Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ ՇԱՐՔ ՄԸ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

July 11, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ Ալի Հասան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման «Տիար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը պիտի ըլլայ երկրին իշխանութիւններուն առաջնահերթութիւնը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ապահովութիւնը որեւէ երկրի համար կարեւոր է` աւելցնելու համար ներդրումները:

Այս առումով նախագահ Սլէյման իր վստահութիւնը յայտնեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ` ընդգծելով, որ բանակը իր գործունէութեամբ եւ դերակատարութեամբ փաստած է, թէ ինք կ՛երաշխաւորէ լիբանանցիներուն ապահովական կայունութիւնը:

Նախագահ Սլէյման նկատել տուաւ, որ պէտք է զգուշ ըլլալ շրջանային զարգացումներէն եւ ամէն ջանք ի գործ դնել, որպէսզի Լիբանան շարունակէ գոյատեւել իբրեւ ժողովրդավար եւ ազատութեանց երկիր:

Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց նաեւ գործադրելու երկրին սահմանադրութիւնը եւ յարգելու Թաէֆի համաձայնագիրը` երաշխաւորելով ժողովրդավարութեան վրայ հիմնուած հաստատութիւններուն աշխատանքը:

Նախագահ Սլէյման հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք Սուրիա պիտի այցելէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Ան ըսաւ, որ ինք կը փափաքի քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցիլ` Լիբանանի կացութիւնը բարելաւելու եւ երկրին ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը ամրապնդելու համար:

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ Ազգային երկխօսութեան նիստերը մօտիկ ապագային պիտի վերսկսին:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մէջ նախագահ Սլէյման հանդիպումներ ունեցաւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Ատնան Մանսուրի հետ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նշեալ նախարարութիւններուն վերաբերող աշխատանքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ:

Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

 

Նախորդը

ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ. ՀՍԿԱՅ ՀՐԴԵՀ` ՄԱԶՐԱԱԹ ԵԱՇՈՒՀԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՃԱՆՉՑԱՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՍՈՒՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.