Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ովասիս 2014» Ամառնային Ծրագիրը 16-րդ Տարին Ըլլալով Կը Շարունակէ Իր Բեղուն Գործունէութիւնը

July 16, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_8421Երկուշաբթի, 30 յունիս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ «Ովասիս 2014» ամառնային ծրագիրի անձնակազմին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Ովասիս»-ի ծրագիրը:

Անձնակազմին մաս կազմող նոր անդամներուն ծանօթացումէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն  Կրեկուար Գալուստ յաջողութիւն մաղթեց անձնակազմին եւ յոյս յայտնեց, որ «Ովասիս»-ը այս տարի եւս կ՛արժանանայ մասնակիցներու դրական արժեւորումներուն: Ապա «Ովասիս»-ի ընդհանուր պատասխանատու Քարոլին Թերզեան ներկայացուց «Ովասիս»-ի ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ աշխատանքներու բաժանումը:

Իսկ այսօր, առաւօտեան ժամը 7:30-էն սկսեալ «Ովասիս 2014» ամառնային ծրագիրի մասնակից աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն, ժամանեցին դպրոց: Ժամը 9:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ովասիս» ամառնային ծրագիրի բացման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին Մոնտիալի թեմային շուրջ մասնակիցները պարերով ու խաղերով անցուցին հաճելի պահեր:

Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն  Կրեկուար Գալուստ, որ մեծապէս գնահատեց «Ովասիս»-ին գործունէութիւնը, որ 16-րդ տարին ըլլալով կը շարունակէ իր երթը` նոր ծրագիրներով եւ աշխատանքներով: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը վստահեցուց, որ «Ովասիս»-ականները ուրախ եւ բարձր տրամադրութիւններով պիտի հետեւին երկամսեայ ծրագիրին:

Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք մասնակից աշակերտները իրենց պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ մեկնեցան իրենց դասարանները, ուր սկսաւ «Ովասիս»-ի գործունէութիւնը:

Յայտնենք, որ «Ովասիս 2014» ամառնային ծրագիրը ունի «Փոքր Մասիս» (3-7 տարեկան), «Մեծ Մասիս» (8-13 տարեկան) եւ պատանիներու (14-16 տարեկան) խումբեր, որոնք բաժնուած են 9 դասարաններու մէջ: Ծրագիրին կը հետեւին 204 աշակերտներ: Իւրաքանչիւր դասարան կը կրէ պատմական Հայաստանի շրջաններու անուններ: Ծրագիրը իր աւարտին կը հասնի 23 օգոստոս 2014-ին:

Նախորդը

Հայրենիք. Արտառոց Եւ Արտակարգ… Արտագաղթ

Յաջորդը

Ամավերջի Հանդէսներ. Հայ Աւետարանական Քոլեճի 2014-ի Հունձքը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.