Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդավարութիւնը Բացարձակատիրութեան Քլանին Տակ

July 4, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Անգլիացի ժողովուրդը կը կարծէ ազատ ըլլալ. ան
մեծապէս կը սխալի. ան ազատ է միայն խորհրդարանի
անդամներու ընտրութեան ընթացքին, անոնք
անմիջապէս  որ ընտրուած ըլլան, ինք ստրուկ է»:

Ժան-Ժաք Ռուսօ, «Ընկերային պայմանագիրը»*

Թայլանտ, Վենեզուելա, Թուրքիա եւ այլ տեղեր, ցոյցեր եւ ըմբոստութիւններ տեղի ունեցան, արաբական երկիրները իրենց անկարելի ժողովրդավարութեան նուաճման ճամբուն վրայ ապրեցան իրենց «Արաբական գարուն»-ը, այլ երկիրներ ալ ցոյցեր տեղի կ՛ունենան ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան նախկին եւ գալիք ժամանակներու երազներով, որոնք խիստ յարաբերական են` ըստ մոլորակի հորիզոնականներու եւ միջօրէականներու:

Միակ ժողովրդավարութիւնը հին Աթէնքի ուղղակի ժողովրդավարութիւնն էր, բայց ան անգամ խոցելի էր` ըլլալով դասակարգային-տոհմական: Քաղաքներու բնակչութեան աճը, խտութիւնը եւ քաղաքակրթութեան ընծայած հակակշռելու հնարաւորութիւնները կ՛արգելակեն ժողովրդավարութեան զարգացումը եւ անոր ընդհանրացումը, քանի որ, երբ դրացիներ չեն գտնուիր ժողովրդավարութեան աւազանին մէջ, ակնկալելի կ՛ըլլան անհասկացողութիւնները եւ բախումները:

Իրաւ եւ ամբողջական ժողովրդավարութիւնը միշտ պիտի ըլլայ հեռաւոր երազ մը, բայց միշտ կարելի է մօտենալ անոր` առանց միամիտ ըլլալու, գիտնալով, որ  ան պիտի մնայ հեռուն,  անհասցէ տեղ մը: Այս գիտակցութեամբ ալ պէտք է ըլլալ արթուն` նուաճուած քիչ եւ անկատար ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու, պայքարիլ պահպանելու համար այն քիչը, որ ձեռք բերուած է գաղափարներու եւ քաղաքակրթութիւններու յառաջընթացով:

Քիչեր ժամանակ կը գտնեն «անցեալը լսելու» եւ հոն գտնելու ողջախոհութեան ու իմաստութեան դասեր, որպէսզի նուազ չարիք գործուի եւ չգործեն, իրատեսութեամբ դիտեն եւ դիմաւորեն իրենց այսօրը եւ վաղը: Պէտք է ունենալ առաքինութիւն, virtus, այնպէս` ինչպէս այդ կ՛ըմբռնէին հռոմէացիները, հոգեկան ուժ, գործադիր իշխանութիւնը չձգելու միայն գործադիր իշխանութեան ձեռքը, հիմնական գաղափար մը, զոր յաճախ փակագիծի կը դնենք թուլամորթութեամբ, անգիտութեամբ կամ շահախնդրութեամբ: Ժամանակակից հասկացողութեամբ «քաղաքացին», աւելի ճիշդ ըմբռնումով` ընկերութեան անդամը, արդարութեան եւ մարդկայնութեան խոր զգացողութեամբ պէտք է որ կարենայ մօտենալ ընտրելու, քաղաքացի-իշխանութիւն եւ անհատ-ընկերութիւն յարաբերութիւններուն:

ԺԸ. դարու (1712-1778) մեծ մտածողներէն եւ Ֆրանսական մեծ յեղափոխութիւնը ներշնչողներէն Ժան-Ժաք Ռուսօ դիպուկ կերպով սահմանած է մեր օրերու ժողովրդավարութիւնը ներսէն կրծող էական հակասութիւններէն մին, հաւանօրէն` անոր գորդեան հանգոյցը, զոր Մեծ Մակեդոնացին սուրով կտրած էր, եւ այդ անյեղլի աւանդութիւնը կը շարունակուի: Ժան-Ժաք Ռուսօ անդրադարձած էր հակասական կացութեան, իր օրերու բացարձակատիրութիւններէն տարբեր, նախանձելի թուացող անգլիական ժողովրդավարութեան, երբ այլուր ընդհանուր օրէնք էր բացարձակատիրութիւնը:

