ՍԱՐԳԻՍ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
32 երկիրներու ֆութպոլի ազգային կազմերը իրաւունք ստացած էին մասնակցելու 2014-ի Մոնտիալին, որ տեղի ունեցաւ Պրազիլի զանազան քաղաքներու 12 խաղավայրերուն վրայ: Բուռն պայքարէ մը ետք, աւարտականի հասան Գերմանիոյ եւ Արժանթինի համեստ խումբերը:
Կիրակի, 13 յուլիսին Ռիօ տը Ժանէյրոյի հռչակաւոր «Մարաքանա» խաղավայրին վրայ 80 հազար հոգիի ներկայութեան տեղի ունեցաւ այս ճակատագրական հանդիպումը:
Անիկա վերջ գտաւ Գերմանիոյ արդար յաղթանակով (1-0):
Ասիկա 4-րդ անգամն է, որ Գերմանիա կը հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան:
Արդարօրէն պիտի խոստովանիմ, որ մրցաշարքի կազմակերպութիւնը գնահատելի էր, ըլլայ խաղավայրերուն մէջ եւ ըլլայ անոնցմէ դուրս:
Յիշատակութեան արժանի ոչ մէկ անախորժ դէպք պատահեցաւ. 30 հազար ոստիկաններ հսկեցին մրցաշարքի ապահովութեան:
Ինչ կը վերաբերի ֆութպոլի մակարդակին, բացի քանի մը հաճելի մրցումներէ, միւսները մնացին միջակ մակարդակի: Նոյնն էր մրցաշարքին իրաւարարութեան պարագային: Իրենց գործած աններելի սխալներուն պատճառով քանի մը իրաւարարներ արդէն շուտով տուն ղրկուեցան:
Տեղի ունեցած 64 մրցումներուն 171 կոլ նշանակուեցաւ, 13 փենալթի սուլեցին մրցաշարքի 25 կեդրոնի իրաւարարները, 187 դեղին եւ 10 կարմիր քարտ գործածուեցաւ:
Մրցաշարքի ամէնէն տարիքոտ խումբը Արժանթինի խումբն էր (միջինը` 28 տարեկան), իսկ ամէնէն երիտասարդ կազմը Ղանայի խումբն էր (23): Ամէնէն տարիքոտ մարզիկը բոլոր մոնտիալներուն` քոլոմպիացի բերդապահ Մոնտրակոնն էր (43 տարեկան), իսկ ամէնէն երիտասարդը քամերունցի յառաջապահն էր` 18 տարեկան: Մրցաշարքի կոլսքորըրը 6 կոլով հանդիսացաւ քոլոմպիացի Ռոտրիկեզ:
Իսկ 20 մոնտիալներուն կոլսքորըրը գերմանացի Քլոզէն հանդիսացաւ (16 կոլով), իսկ երկրորդը` պրազիլցի Ռոնալտոն (15):
Պրազիլ – Քոլոմպիա մրցումին սպանացի իրաւարարը ճիշդ 54 ֆաուլ սուլեց. ասիկա մոնտիալի մրցանիշ է, մինչ միջինը 25-30 է…
Յիշելը տեղին է, որ այս մրցումին պրազիլցի Նէյմարին կռնակի մէկ ոսկորը վնասուեցաւ քոլոմպիացի մարզիկի մը պատճառով:
Պելճիքա – Ռուսիա մրցումին (1-0) Պելճիքայի 11 մարզիկներն ալ օտար խումբերէ կը խաղան, իսկ Ռուսիոյ ազգային խումբի 11 մարզիկներն ալ Ռուսիոյ խումբերէն կը խաղան, ասիկա շատ հետաքրքրական է անշուշտ:
Պելճիքա – Միացեալ Նահանգներ մրցումին (2-1) Ամերիկայի 35 տարեկան բերդապահը` Հաուըրտ 16 ստոյգ կոլէ ազատեց իր բերդը. Հաուըրտի այս մեծ յաջողութեան պատճառով, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը եւ նախագահ Օպամա հեռաձայնով շնորհաւորեցին իրենց աննման բերդապահը:
Գիտէի՞ք արդեօք, թէ Ռուսիոյ ազգային խումբի իտալացի հռչակաւոր մարզիչին` Քափելլոյին ամսական եկամուտը ճիշդ 8 միլիոն եւրօ է:
Այս մոնտիալին Ռուսիոյ տուած գէշ արդիւնքներէն ետք Ռուսիոյ արդարութեան նախարարը բուռն կերպով դատապարտեց Քափելլոն եւ ըսաւ, որ գող մըն է ան` աւելցնելով, որ պէտք է ան շուտով հրաժարի իր պաշտօնէն:
Ինչպէս վերը յիշեցի, այս մրցաշարքին, լաւ մրցումներու ալ ականատես եղանք:
Հոլանտա – Քոսթա Ռիքա (0-0) 120 վայրկեաննոց մրցումին երկուստեք ճիշդ 26 վտանգաւոր կոլի առիթներ ստեղծուեցան, անոնցմէ 3-ը բերդի սիւնէն զսպուեցան: Ի վերջոյ Հոլանտան փենալթիներով` 4-3 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Վերջապէս արհեստագիտութիւնը ֆութպոլի աշխարհ ալ մտաւ: Արդարեւ, ՖԻՖԱ-ն բարձր արհեստագիտութեան 7 քամերա զետեղեց իւրաքանչիւր բերդին կողմերը. գնդակը բերդի գիծէն ներս անցնի թէ ոչ, երկվայրկեանի մը մէջ լուռ կը տրուէր իրաւարարի ձեռքի ժամացոյցին:
Այս մոնտիալին երկու անգամ պատահեցաւ այդ մէկը: Ասիկա ՖԻՖԱ-ին արժած է ճիշդ 500 հազար եւրօ:
Այս մրցաշարքի անակնկալ խումբը անկասկած Քոսթա Ռիքան էր, իսկ Ալճերիոյ կազմն ալ տպաւորեց բոլորը:
Իսկ աչքի զարնող մարզիկները հետեւեալներն էին. հոլանտացի Ռոպեն, պրազիլցի Նէյմար, գերմանացի Միւլըր, քոլոմպիացի 22 տարեկան Ռոտրիկես, արժանթինցիներ Տի Մարիա եւ Մեսսի: Թէեւ Մեսսին լաւ չսկսաւ մրցաշարքը, սակայն նշանակած յաղթական կոլերով մեծ բաժին ունեցաւ, որ իր խումբը հասնի աւարտականին: Նէյմար եւ Տի Մարիա ծանրօրէն վիրաւորուելով չկրցան շարունակել մրցաշարքը:
Ինչ կը վերաբերի Լուիս Սուարեսին, ան այսօր Լիվըրփուլի խաղացողն է:
Այս տարի Սուարես 31 կոլ նշանակած է: Երկու ամիս առաջ Սպանիոյ նշանաւոր խումբը` Ռէալ Մատրիտ, ուզեց Սուարեսը իր կազմին միացնել: Լիվըրփուլ 102 միլիոն եւրօ պահանջեց Սուարեսին համար եւ «մոնտիալէն ետք սեղան կրնանք նստիլ» ըսաւ Ռէալին:
Սակայն անախորժ դէպք մը պատահեցաւ… Ուրուկուէյ – Իտալիա մրցումէն (2-1) ետք ջղայնացած Սուարես իր մրցակիցին ուսը խածաւ եւ վտարուեցաւ օրուան իրաւարարին կողմէ: Թէեւ Սուարես ներում հայցեց համայն աշխարհէն, սակայն ՖԻՖԱ-ի պատիժը մեծ եղաւ, որովհետեւ Սուարեսի կողմէ ասիկա նմանօրինակ երրորդ արարքն էր: Ասկէ առաջ ալ ան երկու անգամ խածած էր հակառակորդ մարզիկներու մարմինները…
ՖԻՖԱ-ն 4 ամիս կախակայեց Սուարեսը եւ նիւթական մեծ տուգանքի ենթարկեց զինք:
Յետոյ Ռէալ Մատրիտ հրաժարեցաւ գնելէ Սուարեսը` իմանալով վերջին լուռ մը, ըստ որուն Պարսելոնան 80 միլիոն եւրոյի համաձայնութեան հասած էր Լիվըրփուլի հետ: Սակայն Սուարես առաջին 11 մրցումին պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ «Լա լիկա»-ին: Սպասենք, թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ:
Ուրեմն, կիսաւարտականին մնացին մրցաշարքի երկու հաւանական ախոյեան նկատուող Պրազիլը եւ Գերմանիան:
Մրցումը սկսաւ, պրազիլցիք առաջին 10 վայրկեանին քանի մը անգամ նեղի մատնեցին Գերմանիոյ բերդը, սակայն 11-րդ վայրկեանէն սկսեալ սկսան տոկուն գերմանացիներուն վտանգները եւ տեղատարափ կոլերը: Երեւակայեցէ՛ք, 18 վայրկեանի ընթացքին, այսինքն 11-29-րդ վայրկեանին գերմանացիք նշանակեցին 5 գեղեցիկ կոլեր, իսկ պրազիլցիք անակնկալի եկան:
Երկրորդ կիսախաղին մրցումը եղաւ դանդաղ, թէեւ Պրազիլ առաջին 15 վայրկեաններուն քանի մը ստոյգ առիթներ ստեղծեց, սակայն Գերմանիոյ ինքնավստահութիւնը զգալի էր: Մրցումը վերջ գտաւ 7-1 անհաւատալի արդիւնքով, եւ Գերմանիան իրաւունք ստացաւ աւարտականին մրցելու Արժանթինի դէմ: Նշեմ, որ Պրազիլ 1975-էն ետք երբեք չէ պարտուած իր երկրին մէջ:
Երրորդ եւ չորրորդ տեղին համար Պրազիլ ճակատեցաւ Հոլանտայի դէմ եւ դարձեալ 3-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ խաղավայրէն:
Անկեղծօրէն խոստովանիմ, որ այսպիսի գէշ մոնտիալի աւարտականի մրցումի մը ականատես չեմ եղած: Մրցումին մինչեւ 113 վայրկեանները երկուստեք լաւ յարձակումի չհանդիպեցանք, երկու կազմերու բերդապահներուն գործ չեղաւ… մանաւանդ Գերմանիան: Չըսեմ շատ, սակայն գէշ խաղցաւ` իր համակիրները յուսախաբ ընելով: Ուր էր Պրազիլի դէմ մրցումին ընթացքին իր կիրարկած ուժը աւելի ճիշդը` Արժանթին չձգեց, որ խաղայ: Արժանթին լաւ սերտած էր իր մրցակիցը: Ի վերջոյ 113-րդ վայրկեանին Մարիօ Կէօթցէ նշանակեց Գերմանիոյ յաղթանակի կոլը, եւ 4-րդ անգամ ըլլալով Գերմանիա աշխարհի ախոյեան եղաւ:
Յիշեցնեմ, որ 24 տարի առաջ Գերմանիան նոյն արդիւնքով (1-0) յաղթած էր իր մրցակիցին:
Կարեւորը յաղթելն է, չէ՞…:
Սպասենք 2018-ին, թէ ի՞նչ պիտի պատահի Ռուսիոյ մոնտիալին:
Առայժմ` ցտեսութիւն:


