Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէրսիմն Ու Տէրսիմի Հայերը Այսօր

July 1, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իսմայիլճան Հալաճուրթ
Իսմայիլճան Հալաճուրթ

Տէրսիմի հայերու միութիւն ստեղծելու գաղափարը կը պատկանի Սալահէտտին Կիւլթեքինի, որ իր անունը փոխած է Միհրան-Փրկիչի:

Պոլսոյ մէջ միութեան ղեկավար Իսմայիլճան Հալաճուրթ «Սիվիլնեթ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ միութեան նպատակն է համախմբել Պոլսոյ եւ Տէրսիմի մէջ ապրող տէրսիմցիները: Միութիւնը նպատակ ունի 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք շարունակուող մշակութային ցեղասպանութեան պատճառով սեփական արմատներէն, լեզուէն ու կրօնէն հեռացած Տէրսիմի հայութիւնը, հարիւր տարուան ընդմիջումէ ետք, դարձեալ վերադարձնել իր արմատներուն:

Բազմաթիւ տէրսիմահայերու նման, Իսմայիլճան Հալաճուրթ եւս Հայաստանի մէջ մկրտուած է եւ ընտրած Ստեփան անունը` որդեգրելով «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» վէպին հերոսներէն մէկուն անունը: Վէպին մէջ Ստեփան Մուսա Լերան դիմադրութիւնը ղեկավարող հրամանատարին որդին էր:

Տէրսիմի տարածաշրջանը, որ այժմ կը կոչուի Թունչելի, կը գտնուի ներկայ Թուրքիոյ արեւելեան բաժինին մէջ եւ կը համընկնի պատմական Հայաստանի Ծոփք կամ Չորրորդ Հայք վարչական շրջանին: Ըստ հայկական աւանդութեան, Տէրսիմ անունը յառաջացած է շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Սիմոնի անունէն, որ շրջանի բնակչութիւնը համոզած է ընդունիլ ալեւիութիւնը` այդպիսով փրկելով ժողովուրդը օսմանցիներու ծրագրած բռնագաղթէն: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք բազմաթիւ հայեր կը շարունակեն ապրիլ այդ երկրամասին մէջ:

1937-ի Տէրսիմի ապստամբութենէն ետք, 1938-ին թրքական բանակին կողմէ գերեվարուած տէրսիմցի հայեր եւ ալեւիներ
1937-ի Տէրսիմի ապստամբութենէն ետք, 1938-ին թրքական բանակին կողմէ գերեվարուած տէրսիմցի հայեր եւ ալեւիներ

Հալաճուրթ կը յայտնէ, որ դաւանական առումով Տէրսիմի հայերուն մեծամասնութիւնը կը շարունակէ ապրիլ իբրեւ ալեւի, իսկ ինքնութեան, ազգութեան տեսանկիւնէն` իբրեւ քիւրտ կամ զազա: Տէրսիմի մէջ ապրող բոլոր քիւրտերն ալ գիտեն, թէ ո՛ր ընտանիքը հայ է: Այդ մէկը երբեք չի մոռցուիր, որովհետեւ տարբեր ձեւերով կրցած են պահպանել իրենց ինքնութիւնը: Տէրսիմի հայերու ամէնէն ազդեցիկ սովորութիւնը այն էր, որ իրարու միջեւ կ՛ամուսնանային եւ այդպիսով կը կարողանային իրենք զիրենք պահպանել եւ մնալ մէկ ամբողջութիւն:

Քիւրտ ալեւի Սաւաշ Շահին իր կարգին կը յայտնէ, որ ինք ծնած է հին հայկական գիւղի մը մէջ եւ իր մեծ հայրը գիւղի պտղատու ծառերը ցոյց տալով` իրենց կը յայտնէր, որ անոնք հայերը տնկած են եւ իրենք մինչեւ հիմա հայերու թութն ու թուզը կ՛ուտեն: Տէրսիմահայ Յակոբ Ալթընքայա կը յայտնէ, որ Տէրսիմի մէջ բազմաթիւ հայեր կան եւ այդտեղ իր այցելութեան ընթացքին մարդիկ իրեն մօտենալով` յայտնած են, որ իրենց նախնիները հայեր են:

Իսմայիլճան Հալաճուրթ կը յայտնէ, որ ինք Տէրսիմի մէջ ապրող հայերու թուաքանակին մասին շօշափելի թիւ մը չի կրնար հաստատել: Կան հայկական գիւղեր, որոնք ունին շուրջ երեսուն տուն` երեք-չորս անդամով: Տէրսիմի մէջ այսօր կ՛ապրին հայեր, որոնք իրենք զիրենք հայ կը զգան, սակայն լեզուէն եւ կրօնէն հեռանալնուն պատճառով քրիստոնէութեան հետ որեւէ կապ չունին: Անոնք իսլամացած են, սակայն իսլամները զիրենք չեն ընդունիր:

Սաւաշ Շահին կը յայտնէ, որ հայերուն մեծ մասը կը պահէ իր ինքնութիւնը:

Տէրսիմի շրջկեդրոն Թունչելի
Տէրսիմի շրջկեդրոն Թունչելի

Տէրսիմի հայերու միութիւնը այժմ 80 անդամ ունի, սակայն միութեան ղեկավարները կը յայտնեն, որ եթէ Տէրսիմի մէջ բնակող հայերուն մօտ աշխատանք տանին, միութեան անդամներուն թիւը կրնայ 500-էն 1000-ի հասնիլ:

Իսմայիլճան Հալաճուրթ կը յայտնէ, որ իրենց միութեան անդամ ըլլալու համար կրօնը նախապայման չէ, այլ` հայ ըլլալը: Քրիստոնէութիւնը պայման չէ, սակայն Պոլսոյ մէջ ապրող տէրսիմցիները աստիճանաբար սկսած են հակիլ դէպի քրիստոնէական եկեղեցի, երեխաներուն հայկական անուններ կու տան, կ՛ուզեն ապրիլ սեփական մշակոյթով ու լեզուով, սակայն Տէրսիմի հայութեան միութեան բոլոր անդամները քրիստոնէայ չեն, եւ եթէ այդպիսի պայմաններ դրուին, «Տէրսիմի հայերը իրարմէ կը բաժնենք», կը շեշտէ Հալաճուրթ:

Խօսելով միութեան ծրագիրին մասին` Հալաճուրթ կը յայտնէ, որ իրենց հիմնական նպատակը Տէրսիմի մէջ ներկայացուցչութիւն բանալն է, աշխատանքներ կատարել Տէրսիմի Ս. Կարապետ վանքի վերականգնման ուղղութեամբ: Ան կ՛ըսէ, որ մինչեւ 1938 թուական գործող Ս. Կարապետ եկեղեցին մեծ նշանակութիւն ունի թէ՛ Տէրսիմի հայերուն եւ թէ՛ քիւրտ ալեւիներուն համար: Անցեալին Ս. Կարապետը հայերու, քիւրտերու եւ ալեւիներու ուխտատեղին եղած է:

Միութիւնը նպատակ ունի նաեւ աշխատիլ Տէրսիմի հայկական գիւղերու ընկերատնտեսական կացութեան բարելաւման ուղղութեամբ, իսկ Պոլսոյ մէջ կը փափաքին կամուրջ ըլլալ տէրսիմցիներուն եւ պատրիարքարանին միջեւ, որովհետեւ եթէ տէրսիմցի հայ մը մինակը պատրիարքարան երթայ եւ ուզէ մկրտուիլ, պիտի չկարողանայ, որովհետեւ պէտք է ապացուցէ իր հայ ըլլալը:

Հալաճուրթ կը նշէ, որ տէրսիմցի հայերուն մօտ հետեւեալ ընկալումը կայ. «Հայ համայնքը մեզ չ՛ընդունիր, որովհետեւ մենք կտրուած ենք մեր մշակոյթէն, փոխած ենք մեր անունները»: «Այս պարագային, երբ պատրիարքարան կ՛երթաս եւ առջեւդ չափորոշիչներ կը դնեն եւ կը պահանջեն ապացուցել հայ ըլլալդ, սովորաբար տէրսիմցի հայը կը նահանջէ, ետքայլ կ՛ընէ եւ յուսախաբ կ՛ըլլայ: Ի հարկէ, պատրիարքարանն ալ այսպէս վարուելու իրաւացի պատճառներ ունի: Այս պարագային Տէրսիմի հայկական միութիւնը կը փորձէ պատրիարքարանին հետ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ ստեղծել», կը նշէ Հալաճուրթ:

Պոլիս ապրող տէրսիմցիները հիմնականին մէջ իրենց զաւակներուն կու տան հայկական անուններ եւ զանոնք կ՛ուղարկեն հայկական դպրոցներ եւ քայլեր կ՛առնեն հայերէն սորվելու համար: 2013-ին տէրսիմցիները Հայոց  ցեղասպանութեան 98-ամեակը առաջին անգամ ըլլալով ոգեկոչեցին Տէրսիմի մէջ:

 

Նախորդը

1915 Թուականին Քրտերն Էլ Են Իւրացրել Հայերի Ունեցուածքը. Հաթիփ Տիճլէ

Յաջորդը

Պատմական Կիլիկիոյ Բերդեր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցանկին Մէջ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.