Որ կրնայ տեւել երբեմն ժողովրդավարական ծակծկուած շապիկ:

Ժան-Ժաք Ռուսօ կ՛ըսէ. «Անգլիացի ժողովուրդը կը կարծէ ազատ ըլլալ. ան մեծապէս կը սխալի. ան ազատ է միայն խորհրդարանի անդամներու ընտրութեան ընթացքին, անոնք անմիջապէս որ ընտրուած ըլլան, ինք ստրուկ է»: Այսպէս, երբ Միացեալ Նահանգներ բանակ կը ղրկեն Իրաք կամ Աֆղանիստան, երբ ընտրուած նախագահ մը նախարարներ կը նշանակէ, իր փառքին համար յուշարձան կամ կոթող կը կանգնէ անտեսելով ժողովուրդը, կը կողոպտէ պետական գանձը (որ ժողովուրդին քրտինքն է), ո՞ւր կը սկսի եւ ո՞ւր կ՛աւարտի ժողովրդավարութիւնը: Նման կացութիւններ կան կառավարութիւններու, միութիւններու եւ ընկերային այլազան կառոյցներու պարագային, եթէ դադրին հաւկուրութիւնը, կողմնապաշտութիւնը եւ շահախնդրութիւնը:

Այսինքն զանգուածներուն համար  ազատութիւնը իր բոլոր ձեւերով խաբուսիկ վիճակ մըն է` նոյն այդ զանգուածներու միամտութիւնը օրօրող, մանաւանդ երբ կը հրաւիրուի ծափահարելու, ինչ որ Ռուսոյի ըսել կու տայ, որ ժողովուրդը «ստրուկ է», եւ իշխանութիւնը կը պահուի դրսեւորուած կամ ինքզինք որպէս այդպիսին չխոստավանող ստրկացման գաղափարով:

Սակայն հարց է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է իրականացնել իրաւ եւ իսկական հաւաքական ղեկավարում-իշխանութիւնը, երբ ժողովուրդը ինք պիտի որոշէ իրեն համար, առանց բանտարկուելու մէկ, երկու, երեք, չորս եւ աւելի տարիներու համար տրուած կամ ցկեանս իրաւունքով, կամ սպասելու այդ տարիներու աւարտը: Ընկերութեան բոլոր անդամները չեն կրնար տեւաբար ժամանակ տրամադրել ուղղակի քաղաքականութեամբ զբաղելու, մանաւանդ երբ կլանուած են իրենց աշխատանքներով, եւ անդին կան լիաժամ աշխատողներ:

Ժան-Ժաք Ռուսօ կը կարծէր, որ ժողովրդավարութիւնը հաշտ չէր ընթանար առեւտուրի, շահի եւ հարստացման հետ, որոնք անկարելի կը դարձնէին իրաւ ժողովրդավարութիւնը, եւ իշխանութիւնը կը դառնար մենաշնորհը փոքրամասնութեան. միապետութիւն-բացարձակատիրութիւն, արհեստավարժներ, ինքնաշնորհուած իշխանական իրաւունքով անհատներ, դասակարգ:

Եթէ մեր աչքերու կապանքը հանելու արիութիւնը ունենանք, պիտի տեսնենք, որ զանգուածներու ժողովրդավարական ազատութիւնը քուէաթերթիկը քուէատուփին մէջ նետելու ակնթարթն է: Գագաթի փոքրամասնութիւնը այդ ալ կ՛անտեսէ շատ յաճախ կամ թատրոնի կը վերածէ. ճառ, թմբուկ, քուէատուփերու մէջ անտէր թերթիկներու կարկուտ: Բեմադրութեան համար չենք ապաւինիր զանգուածներու եւ քաղաքացիներու ողջմտութեան, այլ զայն կը քնացնենք ամբոխները զուարճացնող երգ ու պարով:

Կը համոզեն եւ կը համոզուինք, որ «ժողովրդավարութիւնը նուազագոյն չափով վատ» կառավարման եղանակ է, որ «լիլիփութ»-ներուն (հեքիաթի թզուկներուն) ինքնահաստատման ցնորք կը շնորհէ:

4 յունիս 2014, Երեւան

* « Le peuple anglais pense être libre, il se trompe fort: il ne l’est que durant l’élection des membres du parlement; sitôt qu’ils son élus, ils sont esclaves».
Le contrat social, Jean-Jacques Rousseau

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Երեւակայածին Մարդ Մը` Լոնտոնի Կուռքը

Յաջորդը

Մայիս Մխիթարեանի Արուեստանոցում

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.