Պատմական քաղաքները վերակենդանացնելու, հոն արուեստ, ստեղծագործութիւն եւ գեղագիտութիւն ներմուծելու, նաեւ վերարտադրութիւնը խթանելու ու անոր կարեւորութիւնը հանրութեան ներկայացնելու նպատակով «ԿԱՅԱ հերիթէյճ» կազմակերպութիւնը, որ կը կրէ Եւրոպական Միութեան հովանաւորութիւնը, երէկ` 17 յուլիսին կազմակերպած էր միօրեայ ծրագիր մը:
Մար Մխայէլ շրջանին վրայ շեշտը դրած այս ծրագիրը տեղի ունեցաւ «Ալմազա»-ի լքեալ գործարանին մէջ. վայրի ընտրութիւնը արդէն իսկ լաւապէս կը համընկնէր նպատակին: Օրուան ընթացքին տեղի ունեցաւ կլոր սեղան¬քննարկում, որուն նիւթն էր «Ստեղծագործութիւնն ու վերարտադրութիւնը Մար Մխայէլի մէջ»:
Այս ծրագիրին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան գործակցութեան բաժանմունքի ներկայացուցիչը` Ալեքսիս Լէոպեր:
Լքեալ եւ կիսաքանդ գործարանի առաջին յարկին վրայ ցուցադրութեան դրուած էին տարբեր տեսակի իրեր, սարքեր, կազմածներ, հագուստներ, զարդեղէններ, կահոյք, որոնք վերագործածութեան արդիւնք են:
Ցուցահանդէսին հայկական ներկայութիւն ու մասնակցութիւն բերած էր Պուրճ Համուտի մէջ գործող Աւետիս եւ Գրիգոր Տէր Պօղոսեաններու «Տը վինթէյճ շափ»-ը, որ իրեն յատկացուած անկիւնը ցուցադրած էր վերամշակման եւ վերաօգտագործման ընդմէջէն ծնունդ առած այնպիսի իրեր, որոնք օգտագործելի են եւ ունին իրենց ուրոյն գեղեցկութիւնը: Անոնց նպատակն է անգործածելի իրերէն, գրեթէ ոչինչէն օգտակար ու գեղեցիկ այլ իր մը ստեղծել, նոյնիսկ եթէ իսկական գործածութեան ուրիշ տարբերակ մը ներմուծուած է վերաշինուած սարքին մէջ: Յատկանշականը այն է նաեւ, որ Աւետիս եւ Գրիգոր Տէր Պօղոսեանները իրե՛նք անձամբ կը կատարեն պրպտումի, տարբեր անպէտք իրեր քով քովի բերելով ստեղծագործութեան մը ծնունդ տալու աշխատանքին բոլոր հանգրուանները: Անոնք իրենց աշխատանքին կը սկսին հոնկէ, ուր ամէն բանի աւարտն է` նպատակ ունենալով նոր սկիզբի մը հիմը դնել` իբրեւ գերագոյն թիրախ ունենալով կենսոլորտի պահպանումն ու ուժանիւթի խնայողութիւն:
«Տը վինթէյճ շափ»-ի յատուկ բաժինը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:


