Ողջո՜յն յաւերժութեանդ մէջ փառաւորապէս ննջող իմ հայրիկ:
Այսօր իմ երկխօսութիւնս պիտի ըլլայ գիրով` տպագրուած: Զարմանալի է, այո՛, սակայն փաստ: Մահը մեզ բաժնեց, սակայն յուշերդ եւ հայրական ներկայութիւնդ ամէն վայրկեան ինծի ուղեկից են այնպէս, ինչպէս աշխարհային քու կեանքիդ ընթացքին:
Այսօր այցելութեան եկած եմ, հայրիկ, քու հրեշտակագոյն մարմարէ շիրիմիդ, որ ողջութեանդ արդէն հիմնադրած էիր եւ նախագծած:
Խունկիս եւ աղօթքիս ընդմէջէն կ՛ուզեմ քանի մը միտքեր փոխանցել:
Հայրիկ, կեանքէդ հեռանալու օրը ես պարտաւորուեցայ դպրոց երթալ ամավերջի հանդէսին աշակերտներուս հետ ըլլալու համար: Անոնք մահուանդ լուրը ստացան, պահ մը քարացան, յետոյ վշտակցեցան ինծի, իսկ վարդապետը ըսաւ, որ այդ օրուան պարերը ձօնուած էին յիշատակիդ:
Պարեցին, որովհետեւ դուն նաեւ կեանքիդ ընթացքին կը սիրէիր մշակոյթն ու արուեստը, մանաւանդ կ՛ուզէիր տեսնել մատղաշ սերունդին մէջ նոր դրսեւորումները:
Տունդարձիս ճանապարհին հոգիս կու լար, սակայն հպարտութիւն մը կար մէջս, աղջիկդ ըլլալու կոչումը մէջս ունենալուս համար, որովհետեւ դուն նաեւ կեանքիդ մեծ մասը տրամադրեցիր ու նուիրեցիր հայ դպրոցին ու աշակերտին:
Վերոյիշեալ հոգեգրաւութիւնս իր անմոռանալի ցաւը ապրեցաւ այն պահուն, երբ ներս մտնելով տան դռնէն տեսայ արդէն քանի մը ժամ առաջ անշնչացած մարմինդ. տան հրաժեշտ տուած էիր իմ բացակայութեանս: Ներէ ինծի ով իմ հայր: Շատ կ՛ուզէի, որ գլխահակ հետեւէի տունէն դուրս գալուդ, եւ վերապրիլ այն մանկունակ օրերս, երբ ձեռքէս բռնած ինծի կ՛առաջնորդէիր…
Հողին յանձնուելուդ օրը հպարտութիւնս կրկնապատկուած էր: Խուռներամ հոսք մը կար եկեղեցւոյ եւ գերեզմանատան մէջ: Հպարտութիւն քու անչափ սիրուած եւ յարգուած ըլլալուդ, որ վաստակած էիր ողջ կեանքիդ ընթացքին քու նուիրումիդ ընդմէջէն` առ ազգդ պաշտելի:
Որքան անսպասելի իրականութիւն մը բացուեցաւ սրտիս մէջ, Համբիկ Պիլալեանի հրաժեշտի խօսքին մէջ կար այն` ինչ ողջութեանդ չէիր ըսած մեզի կամ չէինք գիտեր, քու գաղափարական խորհրդապահութեանդ եւ ազգային միութենական նուիրեալ գործիդ առաքինի ներքին պահանջքէդ մղուած:
Դարձեալ հպարտութիւնը զիս պատեց, երբ այդ գիրին մէջ լսեցի այն բոլոր վեհ գործերուդ մասին, որոնք ամէն վայրկեան լի էին նաեւ վտանգներու շղթայուած սպառնալիքներով:
Հայրի՛կ, յաւերժութեան մէջ նիրհող իմ կարօտս սիրտս քու բովանդակութիւնդ է, որ կ՛ապրի ու կը գգուէ:
Ամէն տեղ մինակ եմ, ամէն տեղ քեզ կը փնտռեմ եւ կ՛ակնկալեմ, սակայն աչքս մինչեւ հիմա ալ սառած է, բայց դուն չես գար քու փարթամ կեցուածքովդ:
Այսօր քառասնօրեայ քու ճանապարհորդութեանդ մէջ երկնային անհունին եւ Աստուծոյ երկնակամարին ներքոյ, վստահ եմ քու հայրական շուքն ու խնամքը միշտ կը բերես մեզի: Հոգիդ յաճախ եւ միշտ այցելուն է արդէն մեր` քու իսկ ստեղծած հոգեպարար տան երդիքին տակ: Այն որպէս լոյս եւ մշտավառ կանթեղ ես ամէն վայրկեան կը զգամ, որովհետեւ բոյրդ եւ ողջ ներկայութիւնդ մէջս է միշտ:
Թաղմանդ օրը երախտագիտութիւնը նաեւ զիս կը սփոփէր իմ վիշտիս ու տխրութեանս մէջ` ի տես քու յիշատակդ յարգող գաղափարական ընկերներուդ, ազգայիններուն, ազգականներուդ, եկեղեցական դասի ներկայացուցիչներու տարբեր յարանուանութիւններէ ներկայ, բոլորին մէկ առ մէկ շնորհակալութիւն յայտնեցի քու հանգիստիդ համար իրենց աղօթքներուն եւ ընտանիքիդ կողքին գտնուելուն համար:
Այսօր` այրիդ, զաւակներդ եւ քեզ յիշող բոլոր սիրելիներդ իրենց կամքին մէջ են մխիթարուած քու անցած ճանապարհիդ փառքով:
Մենք մխիթարուած ենք, որովհետեւ եկեղեցիդ, դպրոցդ, ակումբդ եւ ժողովական իւրաքանչիւր պահ քեզի համար երկրորդ տուն էին, եւ անսպառ եռանդով կը կատարէիր այդ բոլոր պարտականութիւններդ:
Մխիթարուած ենք, որովհետեւ հաւատամքդ եւ ազգային հայրենասիրութիւնդ մեզի կտակ տուիր` անշեղօրէն քու ընթացքդ շարունակելու:
Մինչեւ հիմա դեռ կենդանի հնչեղութիւն է հոգիիս մէջ` ընկերներուդ «Վէրքերով լի» երգը:
Սիրելի՛ հայրիկ անվէրք ու անցաւ սաւառնիս քու յաւերժութեանդ մէջ:
Աղօթք ու խունկ դարձած իմ սրբութիւն:
Յաւերժութեանդ մէջ հայր` անխօս եւ լուռ ընդունէ այս իմ գիրը որպէս քու խունկիդ բոյր եւ աղօթքներուս սփոփանք:
Դուստրդ`
ՀՈՒՐԻ ՍԵՐՈԲ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
19 յուլիս 2014


