեն կրնար կարդալ, ծանօթանան Սնապեանի գրականութեան: Անոր գրականութիւնը պէտք է հասցնել նաեւ Հայաստան, նոր ժամանակներու ընթերցողին, ինչո՞ւ չէ, նաեւ հատընտիր մը Հայաստանի խորհրդային օրերուն կատարած քննադատութիւններէն: Այսօր շատեր անտեղեակ են այդ օրերու կատարուածներէն եւ հանդէս կու գան անճիշդ յայտարարութիւններով, ուրեմն նման գիրք մը շատ կարեւոր եւ վաւերագրական արժէք պիտի ունենայ` ցոյց տալու համար, որ շատ բան ըսուեցան այդ օրերուն, սակայն շատ լսողներ չկային: Իսկ ո՞վ պիտի կատարէ այս մեծ ու կարեւոր աշխատանքը, ատիկա մեծ ու կարեւոր հարցումն է, որուն պատասխանը չունիմ:

Հ. Է.- Պօղոս Սնապեան իր ընկերական կեանքին մէջ ինչպիսի՞ մարդ էր:

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.– Մուսալեռցի մարդ էր, գաւաթը սիրող, քէֆը սիրող, երգը սիրող: Ես շատ առիթ չեմ ունեցած անոր հետ վայելելու այս բոլորը, սակայն նախապատերազմական ժամանակաշրջանին, երբ լիբանանեան իրավիճակը, զբօսավայրերը աւելի հանգիստ կացութեան մէջ էին եւ մտաւորականներու, գրասէրներու հաւաքականութիւնը, Համազգայինի շրջանակը մտաւորականներով հարուստ շրջանակ էր, կատարեալ ուրախութեան, քէֆի մարդ էր Պօղոս Սնապեան:

Պօղոս Սնապեանի կեանքի վերջին տարիներուն, կ’ենթադրեմ, որ ինք գիտէր, թէ ժամանակը հասած էր այլեւս, որ ուշ կամ կանուխ պիտի մեկնի այս աշխարհէն. բացառիկ աշխատասիրութեամբ, կիրքով, հեւքով իր տասնամեակներու ամբարածը թուղթին յանձնելու արշաւի մէջ էր: Տարբեր առիթներով «Նայիրի»-ի մէջ լոյս տեսած գրութիւններ կ’ուզէր ինձմէ, երբ կը բերէի իրեն, այնպիսի ուրախութեամբ եւ յափշտակութեամբ կը վերընթերցէր: Մինչեւ իսկ հիւանդանոցը, իր մահիճին վրայ եղած պահուն կ’ըսէր. «Յակո՛բ, երբեմն կը պատահի, որ միտքս մտածում մը կու գայ, անմիջապէս կնոջս կ’ըսէի, որ գրի առնէ, երբ ելլեմ, պիտի ամբողջացնեմ»: Քանի մը անգամ մտաւ հիւանդանոց, յաղթահարեց տարբեր հիւանդութիւններ, սակայն վերջին անգամ չկրցաւ դուրս գալ Աստուծոյ տնօրինումէն, սակայն այն, ինչ որ ձգեց հրատարակուած, եւ այն, ինչ որ ձգած է` մէկ մասը վերամշակուած, մէկ մասը անմաշ ձեռագիրներ, կը հաւատամ, որ անպայմանօրէն պէտք է անոնց վրայ աշխատցուի, որպէսզի նուազագոյն տուրքը տուած ըլլանք նման հսկայի մը:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ.- Պօղոս Սնապեան վէճեր, խնդիրներ ունեցած է, սակայն ես յաճախ կը մտածեմ մեր ժողովուրդի մէկ խելացի խօսքին մասին, որ մահէն ետք առաքինութիւնները կ’ապրինք: Այսինքն, բոլոր այն մարդիկը, որոնց հետ ան վէճ ունեցած է, պէտք է քաջութիւնը, ողջախոհութիւնը ունենան այսօր ըսելու, որ այս մարդը, որ գնաց, ճիշդ է, մեզի հետ վէճ ունեցած է, բայց որեւէ հարցով չէ, որ եղած է ատիկա, խանութ գրաւել կամ չգրաւելու հարց չէ, այլ գաղափարական, արուեստի, մշակոյթի հարց է, եւ այս իմ անհետացման առիթով եւ կ’ակնկալեմ, որ այն մարդիկ, որոնց հետ ան վէճ ունեցած է, անոնք արտայայտուին նաեւ իր մասին`  արտահանելով այն  ինչ որ կար այդ վիճարկումի, տարակարծութեան մէջ, որոնք կը բխէին ո՛չ թէ անհատական կիրքէ, այլ` արուեստի մօտեցումի, մեր արժէքներու պահպանման տեսակէտի տարբերութենէ: Ես կը կարծեմ, թէ յառաջիկային այս մարդիկը պիտի արտայայտուին:

