https://www.aztagdaily.com/pdf/kragan/kragan.pdf
Թանկագի՛ն Պարոն…
Անունդ Թող Ըլլայ Փարոսս
Տարածուած լուրին իսկութիւնը ստուգելու լծուած եմ` ժպիտը դէմքիս:
Շշուկներ կան այն մասին, որ Պարոնը «Ազդակ»-ի յարկին տակ` մեր գրասենեակին կից գտնուող գրասենեակին մէջ «պիտի բնակի» այսուհետեւ…
ՄԱՐՏ 2007
Բազում յիշատակներ, անշահախընդիր սէր ու գուրգուրանք, անհամար խորհուրդներ, անսպառ շունչ եւ բաբախող ոգի, մնայուն ու յաւերժական զօրակցութիւն, քաջալերանք, մղիչ ուժ, ներշնչումի աղբիւր, քեզ իբրեւ ուսուցիչ-դասախօս ունենալու հպարտութիւն, մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ միշտ ՄԱՐԴը գերակշիռ պահելու կոչ, անխօս, սակայն ազդու պատգամներ ու կեանքիդ էջերէն ու ապրուած օրերէդ ինծի հասնող դասեր…
Մտապատկերիս մէջ քեզ ունենալով` նստած կը փորձեմ այս բոլորը մէկտեղել, ապա անոնցմէ ընտրութիւն կատարել եւ քու մասիդ էջեր մրոտել, ինչպէս դուն կ՛ըսէիր, սիրտս տրոփելու մղող, էութեանս զարնուող, ջիղերս արթուն պահող եւ հոն խռովք ու ալեկոծում յառաջացնող դէպքէ մը, խօսքէ մը, յիշատակէ մը մեկնելով…
Քու մասիդ էջեր… Գրեթէ անկարելի, այսքան հարստութիւն քանի մը էջի մէ՞ջ…
Դժուար է, անկարելի ըլլալու չափ:
Ինչպէ՞ս ընտրել, երբ այդ բոլորով մարմին կ՛առնես ու դիմացս կը կանգիս կրկին, մեղմ, սակայն խօսուն նայուածքդ կ՛ուղղես աչքերուս` վստահեցնելով, որ բոլոր նախաձեռնութիւններուս մէջ, ըլլան անոնք յաջողած կամ ոչ, իմ կողքիս ես` քաջալերելու կամ ուղղութիւն տալու…Ինչպէ՞ս ընտրել, երբ քու անսահման գուրգուրանքով ու սիրովդ զգացած եմ, որ իսկական հոգեւոր հայր մըն ես, որ պատրաստ է ընդառաջելու ամէն տեսակ խնդրանքի, լսելու ամէն տեսակի տրտունջ եւ մտահոգութիւն, ունկնդրելու թուղթին սպիտակութիւնը չէզոքացուցած որեւէ գրութիւն, ի՛նչ արժէք ալ ունենայ ատիկա…Ինչպէ՞ս ընտրել, երբ այս ամբողջին համախմբումն ես ու պիտի մնաս ուսանողներուդ համար, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յատուկ կարեւորութիւն ունէր քեզի համար, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին հետաքրքրութիւնդ երբեմն անակնկալի կը բերէր զիս, երբ կը յիշէիր Հայագիտականի հիմնարկը աւարտելէ ետք երբեք քեզի հետ կապ չհաստատած անձերն անգամ ու անոնց մասին լաւ լուրեր կը պահանջէիր…
Եթէ կարենայի իսկապէս ընտրել, պիտի ընտրէի անգամ մը եւս դիմացդ կանգնիլ եւ ըսել… «Պարո՛ն, տագնապի մէջ եմ, ի՞նչ ուղղութիւն կու տաս»: Ու լուռ պիտի լսէիր զիս տագնապեցնող, հոգիս խռովող եւ միտքս տանջող հարցերը: Ապա, լսածներուդ լոյսին տակ դէմքիդ վրայ ուրուագծուած արտայայտութեամբ մը պիտի նայէիր ինծի, պիտի բարձրացնէիր աջ ձեռքդ` բութամատդ ու ցուցամատդ իրար միացնելով ու ըսէիր.
– Հիմա նայէ, հետեւեալը կայ…
* * *
Ամբողջովին ուրանալով, որ քու սիրեցեալ գիւղիդ` Այնճարի հողը գրկած է քեզ արդէն, կը շարունակեմ նաւարկել ծովուն վրայ մեր յիշատակներուն` միտքս եւ սիրտս արժէքներով օրհնած:
Առաջին հանդիպում…
Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի պատմական, գեղեցիկ ու խորհրդաւոր շրջափակին մէջ ենք Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի աղջիկներով, մեր ուսանողական խենթութիւններուն եւ չարաճճիութիւններուն «կը հետեւին» Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը, քիչ անդին Բարսեղ Կանաչեանն է, որ երաժշտական իր աշխարհին մէջ տարուած կը թուի: Անոնք մեր ամէնօրեայ «ընկերներ»-ն են` ականջալուր ու ականատես մեր ուրախութիւններուն, գանգատներուն, տխրութիւններուն, յուզումներուն, ուսանողական փոքրիկ դաւերուն, ներքին անհամաձայնութիւններուն եւ կնքուած հաշտութիւններուն:
Այդ խորհրդաւոր տարածք մուտքդ տարբեր կշիռ եւ լրջութիւն կը բերէ իրեն հետ, այդ մթնոլորտը կը տարածուի նաեւ մեր վրայ, եւ իսկոյն կը փորձենք աւելի պատշաճ կեցուածքի մէջ ըլլալ… Դէմքիդ վրայ ո՛չ մէկ խստութիւն, ո՛չ մէկ խոժոռութիւն, այլ ժպիտ` մեր անլուրջ վիճակէն լուրջ փոխանցուելու մեր անյաջող փորձի՞ն ի տես, թէ՞ ընդհանրապէս քու նկարագիրիդ յատուկ դրսեւորումով, այդ օրերուն չէինք գիտեր:
– Պօղոս Սնապեանն է,- կը յուշէ մեզմէ դասարան մը բարձր ուսանողներէն մէկը:
Անորոշութեան եւ շփոթի տրամադրութիւն մը կը տարածուի պայծառ արեւու ճառագայթներուն եւ մեր միջեւ, կարծես չենք գիտեր` ուրախանա՞լ, թէ՞ տխրիլ, մեծ գրագէտէ մը դասեր առնելը արդեօք դրակա՞ն, թէ՞ ժխտական ձեւով պէտք է ընկալել: Հաւանաբար ծանր ըլլայ մթնոլորտը, դանդաղ անցնին ժամերը, տարիներու վաստակդ, աշխատանքդ, ազգային ու գրական ուրոյն գործունէութիւնդ յաւելեալ լրջութիւն տան դասապահերուն ու կաշկանդեն մեզ…
Մինչ հարցումներու շարքը կը շարունակէ երկարիլ, եւ մենք յաւելեալ թափ կու տանք մեր երեւակայութեան.
