Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանը Եւ Ամավերջի Հանդէսը

July 14, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1806Noubarian-KhrimianԵթէ ոեւէ հայ առաջին անգամ այցելէ հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը եւ բնականաբար ուզէ ծանօթանալ հայկական կառոյցներուն, դիւրութեամբ կրնայ գտնել Ս. Հոգեգալստեան եկեղեցին, որ ինչպէս բոլոր հայկական եկեղեցիները, իր սուրբ հովանիին տակ առած է տեղւոյն ազգային վարժարանը, որ կը կոչուի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարան: Արդիական գեղեցիկ կառոյց մը, որուն ճակատին մեսրոպեան այբուբենի հսկայ տառերը անմիջապէս կը գրաւեն այցելու հայուն սիրտն ու հոգին:

Հիւսիսային Լիբանանի հայութեան համար այս վարժարանը համազօր է ամենափրկիչ բառին, ուր շրջանի հայ մանուկները կը յաճախեն, հոն հասակ կը նետեն, բոլոր գիտելիքներէն առաջ կը սորվին հիանալի մայրենին, ազգային պատմութեան ու Հայաստանի աշխարհագրութիւնը, կը հաղորդուին մեր անմահ սուրբերուն հաւատքին զօրութեամբ:

Վարժարանի հայ աշակերտներուն թիւը, արտագաղթի պատճառով, սահմանափակ է, սակայն այս վարժարանը տասնամեակներէ ի վեր իր գոյութիւնը պահելէ ետք, պիտի շարունակէ մնալ հայեցի դաստիարակութեան անառիկ բերդը` պատսպարելով եւ պաշտպանելով հայ մանուկը օտարամոլ հոսանքներուն դէմ: Հայ փոքրիկը հոս կը հայանայ` ի հարկին հայացնելով իր օտարացած ծնողքը. հայ աշակերտին ազգային պատկանելիութիւնը հոս է, որ կ՛արժեւորուի եւ ապագային այդ փոքրիկը պիտի հպարտանայ իր հայութեամբ: Բոլոր ազգային եւ կրօնական տօները հոս կը նշուին, հայ մանուկը կը ճանչնայ հայ ժողովուրդին անցեալն ու ներկան, որպէսզի պատրաստուի դիմակալելու գալիք դժուարութիւնները եւ յաջողութեամբ տէր կանգնի Հայ դատին:

Ո՛չ հայ աշակերտներու թիւին նուազումը եւ ո՛չ ալ օրէ օր կուտակուող դժուարութիւնները չեն կրնար ընկճել այս վարժարանին վեհ ծառայողները, չեն կրնար տկարացնել հայու կամքն ու կորովը, երբ հոս հայու ոգին կը տիրապետէ: Նոր օրերու նուիրեալ դաստիարակ առաքեալներ ամէն գնով կ՛աշխատին բաց պահել այս ուսումնարանը եւ հայկական դիմագիծին անխախտ դրոշմը անեղծ պահել:

1806Noubarian-Khrimian1Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի աւանդական դարձած տարեփակի հանդէսը, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ գաղութի պատկան մարմիններու, տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 18 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ, որ նեղ կու գար ներկայ հոծ հասարակութեան:

Լիբանանի եւ ազգային քայլերգներու յաջորդեցին արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով բացման խօսքեր, որմէ ետք բեմին վրայ շարան-շարան տողանցող աշակերտները իրենց լայն ժպիտներով եւ գունագեղ տարազներով ներկայացուցին հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով արտասանութիւններ, խմբերգներ, զաւեշտ, պարեր եւ աւարտականներու սրտի գեղեցիկ խօսքեր:

Բեմին վրայ լիբանանեան դրօշակի կողքին փառահեղօրէն կը ծածանէր հայկական եռագոյնը, որուն ի տես հայու սրտերը կը պոռթկային հպարտութենէն եւ կը փղձկէին յուզումէն:

Մանկապարտէզի եւ միջնակարգի աւարտականներ ստանալէ ետք իրենց վկայականները, տէր հօր «Պահպանիչ»-ով փակուեցաւ հանդէսը:

Ներկաները անհուն ուրախութեամբ եւ յոյսով կը սպասեն ամավերջի հանդէսներուն` միշտ սրտանց մաղթելով այս վարժարանին բարգաւած եւ փայլուն ապագայ:

Նախորդը

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս

Յաջորդը

Յիսնամեակի Յոբելենական Հանդէս Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.