Հ. Է.- Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Օշականի աւանդութիւնը շարունակող Պօղոս Սնապեանի մասին:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ.- Իրապէս ինք շարունակողը եղաւ Յակոբ Օշականի կիրքին, որովհետեւ Օշական եւս կիսամիջոցներով չէր գոհանար: Պօղոս Սնապեան հիացողը մնաց իր ուսուցիչին, սակայն այդ հիացումը երբեմն մտածողը կը բանտարկէ. Պօղոս Սնապեան քիչ մը չկրցաւ թօթափել իր օշականեանութիւնը. շատ զարգացուց, սակայն այլ դրոշմ մը կրնար դնել իր գրականութեան, իր քննադատութեան վրայ, զոր հաւանօրէն իր հիացումը արգելակեց:

Հ. Է.- Մեր զրոյցի աւարտին` ձեր սրտի խօսքը:

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Զրոյցին ընթացքին քանի մը անգամ ըսի, որ գործը պէտք է շարունակուի: Եթէ մենք իսկապէս Պօղոս Սնապեանը սիրած ենք, արժեւորած ենք, միակ ձեւը այդ սէրը արտայայտելու եւ արժեւորումը հարուստութեան վերածելու, Պօղոս Սնապեանի գործը շարունակելն է: Սակայն պէտք է շեշտենք, որ «Վէրքերով լի»-ին մէջ կամ դամբանականներու աւարտին ըսուած խօսքերով պէտք չէ բաւարարուիլ, որովհետեւ խօսքը գրական գործին մասին է, անոր հրատարակութիւնները աւելցնելու մասին է, իր խիզախութիւնը, առնականութիւնը մեր գրականութեան, արտայայտութեան, կեցուածքներուն մէջ պահելն է: Այլապէս պիտի անցնին տարիները, պիտի ըսենք, որ Պօղոս Սնապեանէն 35-40 հատոր գիրք կայ, անոր մահուան տասնամեակին մէկը կրնայ ելլել ճառ մը արտասանել եւ այդպիսով աւարտի ամէն ինչ:

Պօղոս Սնապեանը մեր ժողովուրդին գրական, ազգային-հասարակական, կուսակցական անդաստանին մէջ գործունէութիւն, բուռն կեցուածքներ ունեցած մարդ եղած է, թերեւս այդ է պատճառը, որ մեր ղեկավար մարմիններուն մաս չէ կազմած: Ես կը կարծեմ, թէ Պօղոս Սնապեան հարստացնող երեւոյթ է, եւ մենք պէտք է այդ երեւոյթին ունեցած արժէքին գիտակցութիւնը պահենք ու պահպանենք:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ.- Եթէ կ’ուզենք, որ Պօղոս Սնապեանը մնայ ու ապրի, շատ պարզ բան մը պէտք է ընենք` մեր ժողովուրդը վարժեցնենք անոր գիրքերը կարդալու, այլապէս կը մնանք ճառի սահմանին մէջ, հռետորութեան մէջ, իսկ եթէ կ’ուզենք մարդը ճանչնալ, զայն գնահատել, պէտք է գիրքին էջերը բանալ: Ընթերցումը բան մըն է, զոր ուրիշներ մեր փոխարէն չեն կրնան ընել: Հետեւաբար գիրքը պէտք է կարդալ, գիրքը պէտք է գնել, որպէսզի հայ գրողը իր գրիչով ապրելու իրաւունք ունենայ:

Պօղոս Սնապեանը գնաց, հիմա իր գիրքերը կան, իր գրիչով ապրելու հարց չունի, բայց եթէ ընթերցումը շարունակուի, իր գիրքերը կրնան վերահրատարակուիլ, իր հատընտիրները կը կազմուին, այլապէս կրկին պիտի սպասենք մեկենասներու:

Եթէ Պօղոս Սնապեան պիտի կարդանք, պէտք է կարդանք իր գիրքերը` բոլորս անխտիր, ղեկավար դասէն մինչեւ պարզ ժողովուրդ ու նոր սերունդ:

           

Նախորդը

Սերոբ Գալայճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

Պօղոս Սնապեանի Քառասունքին Առիթով. Մեծ Արժէքին Նուիրուած Յաւելուած

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.