– Շատ հաճելի կ՛ըլլան իր դասապահերը, դասաւանդման իր ուրոյն ձեւն ու ոճը ունի, պարզ, անմիջական անձնաւորութիւն մը,- կը շարունակէ այդ ծանօթ-անծանօթը մեզի ներկայացուցած ուսանողուհին:
Խօսքը շուտով գործով կը հաստատուի, քեզի հետ անցուցած մեր երկու տարեշրջաններուն վայելքն ու հպարտութիւնը ոսկեայ շղթայի մը նման կու գան աւելնալու մեր կեանքի ընթացքին վրայ, ուր իւրաքանչիւր օղակ կը կրէ քու դրոշմդ, կեանք կ՛առնէ քու մատներուդ շաղախումով, կը բաբախէ քեզմէ մեզի հասնող ներուժով, կիրքով, կը փայլի ուսանողներուդ նկատմամբ քու ունեցած ուրոյն հոգածութեամբ, սիրով եւ քաջալերանքով: Իւրաքանչիւր դասապահ մեծապէս կը տարբերի նախորդէն, արդարեւ, ամէն անգամ քու գանձարանէդ բազմազան արժէքներ կը հրամցնես մեզի, մեր ձեռքէն սեղմած` պտոյտի կը տանիս գրականութեան բազմաթիւ փողոցներով, կը պեղես մեզի իսկ անծանօթ կամ մեզմէ թաքուն մեր ներաշխարհը, հոնկէ դուրս կը բերես մեր գրելու ունակութիւնը եւ մեզ զարմացնելով` մեզի կը մատուցես քեզմով ծաղկող մեր գրիչէն կեանք ու ոգի, մարմին եւ շունչ առնող մեր ստեղծագործութիւնները: Այլեւս կը դադրիս Պօղոս Սնապեան ըլլալէ, այլ կը դառնաս Պարոնը, մեր Պարո՛նը: Մենք ալ կը սկսինք քեզ իբրեւ դասախօս ունենալու ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը փայփայել եւ քեզ վայելել իբրեւ սիրելի բարեկամ, մեզ կաշկանդող պատնէշները քանդել պահանջող օշականեան ուժ, ինքնավստահութեան սերմերը նետող վարուժանեան սերմնացան: Ու տակաւին… մեր իւրաքանչիւր յաջողութեան, գրական լաւ փորձի, կարդացուելու արժանի գրախօսականի համար ուրախացող առաջնորդը, որուն բարութեան կը վստահէինք նաեւ մեր սխալներուն նկատմամբ ներողամտութիւնը, մեր թերութիւնները գիտակցաբար անտեսելու առաքինութիւնը, եւ հիմնականը` հակառակ ամէն ինչի մեղմ ժպիտով մեզ ընկալող Պարոնը:
Մեր վկայականաց բաշխման հանդիսութեան աւելի լայնցած էր ժպիտդ, առաւել լուսաւոր կը փայլէին աչքերդ, հպարտ էիր մեզմով: Եկած էիր ո՛չ միայն ուսուցիչի, այլ նաեւ հոգեւոր հօր հարազատութեամբ եւ սպասումով, կը հետեւէիր իւրաքանչիւրիս շարժումին եւ մեզ շնորհաւորած պահուդ չէիր մոռնալ յիշեցնել. «Շարունակեցէք գրել, ստեղծագործել, պատռել եւ նորէն թուղթ մրոտել…»:
Վերջին հանդիպում…
Մահէդ երկու օր առաջ էր, հիւանդանոցն էինք, խօսեցանք տարբեր նիւթերու մասին, հակառակ առողջական ծանր վիճակիդ, տակաւին մտահոգ էիր հայութեամբ, Հայաստանով, ազգային հարցերով: Պայքար կը մղէիր մահուան ու կեանքին դէմ միաժամանակ, տակաւին կառչած էիր կեանքին, ծրագիրներ ունէիր, բազում տուածիդ կողքին դեռ շատ աւելի գրելիքներ կային, սակայն մարմինդ սկսած էր դաւաճանել քեզի, ի՜նչ տագնապներ յաղթահարած մարմինդ ա՛լ հակասութեան մէջ էր դեռ երիտասարդ, տակաւին ուժգին բաբախող, կեանքով տրոփող, կեանք ու յոյս ճառագայթող սրտիդ եւ հայ գրականութեան պատմութիւնը հարստացնելիք ի՜նչ գանձերով լի ուղեղիդ հետ… Բաժանումի պահուն ձեռքդ սեղմեցի, ըսի` «Պարոն, նորէն կու գամ»: Սովորականէն տարբեր սեղմեցիր ձեռքս, երկա՜ր, նոյնիսկ շուրջս եղողներուն ուշադրութիւնը գրաւելու չափ, եւ ըսիր. «Եթէ ես չգամ, այն ատեն դուն կու գաս…»:
Ցնցուեցայ, սակայն չուզեցի պատգամը հասկնալ, մերժեցի հաւատալ, որ այլեւս պիտի զլացուի ինծի կրկին քեզի այցելելու, դարձեալ ձեռքդ սեղմելու եւ` «հը՜, ի՞նչ կայ չկայ» հարցումիդ ի պատասխան քեզի հոսկէ հոնկէ լուրեր փոխանցելու առիթը: Ինչպէ՞ս հաւատայի, որ ատիկա մեր վերջին հանդիպումը պիտի ըլլայ… Քաջութիւնը պակսեցաւ` քու առյաւէտ բաժանումիդ մասին մտածելու անգամ, թանկագի՛ն Պարոն:
Անգամ մը եւս չէիր սխալած, վերջին անգամ ըլլալով` կրկին ճիշդ էիր… Ես չեկայ հիւանդանոց, դուն եկար` ոչ ֆիզիքապէս, սակայն հոգիովդ, հմայքովդ, բարութեամբդ, մեծութեամբդ եւ վեհութեամբդ: Եկար…. բայց աներեւոյթ:
Իմ էութեանս մէջ դրոշմուած ՄԱՐԴ-ու ու ՀԱՅ-ու տիպարդ արդէն դադրեցաւ ֆիզիքապէս կողքիս ըլլալէ` խոր վիշտի մէջ ձգելով քու իսկական արժէքդ գիտցողներն ու քեզ անշահախնդրօրէն արժեւորողները:
Քեզի նման անձերու մահը ինքնաբերաբար կարելի չէ տարիքի կապել, այլ քու առյաւէտ հեռացումդ կը դիտուի քեզմով ստեղծուած այն ահաւոր դատարկութեամբ, որ քիչ քիչ աւելի տիրական, աւելի զգալի եւ աւելի ահաւոր կը դառնայ…
* * *
Մինչ քեզի հետ կը շարունակեմ «նաւարկութիւնս», պատկերասփիւռէն կը հնչէ Վահան Տէրեանի երգի վերածուած բանաստեղծութիւնը, եւ միտքս ու հոգիս կանգ կ՛առնեն տողի մը վրայ…«Անունդ թող փարոս լինի ինձ»…
Կը կառչիմ տողին, ներքին ալեկոծում մը կը խռովէ հոգիս, եւ ի սրտէ կը փափաքիմ քեզ դիմացս ունենալ եւ վերջին անգամ ըլլալով թախանձագին խնդրել, որ ըլլաս իմ փարոսս, որպէսզի թէ՛ մարդկային կեանքին մէջ, թէ գրական աշխարհին մէջ չմոլորիմ, քեզ ունենամ իբրեւ տիպար ու պատգամ, անունդ պահպանեմ իբրեւ լոյս ու յոյս…
«Այսօր թերեւս միայն քեզի պէտք ունէի, միա՛յն քեզի, քեզի՜: Եւ ուրիշ ո՞վ կրցած է անտանելին մոռցնել, ո՞վ կրցած է յագեցնել ժամանակ առ ժամանակ ու ա՛յս ժամուն զիս մրրկող ծարաւը, ուրիշ ո՞վ կրցած է վայելքէն յետոյ անմիջական ծարաւներ բորբոքել սրտիս ու իր զօրութեամբ բուժել վայելքին յաջորդող ձանձրոյթը»: Այս խօսքերը սպիտակ թուղթին կ՛ուղղես` «Կորստեան թոյներ» գիրքիդ մէջ, իսկ այս տողերը այսօր ես կ՛ուղղեմ քեզի, թանկագի՛ն Պարոն, դուն, որ ուսանողներուդ եւ թուղթին միջեւ բարեկամութեան ու հաշտութեան կնքման մնայուն կնքահայրը դարձար, դուն, որ յիշեցուցիր մեզի, որ գրականութեա՛մբ մարդ կը ծարաւնայ, կը յագենայ, կ՛ապրի ու կը յաւերժանայ, ինչպէս դուն… ԱՆՄԱ՛Հ ՊԱՐՈՆ…
Տարածուած լուրին իսկութիւնը ստուգելու լծուած եմ` արցունքը աչքերուս, թախիծը սրտիս:
Շշուկներ կան այն մասին, որ Պարոնը «Ազդակ»-ի յարկին տակ` մեր գրասենեակին կից գտնուող գրասենեակին մէջ «պիտի չբնակի» այսուհետեւ…
ՅՈՒՆԻՍ 2014
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Պղտոր Ջուրեր»-Ու Վերջին Զանգով…
Եկեղեցւոյ զանգին ձայնը չէր, որ զիս հրաւիրեց համակարգիչիս առաջ, ոչ ալ պարտականութեան մը համար առաջնորդուեցայ սեղանիս վրայ գտնուող այդ գործիքին, այլ պարզապէս, զգալով ներքին մղում մը հաղորդակցման, որուն, դժբախտաբար, առաջին անգամն է, որ իմ Պարոնս պիտի արձագանգէ «լռելեայն», առանց իր խօսքը փոխանցելու ինծի. նոյնիսկ սպասուած ժպիտն անգա՜մ պիտի չտեսնեմ դէմքին…
Քննութեան համար վերջին աշակերտս կանգնած էր դիմացս եւ ընթերցանութեան համար լրացուցիչ հարցումներ կ՛ուղղէի, երբ եկեղեցւոյ զանգին հետ դող մը անցաւ մարմինէս. նիշը դրի եւ ուսուցչարան վերադարձիս լսեցի…
Վերջին զանգին հետ «Վերջին դասը» կարծէք հնչած ըլլար…
Աճապարեցի տուն վերադառնալ, մտածումներս այնքան խառնուած էին իրար, հալածանքէ մը փախուստ տուողի պէս խելագար քայլերով: Նստայ գրամեքենայիս առջեւ եւ փորձեցի «ուրիշ մարդ դառնալ» (ինչպէս դուք կը պատուիրէիք). չյաջողեցայ ուրիշ մը ձեւանալ, որովհետեւ իրականութենէն անջատումի ելքը չգտայ: Քաջութիւնս հեռացաւ կարծէք պահ մը. շոգիացաւ. չմնաց. սակայն մօտիկ անցեալին քաջութիւնն էր մղիչ ուժը, որ զիս ուղղեց ձեր տունը, ապա` հիւանդանոցի հսկողութեան սենեակը. երբ ուրիշներ արդէ՛ն յանձնուած էին գեղեցիկ պատկերով մը վերջ տալ իրենց երազներու բախումին, ես տարբեր մղում ունէի` գալ, խօսիլ, պատմել, դուրսի աշխարհը ձեզի մատուցել. ինչ որ յաճախ կ՛ըլլար մեր տեսակցութիւններուն մեծ մասը` անցեալէն դէպի ներկայ փութացող ըսելիքներով զեղուն…
Մեր վերջին հանդիպումը հսկողութեան սենեակին մէջ էր. դուք` գիրքերու փոխարէն շրջապատուած էիք սիրտի, ճնշումի ու տարբեր տեսակի գործիքներով. դուք մտահոգ էիք ձեր առողջութեամբ, երբ շատ մեծ վստահութիւն ունէիք դեղերու ու բժիշկներու արագ դարմանումին. քաջալերեցի` ըսելով. «Պարո՛ն, այստեղ եղողը շա՛տ արագ կը բուժուի, որովհետեւ ամէն երկվայրկեան դեղ կու տան, կը հսկեն, որ դուք արագ պիտի ապաքինիք»: Այս խօսքերս աւարտելով աճապարեցի դուրս գալ սենեակէն, վերջին անգամ մըն ալ նայելով ձեր աչքերուն. չսպասեցի պատասխանի, բայց ժպտեցաք, եւ դուրս ելայ «ցտեսութիւն» ըսելով ձեզի…
Կը վերադառնայի տուն, բայց միտքս տակաւին կը մնար այնտեղ` այդ դաժան սենեակին մէջ. կը մտաբերէի քիչ առաջուան կեղծ ժպիտս, երբ բուռն փափաք մը ունեցած էի յեղափոխելու այդ սենեակին տգեղութիւնը, ոտքի հանելու Պարոնը ու զինք բերելու իր նախասիրած Այնճարի պզտիկ քառակուսի ընթերցարանը, իբրեւ գրականութեան փոքրիկ լսարան:
Աչքիս առջեւ կը պատկերէի մօտիկ անցեալը` մեր լսարանի դասերը, Պարոնին խորհուրդները, դադարներուն մեր մտերմիկ խօսակցութիւնները, հայրենական կարօտներն ու «ի՞նչ պիտի գրես»-ի յորդորները, նաեւ` հինգ հարիւր տարուան ընթացքին ի՛ր ընելիքները…
* * *
Դասի մէկ պահուն, երբ կը փորձէի ձեզ համոզել, որ ձեր պահանջած գրութիւնը կրնայ ուշանալ բազմազբաղութեանս պատճառով, դուք յամառօրէն կրկնեցիք հետեւեալը.
– Լաւ է, որ կը խոստովանիս, թէ այսքան ընելիք ու կարդալիք ունիս. կարծեցիր դիւրի՞ն բան է գրականութեան ուսանող ըլլալը, ինծի աշակերտ ըլլալդ… ես ձեր ջուրը պէտք է քամեմ, ձեր վրայ կոխկռտեմ, ինչպէս հողը, որպէսզի լաւ բերք տաք, ու ես ձեզմով հպարտանամ, նոյնիսկ ճամբան քալած ատենս…
Ու ես ալ չկրցայ ժպիտս զսպել, ըսի.
– Հիմի բասբըրդդ ձեռքդ կը տամ…- եւ որքան խնդացինք:
Միջանցքին մէջ կամ լսարանը մարդ հալածողի պէս կը փնտռէի զինք, աւելորդ հատուած մը կարդացած ըլլալուս կամ հարցումի մը համար. (նշեմ, որ ինք դասապահէն մօտ կէս ժամ առաջ այնտեղ կ՛ըլլար, թուղթերու ու գրութիւններու մէջ ինքզինք թաղած). կը սպասէի պատասխանի. գլուխը վերցնելով կը նայէր երեսիս, կը հանէր ակնոցը ու կը սկսէր մանրակրկիտ բացատրութիւն տալու, միտքիս մէջ հարցումի կամ շփոթի ալիքը չէզոքացնելու նպատակով. աւելին` այնքան հարուստ տեղեկութիւններ հաւաքած կ՛ըլլայի, որ կարծէք հերոսամարտի մը յաղթանակը ապահոված ըլլայի:
Հետզհետէ նկատեցի, որ իմ մէջս ալ բան մը յեղաշրջուած էր. ազատ վայրկեաններուս անպայման կ՛ուղղուէի գրադարան ու բան մը որոնողի պէս աչքս կը պտտցնէի տարբեր դարակներու վրայ, կ՛երկարէի ձեռքս ու հազիւ տասը-տասնհինգ տող կարդացած` կը լսէի ընդմիջումը աւարտող զանգին ձայնը. գիրքը գոցելով կը դնէի տեղը: Գրադարանապետուհին` նկատելով գիրքերու հանդէպ սէրս, առաջարկեց վերցնել որեւէ մէկը ու շաբաթ մը ետք բերել զայն: Ուրախութիւնս մեծ էր, սակայն ո՞ր մէկը ընտրէի. տխրութիւն մը իջաւ հոգիիս, որովհետեւ գիրքերը լաթակազմ կողքով գրեթէ նման էին իրարու, իսկ գիտցած գրութիւններս ալ արդէն տունը ունէի: Պահ մը մտածեցի երթալ Պարոնին քով ու հարցնել գիրքի մը անունը, բայց… թերեւս զայրանար… Լաւագոյն ձեւը` կարդալ ու ապա ցոյց տալ կարդացածս: Որոշումս գործնականացուցի. ութսունական թուականներու «Բագին» մը առի ու դուրս ելայ գրադարանէն:
Անհամբեր էի. գիտէի, որ մեր ուսուցիչը գրագէտ է, երկար տարիներու խմբագիր, անունն ալ կարդացած էի բովանդակութեան մէջ. ուրեմն պէտք էր կարդալ իրմէ գրութիւն մը: Բարեբախտաբար այդ օրը դասերս շատ չէին. մտայ անկողին` «Բագին»-ի թիւը ձեռքիս: Բովանդակութեան մէջ` Պարոնին անունը, որուն դիմաց գրուած էր` «Պղտոր ջուրեր»: Շատ սիրեցի վերնագիրը` «զարնուեցաւ ներաշխարհիս» (ի՛ր բառերով). մնացած անունները չկարդացի. էջը բացի ու սկսայ կարդալու. կը յափշտակէի տողերը: Բառերը վերջացան, բայց պատմութիւնը իր աւարտին չէր հասած. մնացեալ էջերուն մէջ ալ փնտռեցի, բովանդակութեան ալ. չկար մնացեալը. լուռ էի. շարժումներս դադրեցան. դիմացս կը յայտնուէր ուսուցիչը, որ միջակութիւնը կը մերժէր եւ խստապահանջ իր հայեացքով` բացառուելու յամառումը կը շեշտէր ուսանողներուս վրայ. իսկ այս տողերուն մէջ` գրագէտն էր, որ կարդացողը շնչահեղձ ընելով, սրտի արագ բաբախումով տարբեր կեանք մը կը փառաբանէր, լոյսի բերելու հոգիի թաքուն ծալքերը:
Զանգը հնչած էր. լսարանն էինք. դարձեալ Պարոնն էր մեր դիմաց. կը խօսէր ու կը վերլուծէր, կը շեշտէր, ձայնը կը բարձրացնէր… կը լսէի զինք, անոր ձայնը կ՛արձագանգէր ականջներուս մէջ, սակայն ոչ սիրտիս, ոչ երակներուս եւ ոչ ալ միտքիս անուրջին. կը պատկերացնէի զինք միւս դերին մէջ, երբ ընթերցողը յանձնուած էր իր խօսքերուն, կը հետեւէր իր երթեւեկին, մտերմութիւնը կ՛ապրէր «Պղտոր ջուրեր»-ուն, երբ յանկարծ ցնցուեցայ` զինք տեսնելով սեղանիս առաջ կանգնած.
