Իր գումարած մէկ ժողովէն ետք, լիբանանեան Սաֆա ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Սամիր Սաատը, որ փոխարինեց ռումանացի Թիթա Վալերիոն:
Սաատ անցեալին եղած է Սաֆայի մարզիչը, ինչպէս նաեւ` ՀՄՄ-ի, Շապապ Սահելի, Թատամոն Սուրի, Մապարրայի, Թրիփոլիի, Ռասինկի եւ Ախա Ահլի Ալէյի մարզիչը:
Նշենք, որ ան եղած է նաեւ Լիբանանի ողիմպիական խումբին, ինչպէս նաեւ` 16 եւ 19 տարեկանէն վար ազգային խումբերուն մարզիչը:


