Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» Մանկապարտէզի Հանդէս

July 15, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0706yeghishe-(2)7 յունիս 2014-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին,  «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը:

Կոկոն դասարանին կողմէ կատարուած Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, Ծաղիկ դասարանէն Սելին  Պէրպէրեան եւ Արեգ Պուարի կատարեցին  բացման խօսքը եւ բարի գալուստ ու հաճելի պահեր մաղթեցին ներկաներուն: Ապա բեմ բարձրացան մանկամսուրի մանուկները, որոնք իրենց բեմական առաջին փորձառութիւնը ապրեցան` պարելով չափական եղանակի  կշռոյթով:

Ծաղիկ դասարանը ներկայացուց  ռուսական պար մը եւ «Հեփփի» պարը. Բողբոջները հանդէս եկան հայկական եւ «Հայ արեւ» պարերով, իսկ Կոկոնները` արաբական եւ անձրեւի պարերով: Նկատի ունենալով, որ հանդէսը կը ներկայացնէր ծիածանը Ծաղիկ դասարանի աշակերտները  մէջընդմէջ  հանդէս  եկան ծիածանի գոյները ներկայացնող խօսքերով: Ապա տեղի ունեցաւ «Գոյներու վէճ»-ը:

0706yeghishe-(1)Ծաղիկ դասարանի աշակերտները իրենց վկայականի տարազներով ներկայացուցին   հայկական պար, նուագ ու հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով երգեր:

Ապա շրջանաւարտ փոքրիկները իրենց վկայականի տարազներով ու իրենց ձեռքին  ունենալով դպրոցին կողմէ իրենց  տրամադրուած  ընտանեկան նկարները` տողանցեցին սրահէն դէպի բեմ եւ իբրեւ շնորհակալութեան արտայայտութին` այդ նկարները տուին իրենց ծնողներուն:

Գեղարուեստական բաժնի աւարտէն ետք խօսք առաւ քոլեճի մանկապարտիզպան Վերա Ստեփանեան, որ շեշտեց ծիածանին տուած միասնականութեան պատգամը, մաղթելով, որ անոնք իրենց կեանքին ընթացքին ձեռք ձեռքի տան եւ վայելեն միասնակամութեան բարիքները: Իր ու անձնակազմին անունով շնորհաւորեց վկայեալները, որոնք պիտի ստանային իրենց կեանքի առաջին վկայականը եւ անոնց մաղթեց  աւելի բարձր վկայականներ: Վ. Ստեփանեան շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարած են հանդէսի յաջողութեան. ապա բեմ հրաւիրեց քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը:

Տնօրէնը խօսք առնելով` շեշտեց միասնական աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը` տալով վարժարանին օրինակը, որուն անձնակազմի իւրաքանչիւր անհատը իր «գոյն»-ն ու «երանգ»-ը կը բերէ քոլեճ, եւ որուն իբրեւ արդիւնք` կը կազմուի ծիածանը եւ կը լուսաւորէ մանուկներուն կեանքն ու հոգին: Ան իր խօսքը շրջանաւարտ փոքրիկներուն ուղղելով` ըսաւ. «Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, տակաւին ձեր երթը երկար է, ու ձեզի կը սպասեն շատ մը դժուարութիւններ: Բայց գիտցէ՛ք, որ ձեր կողքին ունիք ձեր ուսուցիչները, երէկ մանկապարտէզի, վաղը նախակրթարանի ու աւելի ուշ` միջնակարգի ու երկրորդականի: Միասնաբար այս երթը պիտի դարձնենք աւելի հեզասահ ու աւելի հաճելի եւ, շատ չանցած, դուք ձեզ պիտի գտնէք դարձեալ այս բեմին վրայ, այս անգամ` ձեր աւարտականի վկայականները ստանալու»:

Իր խօսքի  աւարտին,  ան բեմ  հրաւիրեց մանկապարտիզպան Վերա Ստեփանեանը, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց ու  յուշանուէրով մը  պատուեց իր տասնամեայ վաստակին համար: Վ. Ստեփանեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան, խնամակալութեան, անձնակազմին ու ծնողներուն, որոնք նեցուկ հանդիսացած են իրեն, ինչպէս նաեւ` ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած են Ազգ. «Սիրան Մանուկեան» մանկապարտէզին:

Ապա Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը, տնօրէնն ու մանկապարտիզպանուհին կատարեցին վկայականներու բաշխումը:

Մանկապարտէզի վկայական ստացան

Ծաղիկ 1

Նաթալիա Աճեմեան, Նաթալի Այանեան, Սէրլի Աշճեան, Լին Ժտըրեան, Լոռի Կարապետեան-Լաթերովեան, Լիւսի Մանաքեան, Գառնի Շիշոյեան, Սելին Պէրպէրեան, Վիքի Պէրպէրեան, Աննա-Մարիա Սերայտարեան, Ալիք Սարգիս, Մարալ Կիրակոսեան, Ալպեր-Նարեկ Թենեքեճեան, Նարեկ Թեքելեան, Սերուժ Կէօզիւպէօյիւքեան, Մհեր Հալլաճեան, Զաւէն Հաճի Օհանեան, Էտի Ճերեճեան, Արէն Միսիսլեան եւ Մանուէլ Յակոբեան:

Ծաղիկ 2

Արփի Այվազեան, Սելին Գայսել, Ալիսիա Գասպարեան, Կայել Էտոյեան, Սերենա Մարիա, Լէաննա Կերեքմէզեան, Աստղիկ Կիրակոսեան, Սարին Կիւլեան, Սեռա Մինասեան, Կուէն Սարգիսեան, Յակոբ Ապտալեան, Գէորգ Կիւլիւմեան, Էտի Կիւմիւշեան, Ռալֆ Հալլաճեան, Փոլ Հալլաճեան, Կարէն Ճեհիզեան, Քեւըն Մանաշեան, Յակոբ Ներսէսեան, Արեգ Պուար եւ Կերի Վրէժ Տիրացուեան:

 

 

Նախորդը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսը

Յաջորդը

Տէրսիմի Մէջ Ամբարտակներու Եւ Զօրանոցներու Խարիսխներու Կառուցման Դէմ Պարով Բողոք

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.