– Ներողութիւն Պարո՛ն,- ըսի մեղմ ձայնով:
– Մտածումներուդ մասին գրէ՛ ու վաղը բե՛ր,- ըսաւ ու գնաց սեղանին վրայէն իր թուղթերը հաւաքելու:
Դասարանին մէջ մնացած էինք միայն ինքը ու ես:
Յաջորդ օրը, այս անգամ տնտնացող քայլերով, ներկայացայ իրեն. դեռ տասը վայրկեան կար զանգին. ձեռքս երկարեցի ու յանձնեցի գրածս. բացաւ թուղթը ու բարձրաձայն կարդաց.
– «Պղտոր ջուրեր»:
Նայեցաւ դէմքիս, աչքերուս, ու իր շեշտակի նայուածքին մէջ նշմարեցի ժպիտը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը շողար դէմքին: Շրթներս դողացին, թուքս մեծ դժուարութեամբ կուլ տուի, փոքրիկ ժպիտ մը նշմարելի եղաւ կարծեմ դէմքիս եւ արագ քայլերով միացայ ընկերներուս:
Այդ պայծառութիւնը ես տեսայ տարիներ շարունակ մեր իւրաքանչիւր հանդիպումին, եւ խստութեան հետ միաձուլուող ժպիտը երբեմն զիս առաջնորդեց, հալածեց ու տակաւին կը շարունակէ ալ այդպէս…
Սիրելի՛ Պարոն,
Աբովեանի պողոտան ձեզի պիտի կարօտնայ… Լաւ կը յիշեմ երբ Գրողներու համագումարի առիթով Հայաստան էինք, գիշերային Երեւանի խաղաղ երկինքին տակ, հայրենի հողին փառքն ու ջուրը վայելելով, Արամեան տիտանով ու Ռուբէն փաշայի «պարտադրանքով» նուաճուած հողին ուժն ու գաղտնիքը ապրելով` միտքի անջատումով մը բարձրաձա՛յն կրկնեցիք ձեր սիրելի ուսուցիչին կտակը` «Վերստին զիս հա՛յ ստեղծէ»…
Յ.Գ. Ներեցէք պարոն, եթէ այս տողերուս մէջ փախած ըլլան աւելորդ ստորակէտ մը, բառ մը, բայց գիտցէք, որ խոր շունչով արձանագրած եմ կարգ մը յիշատակելի պահեր, արցունքով ու ժպիտով վերարտադրած եմ զանոնք, երբեմն գրական շունչ փչելու անոնց վրայ ու «համով»` ինչպէս միշտ կ՛ուզէիք, որ հնչիւններուս մէջ հարազատ ապրումներս հոսին…
Գրականութեան վերջին ուսանողներէդ`
ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Պօղոս Սնապեանին
Յիշատակին Անմահներուն Մահ…
Ամէն ատեն, երբ սիրելի մը բաժնուի կեանք կոչուող այս ժամանակաւոր պայքարէն ու հանգիստ ննջէ հողին տակ` իր հոգին խաղաղած, հոգիս կը խռովի… կը ցաւի, հիւլէ մը կ՛ելլէ ու կ՛երթայ հարազատիս հետ: Այդ պահը կ՛ապրիմ հիմա` ի լուր Պօղոս Սնապեան անուն մօրեղբօրս մահուան:
Պօղոս Սնապեան…
Ծանօթ անուն եղաւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ մանաւանդ սփիւռքի մէջ: Գրաքննադատ, ուսուցիչ, յեղափոխական, գրագէտ եւ շատ ուրիշ բաներ. այդ մասին շատ կը գրուի դեռ. իմ այս երկտողս պարզապէս հոգիի պարտք մըն է` որպէս ոգեղէն խունկ իր շիրիմին:
«Շունը» մեռաւ… Եթէ երբեք այդպէս էր, «դուն այդ շունն էիր», որ իր սուր հոտառութեամբ փնտռեց հայ շունչը, հայկականութիւնը, մշակոյթը: Եթէ երբեք կեանքդ պայքար մը եղաւ մեր յեղափոխութեան համար, այդ մէկը ժառանգած էիր «ֆետայի» հօրմէդ… Եթէ երբեք թոյլ չտուիր, որ վատոգի, կարմիր օտարներ մօտենան մեր սրբութիւններուն, ըլլան անոնք արեւմտահայ թէ արեւելահայ… Պէտք է սգանք ուրեմն քու մեծ կորուստդ, որովհետեւ այսօր արեւմտահայ գրականութեան խիզախ պաշտպանը մտաւ գերեզման:
Վաստակովդ, ձգած գործերովդ անմահութեան գացիր, գիտենք… Բայց եւ այնպէս, անմահներուն ալ մահը կու գայ այն ատեն, երբ անոնց գործը շարունակող չկայ:
«Շուներ» շատ կան… Մեզի պակսողը խիզախ գամփռներն են այս օրերուն: Սխալին, սուտին, միջակութեանց դէմ դնող գամփռները:
Վստահ գիտեմ, հիմա շատեր շունչ պիտի քաշեն. իրենց գործէն հաշիւ պահանջող չկայ… Իրենց բանագողութիւնը եւ միջակութիւնը մէջտեղ հանող չկայ: Իրենց խարխուլ նաւը աւազներուն մէջ խրող չկայ… «Ես իմ անուշ Հայաստանի» երգողը չկայ… ծայրայեղ հայը չկայ…
Այս ամէնը` իր կարգին… Որպէս մարդու` իր կեանքը եղաւ տառապանքի կեանք մը: Ինչե՜ր չտեսաւ… Իր սերնդակիցներուն հետ ճաշակեց ամէն լեղի դառնութիւն, գաղթականութենէն մինչեւ «Ժառանգաւորաց»-ի գիշերօթիկ կեանք: Գիշեր-ցերեկ աղօթողէն մինչեւ գիշեր-ցերեկ հայհոյող, պայքարող յեղափոխական:
Այո՛, ինչ խօսք, ազգը նայեցաւ իրեն, բայց եւ այնպէս իրը մնաց համեստ պանիր-հացը: Սահեանի բառերով` «Ոչ կարգին տուն ունեցաւ, ոչ ալ կարգին անտուն մնաց»: Աշխարհով մէկ ման եկաւ, Պուրճ Համուտի իր տնակը միշտ փնտռեց: Ռմբակոծում, պատերազմ, վիշտ արգելք չեղան իր շատ սիրելի «Բագին»-ի կրակը վառ պահելուն: «Բագին»-ի արժանի քուրմը եղաւ երկար ատեն: Եթէ «Բագին»-ը մարի եւ իր գործը չշարունակուի, այն ատեն է, որ ան կը մեռնի:
Եղան մարդիկ, որոնք քար նետեցին, կից զարկին… Ինք խղճաց անոնց, եւ իր մխիթարութիւնը գտաւ կարդալուն, պրպտելուն, գրելուն մէջ, ինչպէս ինք պիտի ըսէր. «Իմ տոքթորաս գիրն է, գրականութիւնն է, հայագիտականի աշակերտներուն` հայ գրականութեան հանդէպ յարգանք ու սէր պարտադրելն է»:
Այս բոլորին մէջ, իր այնքան պաշտելի կողակիցին` Աղաւնիին դերը քիչ չեղաւ: Արդէն դժուար է հայ կին ու մայր ըլլալը ինքնին, նոյնքան եւ աւելի դժուար է յեղափոխական, կեանքով ու եռանդով լեցուն գրագէտի մը կինը ըլլալը: Հասկցողը գիտէ… բայց ան համբերութեամբ տարաւ իր ընտրութիւնը եւ իր ամուսնոյն կողքին եղաւ միշտ, կեանքի ամենադաժան ու դժուարին օրերուն անգամ, հարսանիքի առաջին շուրջպարէն, Կարինէի, Թամարի, Գալէի ուրախառիթ ծնունդներէն մինչեւ հիւանդանոցի մնաս բարովի վերջին համբոյրը:
Երբ անցեալի պատանեկան գրական փորձերս իրեն կը յանձնէի որպէս քննադատ եւ կ՛ուզէի որ խիստ ըլլար անոնց նկատմամբ, ուրախ, բարի, մօրս ժպիտը յիշեցնող ժպիտով մը կ՛ըսէր. «Գրէ՛… մի՛ կենար… մի՛շտ գրէ… շա՛տ գրէ…»: Կարծես հոգեկան ուրախութիւն մը կ՛ապրէր տեսնելով իր քրոջ որդւոյն գիրի, գրականութեան հանդէպ տածած սէրը: Պիտի ուզէր լսել օր մը, որ մարդիկ ըսէին` «Քեռիին քաշեր է»… Օր մը կ՛ըսեն, քեռի՛… Կեանքի պայմանները ինծի ուրիշ, օտար ճամբաներով տարին… կը գտնեմ ես կրկին դէպի շիրիմդ տանող նեղ, քարքարոտ գիւղիս ճամբան եւ կու գամ մոմ մը վառելու խոնարհ անմահներու յատուկ համեստ շիրիմիդ` ըսելով. «Աղքատներուն աւանդութիւնը կը շարունակուի…»:
Պիտի ուզէի քու այնքան սիրած «Վերջը յաջորդիւ»-ով վերջացնել, բայց այլեւս ո՛չ վերջ մնաց, ո՛չ ալ յաջորդ…
Հողը թեթեւ գայ վրադ:
ՍԵՒԱԿ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ, ՍԵՒԱՉ
Մեծութեան Մտերմութեան Մէջ
Մեր հայ իրականութեան մէջ նօսրացած են շարքերը մեծութիւններուն, եւ եթէ երբեք ՄԵԾ-եր գոյութիւն ունենան, ապա պէտք է գուրգուրալ անոնց վրայ, վառ պահել անոնց յիշատակը ըստ կարելւոյն, ծանօթացնել անոնց դաւանած արժէքները եւ յաչս հասարակութեան` ի ցոյց հանել անոնց մարդկայնական արժէքները:
Անձնապէս ինծի համար մեծութիւն մըն էր կեանքիս ընթացքին պատահականութեան մը բերումով քանի մը ամիս գրականութեան դասախօսս դարձած Պօղոս Սնապեանը: Սակայն այս հակիրճ տողերուն մէջ քանի մը անդրադարձումներով պիտի փորձեմ լուսարձակները սփռել ոչ միայն Պարոնի (այս բառով կը խտանար իր բնութագրումը իր ուսանողներուն կողմէ) վաստակին վրայ` իբրեւ գրականութեան դասախօսի, գրողի, գրաքննադատի, գրականագէտի, խմբագիրի եւ մտաւորականի, այլեւ պիտի ջանամ այս զանազան դերակատարութիւններուն ընդմէջէն վեր հանել Սնապեանի մարդկայնական տիպարը: Ինք իր կեանքին մէջ կատարած էր վիթխարի աշխատանք, բաւական մեծ աշխատանք ալ տակաւին կը սպասէր իր լրումին: Գուցէ իր ուսանողները ըլլան մէկական ատաղձներ այդ վիթխարի գործը շարունակելու, ո՛վ գիտէ. ինք եղաւ հաւատաւոր աշակերտ Մեծն Օշականին եւ իր կարգին հասցուց հայ գիրին նկատմամբ հաւատաւոր աշակերտներ, ուստի տարակոյս չկայ, որ դրօշակը բարձրացնող պիտի ըլլայ անպայման:
Ինչպէս ըսի ուրեմն, ասիկա ներկայացում պիտի չըլլայ դասախօսին, գրողին, իրերու բերումով` նոյնիսկ սենեկակիցին, այլ այդ դերակատարութիւններուն ընդմէջէն` գլխագիր ՄԱՐԴՈՒՆ:
***
Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին երկրորդ տարուան ուսանող էի, 1997-1998, երբ առաջին անգամ ըլլալով լսեցի, որ հիմնարկի եռամեայ ուսումնառութեան գրականագիտական բաժանմունքին համար իբրեւ հայ գրականութեան հիմնական դասախօս պաշտօնավարելու հրաւիրուած է «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսի բազմամեայ խմբագիր պարոն Սնապեանը: Ափսոսացի, որ մնայուն իր դասերուն ներկայ չեմ կրնար ըլլալ, որովհետեւ հայոց պատմութեան բաժինը ընտրած էի, բայց փափաքեցայ, որ իբրեւ ազատ ունկնդիր իր դասախօսութիւններուն ներկայ գտնուիմ գոնէ առաջին կիսամեակին:
Այդպէս ալ եղաւ: Այդ քանի մը ամիսներու վերջաւորութեան, ինչպէս գրականագիտական բաժինի բոլոր ուսանողները, նաեւ ես, ստանձնեցինք հայ մշակոյթը եւ գրականութիւնը յուզող նիւթի մը շուրջ աշխատանքներու ներկայացումի պարտականութիւն: Առաջին անգամն էր հայագիտականի իմ ուսանողութեանս ժամանակաշրջանին, որ նմանօրինակ ուսումնասիրական աշխատանք մը կը ստանձնէի: Պարոն Սնապեանին թելադրանքով իմ ստանձնած նիւթս կը վերաբերէր ուղղագրական բարենորոգման հարցին կամ այսպէս կոչուած աբեղեանական ուղղագրութեան: Նիւթ մը, որուն էջեր եւ էջեր տրամադրած էր «Բագին»-ի մէջ:
Կը յիշեմ, որ իր անձնական արխիւէն պարոն Սնապեանը ինծի տրամադրեց հսկայական գրականութիւն` ներկայացումիս պատրաստուելու եւ նաեւ իբրեւ յաւելեալ ընթերցանութեան նիւթ: Հին թերթերու պատառիկներ, ուսումնասիրութիւններ, հսկայական յօդուածներ, թեր ու դէմ կարծիքներ: Մէկ խօսքով` գլխապտոյտ յառաջացնող բան մը, եւ այն ժամանակ մտովի ես ինծի հարց կու տայի, թէ ինչպէ՛ս կրցած է այս մարդը այդքան նիւթ հաւաքել: Չեմ գիտեր, թէ այն ժամանակ ներկայացումս ինչպիսի՛ տպաւորութիւն թողուց, սակայն ատկէ ետք գիտակցեցայ, որ այս մարդը` Պօղոս Սնապեանը պարզ ուսուցիչ, դասախօս չէ, այլ քիչ մը անդին է այս հասկացողութիւններէն, միայն գիտելիքը փոխանցողը չէ, այլ` ուսանողը վեր բարձրացնողը, ուսանողին մէջ գեղեցիկին զգացողութիւնը արթնցնողը:
***
Տարիները անցան, նաեւ, ինչպէս վերը նշեցի, պայմաններու բերումով սենեկակից դարձանք «Ազդակ»-ի խմբագրութեան յարկին տակ: Յաճախ հայրենի մամուլէն կամ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներէն գրական նորութիւններ ալ կը մատակարարէինք Պարոնին` առ ի հետաքրքրութիւն կամ օգտագործում «Ազդակ»-ի գրական յաւելուածին մէջ:
Եւ օր մըն ալ, երբ դարձեալ համացանցին մէջ փնտռտուք կը կատարէի, հարցուց ինծի` «ի՞նչ է, գրական բնոյթի նորութիւններ ունի՞ս»: «Երկիր»-ի կայքին մշակութային բաժինը կը զննէի, պատասխանեցի. «Այո՛, պարո՛ն, գտայ: Չեմ գիտեր, եթէ այս մարդը կը ճանչնաք, վիպագիր է, անձնասպան եղած է, Վրէժ Իսրայէլեան»: Զգացի, որ փոխանցած լուրս լախտի հարուածի ազդեցութիւնը գործեց Պարոնին վրայ: Չէր սպասեր այսպիսի ցնցիչ լուրի մը: Երբ տակաւին «Բագին»-ի պատասխանատու խմբագիր էր, ձեռնարկած էր վիթխարի աշխատանքի մը` ներկայացնել արցախեան ազատամարտին զոհ գացած ազատամարտիկները: Այն ժամանակ ալ կարծեմ Վրէժ Իսրայէլեանը կ՛աշխատէր Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան` «Հայ զինուոր» ծրագիրի խմբագրութեան մէջ եւ Պարոնին անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերած էր ազատամարտիկներուն վերաբերեալ տուեալներ եւ գեղարուեստական գրականութիւն տրամադրելու իմաստով: Այդ ատաղձը նպաստած էր, որ «Բագին»-ը հրատարակէր արցախեան ազատամարտին նուիրուած երկու հսկայական բացառիկ հատորներ, ուր ազատամարտին մասնակցած բոլոր անձերուն ալ ըստ կարելւոյն տեղ տրուած էր` առանց գաղափարական խտրականութեան:
Պարոնը, երէկուան պէս կը յիշեմ, մինչեւ վերջ ալ չընդունեց այն իրականութիւնը, որ յուսահատած անողոք հիւանդութեան դէմ պայքարէն, գրող մը ինքնասպանութիւն գործէ: Չհաշտուեցաւ այդ երեւոյթին հետ, մինչեւ վերջ հաւատացած մնաց կեանքով մահուան յաղթելու գաղափարին եւ Իսրայէլեանի պայծառ դէմքը միշտ վառ պահեց իր յիշողութեան մէջ: Այսպիսի մարդ էր պարոն Սնապեանը:
***
«Բագին»-ի խմբագիր ըլլալուն ամբողջ ժամանակաշրջանին պարոն Սնապեանին ուշադրութեան կեդրոն եղած է թէ՛ օսմանեան եաթաղանին եւ թէ՛ ստալինեան հալածանքներուն զոհ գացած հայ գրողներուն ու մտաւորականներուն դաժան ճակատագիրը: Հետագային, այդ մնայուն ուշադրութեան իբրեւ արգասիք, Պօղոս Սնապեան հրապարակեց իր կարեւոր գործերէն մէկը` «Երկու սպանդ» խորագրեալ: Կ՛ըսեմ` կարեւոր գործերէն մէկը, կատարուած աշխատանքին նաեւ հանրագիտարանային բնոյթին շնորհիւ, որովհետեւ այդ գործին իւրաքանչիւր էջին մէջ, գրական ակնարկին հետ միասին կը գտնենք ամէն մէկ սպաննուած գրողի ու մտաւորականի հակիրճ կենսագրականը:
Այդ սպաննուած գրողներուն եւ մտաւորականներուն ականատես եղած դառն ճակատագիրը մինչեւ իր էութեան խորը կը յուզէր պարոն Սնապեանը: Մանաւանդ չէր կրնար ներողամիտ գտնուիլ այն հայ պաշտօնատարներուն նկատմամբ, որոնք կամայ թէ ակամայ ստալինեան հալածանքներու ժամանակաշրջանին նպաստած էին հայ գրողներու ու մտաւորականներու մաքրագործման: Այս գծով ան հաւաքած էր վիթխարի նիւթ, փաստագրական արժէք ունեցող ուսումնասիրական աշխատանք կատարած էր:
Յաճախ սենեկակիցներուս` իմ, պարոն Սնապեանին եւ Ասպետ Մանճիկեանին միջեւ խօսակցութեան նիւթ էին ստալինեան հալածանքներու այդ ժամանակահատուածի իրադարձութիւնները, սեւ 1937 թուականին պատահածները: Աւելի ուշ լսեցի իմ պաշտօնակիցներէս, որ իր կեանքի վերջին ժամանակաշրջանին պարոն Սնապեանը խիստ դառնացած էր` լսելով, որ Երեւանի աւագանին որոշած է Երեւանի մէջ կանգնեցնել Խորհրդային Միութեան այն ժամանակաշրջանի ղեկավար դէմքերէն Անաստաս Միկոյեանին արձանը: Վերջինիս գծով ուղղակի պատմական փաստեր կան, որ ան հիմնական դերակատար եղած էր ստալինեան հալածանքներուն մէջ, պարոն Սնապեանը քաջատեղեակ էր այդ փաստերէն եւ նոյնիսկ մտադիր էր վերջին` լոյս տեսնելիք «Ազդակ գրական»-ին մէջ անդրադառնալ այս հարցին, բայց ափսո՜ս…
