Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի Հետ

July 15, 2014
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nareg-Srpazan---Geneva,-5-Houlis-2014Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական վարչութեան եւ գործադիր վարչութեան անդամ`  Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, յուլիս ամսուան առաջին տասնօրեակին Ժընեւ կը գտնուէր. ան 1997 թուականէն ի վեր կը վարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութեան պատասխանատուի պաշտօնը: Այս այցելութեան առիթով «Ազդակ»-ի աշխատակից Մաթիկ Էպլիղաթեան հարցազրոյց մը ունեցաւ սրբազան հօր հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.-  Կարելի՞ է հակիրճ պատմական մը տալ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի մասին:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ.- Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը հիմնուած է 1948 թուականին, Ամսթերտամի մէջ, Հոլանտա, առաջին հիմնադիր համաժողովով: Եկեղեցական խորհուրդ մը կազմելու գաղափարը 1900-ական թուականներէն սկսած է մշակուիլ, սակայն համաշխարհային երկու պատերազմները ծրագիրը գործնականացնելը պարտադրաբար յետաձգած են: Յատկապէս Համաշխարհային Բ. պատերազմին պատճառած համաեւրոպական աւերը ստիպած է եկեղեցիները փութով խորհուրդ մը կազմելու. հիմնադիր համաժողովին մասնակցած են մեծ մասամբ աւետարանական եկեղեցիներ եւ քանի մը ուղղափառ եկեղեցիներ:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին նպատակը գործակցութեան հասարակաց գետին մը ապահովելն է բոլոր եկեղեցիներուն համար, միաժամանակ վախճանական նպատակը մէկ եկեղեցւոյ երեւելի միութիւնը իրագործելն է:

Եկեղեցին, որպէս Քրիստոսի ներկայութիւնը աշխարհի վրայ, միշտ կը մնայ մէկ, սակայն եկեղեցւոյ երեւելի, տեսանելի երեսը զանազան արտայայտութիւններ ունի եւ ընդհանրապէս կը բնորոշուի հետեւեալ չորս եկեղեցական ընտանիքներով.-

1.- Արեւելեան Ուղղափառ, որուն անդամ է նաեւ Հայ եկեղեցին իր երկու կաթողիկոսութիւններով, եւ որուն մաս կը կազմեն եկեղեցւոյ երեք տիեզերական ժողովները ընդունող եկեղեցիները` ղպտի, ասորի, եթովպացի, հնդիկ, էրիթերիացի եւ հայ:

2.- Ուղղափառ, որուն մէջ կը մտնեն 451 թուականի Քաղկեդոնի ժողովը ընդունած օրթոտոքս եկեղեցիները:

3.- Կաթողիկէ, որուն հոգեւոր պետն է Հռոմի քահանայապետը` պապը եւ վարչական կեդրոնը կը գտնուի Վատիկանի մէջ, եւ որուն կ՛անդամակցին նաեւ Արեւելեան Կաթոլիկ եկեղեցիները` հայ, յոյն, ասորի, ղպտի եւ այլն:

4.- Աւետարանական, որոնք ծնունդ առին 16-րդ դարու Լուտերեան բարեկարգութեան շարժումէն. այս ընտանիքին մէջ եւս կան հայ բողոքականներ կամ աւետարանականներ:

Այս չորս դասական եկեղեցական ընտանիքներուն վրայ պէտք է աւելցնել հինգերորդ ընտանիք մը` նոր կամ ազատ եկեղեցիները, որոնց մէջ կը մտնեն Հոգեգալստականներ կամ անոնց նման այլ խմբաւորումներ:

Անշուշտ պէտք է զգուշ ըլլալ աղանդաւորական շարժումներու նկատմամբ, ինչպէս, օրինակ, Եհովայի վկաները եւ Մորմոնականները, որոնք այս խմբաւորումներուն մէջ չեն ներառուիր:

Հ.- Տիեզերական (Էքիւմենիք) անուանումը ի՞նչ սահմանում ունի:

Ն. Ա. Ա.- Էքիւմենիք բառը կը սերի յունարէն oikoumene բառէն, որ կը նշանակէ` բնակեցուած ամբողջ աշխարհը, հետեւաբար, երբ Էքիւմենիք յարաբերութիւններ բացատրութիւնը կը գործածենք, կը հասկնանք այն բոլոր հիմնահարցերը, որոնց շուրջ եկեղեցիներ կը համախմբուին, կը քննարկեն զանոնք, որոշումներ կու տան, ծրագիրներ կը մշակեն, կ՛աղօթեն անոնց համար եւ Արարիչ Աստուծոյ կը վստահին զանոնք: Միջեկեղեցական շարժումը կը զբաղի այն բոլոր հարցերով, որոնք համայն մարդկութիւնը եւ աստուածային ստեղծագործութիւնը կ՛ընդգրկեն:

Հ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայութիւնը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին մէջ ե՞րբ եւ ի՞նչ մակարդակով եղած է:

Ն. Ա. Ա.- 1962 թուականին Փարիզի մէջ Հայ եկեղեցին իր երկու կաթողիկոսութիւններով, որպէս առանձին-առանձին պատուիրակութիւն, անդամակցեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին: Աստիճանաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները, շնորհիւ իրենց հետեւողական եւ գործօն  մասնակցութեան, գրաւեցին պատասխանատու դիրքեր եւ ստանձնեցին կարեւոր պաշտօններ, օրինակ` երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մէկ շրջան` եօթը տարի վարեց փոխատենապետի պաշտօնը, եւ Արամ Ա. վեհափառ երկու շրջան` տասնչորս տարի վարեց ատենապետի պաշտօնը. յայտնեմ, որ ատենապետութիւնը բարձրագոյն պաշտօնն է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին մէջ:

Հ.- Միջքրիստոնէական իմաստով ի՞նչ են Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին աշխատանքի մարզերը:

Ն. Ա. Ա.- Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կը կառավարուի Ժընեւի իր կեդրոնատեղիէն. ինչպէս իր անունն իսկ կը հաստատէ,  ան աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ ներկայ է` շնորհիւ իր աւելի քան երեք հարիւր յիսուն անդամ եկեղեցիներուն եւ զանազան բնագաւառներու գործունէութեամբ:

Կաթոլիկ եկեղեցին մինչեւ այսօր իրեն յատուկ եկեղեցաբանութեան պատճառով անդամ չէ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, սակայն կարգ մը բաժանմունքներու հետ ամբողջական գործակցութիւն կը ծաւալէ. այս երեւոյթը դրական է, եւ վստահ եմ, որ հետզհետէ աւելի պիտի զարգանայ:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը ունի զանազան բաժանմունքներ, որոնք կը զբաղին աստուածաբանութենէն մինչեւ մարդկային իրաւունքներ, աւետարանչութենէն մինչեւ բնապահպանութիւն եւ կրօնական հարցերէն մինչեւ միջկրօնական յարաբերութիւններ: Մէկ խօսքով, այն, ինչ որ կապ ունի մարդկութեան հետ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ կը գրաւէ:

Հ.- Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը այլ կրօններու հետ երկխօսութեան կը ձեռնարկէ՞:

Ն. Ա. Ա.- Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը ունի յատուկ բաժանմունք մը, որուն պարտականութիւնն է ոչ քրիստոնեայ կրօններու հետ յարաբերութիւն մշակել. ինչպէս գիտէք, այսօր քիչ մը ամէն տեղ քրիստոնեաներ, ներառեալ հայեր, կ’ապրինք բազմակրօն ընկերութիւններու մէջ, եւ միջկրօնական յարաբերութիւնները կրնան մեծապէս նպաստել անհատական եւ հաւաքական բարի դրացնութեան:

Հ.- Ներկայ դարու քրիստոնէական ըմբռնումներու կամ մարդկային կենցաղին ի տես` ի՞նչ միջոցառումներ կամ քայլեր կ’որդեգրուին:

Ն. Ա. Ա.- Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը զանազան աշխարհագրական տարածքներու մէջ գտնուող եւ յարանուանութիւններու պատկանող քրիստոնեաներու համախմբում մըն է, եղբայրութիւն մը, սակայն իւրաքանչիւր անդամ եկեղեցի կը պահէ իր աւանդութիւնը եւ իր կառոյցին յատուկ գործունէութեան եղանակը. որոշումներ կը տրուին եւ կը յղուին եկեղեցիներուն` առ ի քննարկում եւ գործադրութիւն, եւ իւրաքանչիւր եկեղեցի ազատ է իր ընտրութեան եւ գործադրութեան մէջ. ամէնէն հրատապ հարցերն անգամ չեն պարտադրուիր եկեղեցիներուն, այլ կը մնան ազատ որոշումի սահմաններուն մէջ. այս մէկը պատճառ կ՛ըլլայ, որ քրիստոնէական աւանդական սկզբունքները խախտին, ինչպէս, օրինակ, այր եւ կնոջ սուրբ պսակի խորհուրդով միացումը եւ ընտանիք կազմելը:

Հ.– Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ի՞նչ մակարդակի է այս միջեկեղեցական շարժումին մէջ, հարիւրամեակի գծով զօրակցական արտայայտութիւններ կա՞ն:

Ն. Ա. Ա.- Ինծի ուղղուած յաճախակի հարցումներէն մէկը հետեւեալն է. «Մենք ի՞նչ կ՛օգտուինք միջեկեղեցական շարժումէն», ես ալ միշտ հետեւեալը կը պատասխանեմ. «Միջեկեղեցական շարժումը մեզ կը դնէ միջազգային հրապարակին վրայ, ուր ոչ միայն մեր եկեղեցւոյ հարցերը կը ներկայացնենք, այլ նաեւ` մեր պահանջատիրութիւնը, Հայ դատը»: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի բաժանմունքներէն մէկը կը զբաղի արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային յարաբերութիւններու հարցերով, եւ շնորհիւ Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն` Հայոց ցեղասպանութեան հարցը մնայուն կերպով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին օրակարգին վրայ մնացած է: 1983 թուականին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը յատուկ բազմալեզու գրքոյկի մը` «Շարունակուող ողբերգութիւն»-ի հրատարակութեամբ, բոլոր եկեղեցիներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հայոց ցեղասպանութեան վրայ: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի տասներորդ համաժողովին, 2013 թուականին, յատուկ բանաձեւ որդեգրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակման գծով,  2015-ին Ժընեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային համագումար մը` համապատասխան կրօնական արարողութեամբ. զանազան եկեղեցիներ եւս Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի գծով ծրագիրներ մշակած են:

Հ.- Միջեկեղեցական շարժումին մէջ ի՞նչ է Հայ եկեղեցւոյ դերը այսօր:

Ն. Ա. Ա.- Միջեկեղեցական շարժումը շարունակականօրէն ծաւալող եւ խորացող ընթացք մըն է, շարժում մը` ինչպէս անունն իսկ կը թելադրէ: Որպէս եկեղեցի շարժող իրականութեան մը մաս կազմելով` չենք կրնար անշարժ մնալ, այլապէս կրնանք ոտքի կոխան դառնալ: Միջեկեղեցական շարժումին որպէս մասնակից` հետեւեալ կէտերը կենսական կը նկատեմ.-

Ա.- Յարգանք մեզմէ տարբեր եկեղեցիներուն եւ այլ կրօններու հանդէպ. այս յարգանքը կը սնուցուի զանոնք լաւապէս ճանչնալով եւ անոնց հետ աննախապաշար կապեր հաստատելով:

Բ.- Մեր պատմութեան, մշակոյթին եւ ներկայ պահանջներուն ամբողջական գիտակցութիւն եւ զանոնք երկխօսութեան ճամբով ուրիշներուն փոխանցելու պատրաստակամութիւն:

Գ.- Հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներու խնամեալ պատրաստութիւն` իւրաքանչիւր բնագաւառի համապատասխան: Հոս կ՛ուզեմ յատուկ կերպով ընդգծել Հայ երիտասարդութեան գործօն ներկայութիւնը նախ մեր համահայկական կառոյցներուն մէջ եւ զուգահեռաբար նաեւ` միջեկեղեցական շարժումին մէջ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այս նախանձախնդրութեամբ կը մասնակցի միջեկեղեցական շարժումին` ի շահ մեր ժողովուրդի ամբողջական ձգտումներուն:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (15 Յուլիս 1964)

Յաջորդը

Առաջարկելով Արուեստի Գործերու Մնայուն Ցուցասրահի Մը Հիմնումը. «Արուեստագէտ Մը Անպայման Իր Փոխանցելիք Պատգամը Ունի Արուեստի Իր Գործերուն Ընդմէջէն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Մարալ Տէր Պօղոսեան

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.