***
1 մարտ 2008 թուականի յայտնի դէպքերէն ետք, երբ տեսայ, որ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն լարուածութիւնը արիւնալի ելք ունեցաւ Հայաստանի մէջ, ի տես անվստահութեան այն խոր մթնոլորտին, որ յառաջացած էր հայկական կեանքին մէջ, որոշեցի իմ բոլոր հրապարակախօսական յօդուածներն ու մտորումները ուղղել հայութեան ապրած հոգեւոր ճգնաժամը յաղթահարելու ուղղութեամբ, հայ քաղաքական մտքին մէջ քրիստոնեայ-հոգեւոր բաղադրիչը ներմուծելու ուղղութեամբ, քրիստոնէական պրիսմակէն նորովի հայ գրականութիւնը վերընթերցելու ուղղութեամբ:
Այս ուղղուածութիւնը չէր կրնար պարոն Սնապեանին ուշադրութեան չարժանանալ: Քաջալերեց եւ նոյնիսկ գրականութիւն առաջարկեց: Անձնապէս առաջարկուած գրականութենէն հատոր մը ներկայացուցի «Ազդակ գրական» յաւելուածին մէջ, ինչ որ մեծապէս հրճուեցուց պարոն Սնապեանը: Հատորին մէջ հաւաքուած էին ուսումնասիրական յօդուածներ` հայ գրականութեան եւ քրիստոնէութեան փոխադարձ ազդեցութեան մասին: Նաեւ փափաք յայտնած էի ուսումնասիրական աշխատանք կատարելու` «Հոգեւորը Միսաք Մեծարենցի քերթողութեան մէջ» նիւթով: Ինչպէս ուսանողութեան ժամանակաշրջանին, այդ առաջին փորձիս մատակարարած էր հսկայական օժանդակող գրականութիւն, նոյնպէս ալ ըրաւ այս պարագային, սակայն աւա՜ղ, այդ աշխատանքը այդպէս ալ կարելի չեղաւ ամբողջացնել… պարտական կը մնամ պարոն Սնապեանին:
Ահաւասիկ այս է պարոն Սնապեանը ինծի համար: Ազգային արժէքներուն գուրգուրացող եւ զանոնք նոր սերունդներուն փոխանցող անձ, իր ուսանողներուն մէջ հայ գիրին ու գրականութեան կրակը վառ պահող ուսուցիչ, մտերիմ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆ:
ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Պօղոս Սնապեանի Մտերմութեան Մէջ
Ամէն անգամ որ «Շաղզոյեան կեդրոն»-ի իր գրասենեակին դուռը թակէի, թաւ ձայնով այո-ն մէջս Պօղոս Սնապեանի առաւօտը կը բանար: Կ՛այցելէի սովորաբար նոր գրուած բանաստեղծութիւնս իրեն ներկայացնելու եւ իր կարծիքը առնելու համար:
Գրուածքի մը մէջ կապ մը կ՛ուզէր տեսնել հեղինակին էութեան հետ: «Գրողը,- կ՛ըսէր,- պատրաստ պէտք է ըլլայ իր էջերէն շատերը փճացնելու, աշխատանքի ընդմէջէն ի վերջոյ ի յայտ բերելու արուեստի չքնաղ էջը»:
Սովոր էի յաճախ նոյն բանաստեղծութենէս տարբերակներ ներկայացնել: Պահ մը լուռ կը կարդար: Երբ տարբերակներէն մէկը քանի մը անգամ կարդար, կը զգայի, թէ այդ մէկը զինք գրաւելու կարողութիւն ունի, եւ սփոփանքով կը համակուէի: Մնացեալ տարբերակները կը վերադարձնէր, իսկ այն մէկը կը պահէր «Բագին» ամսագրի կամ (հետագային) «Ազդակ գրական»-ի յաջորդ թիւին մէջ լոյս ընծայելու: Ինծի վերադարձուած տարբերակները չէի փճացներ, այլ կը պահէի աւելի ուշ բաղդատելու համար իր ընտրած տարբերակին հետ: Օր մը հարցուցի, թէ ի՛նչ է բանաստեղծութիւն մը յաջող նկատելու իր սեփական չափանիշը, անմիջապէս պատասխանեց, որ երբ կարդայ բանաստեղծութիւն մը, ուզէ լեռ բարձրանայ կամ ձոր իջնէ, հարկ է, որ զինք իր ետեւէն տանի:
Ամրան եղանակներուն երբեմն առանձին կը մնար Նոր Մարաշ թաղի իր բնակարանին մէջ (ընտանիքին անդամները օդափոխութեան համար Այնճար կը մնային): Երեկոները հեռաձայնով կը կանչէր զիս` բաղդատական ընթերցումներ ընելու ընդհանրապէս Յակոբ Օշականի գործերուն առնչութեամբ: Այսպէս, օրինակ, Օշականէն կամ Վազգէն Շուշանեանէն նոր տպագրուած հատորի մը հատուածները կը բաղդատէր իր մօտ գտնուող բնագրին նոյն մասերուն հետ: Ես բարձրաձայն կը կարդայի, երբ տարբերութիւն մը նկատէր, կը կեցնէր ընթերցումս եւ ընդգծումներ կը կատարէր: Մօտ երկու ժամ աշխատանքէ ետք կ՛առաջարկէր, որ միասին քալելով զբօսնունք դէպի Պուրճ Համուտի ծայրամասը` Տորայի հրապարակ: Վերադարձին պաղպաղակ կը ճաշակէինք: Կը սիրէր պաղպաղակը: Կ՛ախորժէր ուշ երեկոյեան քալելով հետս զրուցել, երբ մայթերուն վրայ եռուզեռը կը նուազէր եւ լռութիւնը լսելի կը դառնար: Ատեն ատեն խռոված ոճով կը խօսէր գրական, ազգային եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի դիմագրաւած վիճակին մասին: Երբեմն իր զրոյցները կը համեմէր երգիծանքով` Լեռ Կամսարէն կամ Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին լսած սրամիտ եւ զուարճալի պատմութիւններով:
Զինք քննադատող յօդուածները մէկէ աւելի անգամներ կը կարդար` առանց բարկութեան: Անգամ մը իրեն հարցուցի, թէ ի՛նչ կը զգար, երբ զինք քննադատող գրութիւն մը կարդար. «Պտուղ չունեցող ծառին քար չեն նետեր», պատասխանեց:
ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ
Մոնրէալ


