Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկները Համակարգող Պետական Յանձնաժողովի Խորհրդաժողովին Սեդա Խտըշեանի Արտասանած Խօսքը

June 24, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6492_bՄայիս 27-ին Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած Հայոց  ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի  համահայկական խորհրդաժողովին Հայոց  ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին խօսքը արտասանեց մարմինի ատենապետ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան: Խօսքը կը հրատարակենք ստորեւ:

Հայոց ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը տասնամեակէ մը ի վեր կը գործէ գաղութիս երեք յարանուանութիւններու` Հայ առաքելական, Հայ կաթողիկէ ու Հայ աւետարանական  եւ երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, ՌԱԿ եւ ՀԲԸՄ-ի հետ գործակցութեամբ եւ միասնական ճիգերով:  Ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան պետական յանձնաժողովի առաջարկին` Հայոց ցեղասպանութեան  հարիւրամեակին ընդառաջ համազգային ճիգերով Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւն եւ գործունէութիւն ծաւալելու, Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը վերակազմաւորուեցաւ եւ անուանուեցաւ` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմին` պահելով ներկայացուցչական միեւնոյն դրութիւնը, առաւել եւս սերտօրէն գործակցելով Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի պետական յանձնաժողովին եւ Հայոց ցեղասպանութեան  թանգարան-հիմնարկի տնօրէնին հետ:

24-008Նախորդ երեք տարիներուն Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը ծրագրեց եւ գործադրեց քաղաքական,  մշակութային եւ  արուեստի զանազան բնագաւառներու եւ մակարդակներու վրայ լայնածաւալ գործունէութիւն` կազմակերպելով բողոքի հսկայածաւալ ու բազմամարդ ցոյցեր, երիտասարդական հսկումներ, ցուցահանդէսներ, շրջանային համագումար, ժապաւէններու ցուցադրութիւններ, նաեւ ներկայացուց երկու յուշագիրներ:  Յայտարարութիւններով ու զանազան ձեռնարկներով յանձնախումբը մնայուն կերպով արթուն կը պահէ ժողովուրդը` զայն հաղորդակից դարձնելով  Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող իրադարձութիւններուն եւ հարցերուն:  Հայաստանի պետական յանձնաժողովի համազգային նիստին ներկայացուեցաւ հարիւրամեակին ընդառաջ Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին գործադրելի ծրագիրներու ամբողջական թղթածրարը` համապատասխան կազմակերպչական առաջարկներով:

Լիբանանը կ՛առանձնացուի սփիւռքահայ  աշխարհասփիւռ  հայկական բոլոր գաղութներէն իր իւրայատկութեամբ, համահայկական եւ համազգային կառոյցով, որ կը  զատորոշուի հիմնումով եւ ներկայութեամբ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողոկոսութեան Ս. Աթոռին ու յանձինն անոր ներկայ եւ նախկին վեհափառ հայրապետներուն, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքական աթոռին ու անոր ներկայ եւ նախկին պատրիարքներուն եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու կեդրոնատեղիի: Այս հանգամանքն ու անոնց յարակից մարմիններուն ու կառոյցներուն գոյութեանն ու գործունէութիւնը Լիբանանին կու տայ համասփիւռքեան նշանակութիւն, ուրեմն` յաւելեալ պատասխանատութիւն եւ պարտաւորութիւններ:

Առ այդ, ձեր ազնիւ ուշադրութեան կը յաձնենք հետեւեալները.

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշումներու համակարգելու եւ միաւորուած կազմակերպելու փորձը առաջին նախաձեռնութիւնն է անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին, երբ Հայաստան-սփիւռք առաջին անգամ ըլլալով  միաւորուած ու համակարգուած ծրագիր կը մշակեն դիմագրաւելու մեր պատմութեան ամէնէն ահաւոր եւ զարհուրելի  դէպքին` Մեծ եղեռնին հարիւրամեակը, մեր համազգային սուգը:  Նկատի չունիմ վերջին քսանամեակին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին ձեւաւորած  միատեղ աշխատանքները, որոնք ուրիշ բնագաւառի մը սկիզբը դրին: Ասիկա ուրիշ գործակցութիւն է, որ կը միտի ձեւակերպել համազգային մտածելակերպ եւ համազգային գործելակերպ` ազգային պահանջատիրական մեր դատին նկատմամբ: Պատմական աննախադէպ  իրողութիւն մը, որուն վրայ կեդրոնացած են բոլորին հայեացքները` հայ թէ օտար, սպասելով, որ ի՛նչ պիտի ըլլայ բարձրակէտը մեր նշումներուն:

Կը հաւատանք, որ այս նշումներով սկսած ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային իրազեկման գործընթացը եւ կը դրուին ապառաժեայ եւ անխախտելի հիմերը  Հայաստան -սփիւռք գործակցութեան, որ պիտի ձեւակերպէ ազգային դատի  մեր պահանջատիրութիւնը` քաղաքական, մշակութային, նիւթական եւ բարոյական վնասահատուցման առաջարկներով: Մանաւանդ  պիտի օգտագործենք համաշխարհային հայկական մարդուժը` քաղաքական, մշակութային, մտաւորական բոլոր բնագաւառներու մէջ մշակելու համար համազգային գործելաձեւ մը հունաւորելով ազգային պահանջատիրութեան գործընթացը`

գիտական, իրաւական, մշակութային եւ արուեստի մակարդակներու վրայ, հասնելու համար, ի վերջոյ, միջազգային ատեան:

Ահա այ՛ս են մեր ակնկալիքները համազգային այս յանձնաժողովէն,  այ՛ս է նաեւ պատգամը նահատակներուն դրուած իւրաքանչիւր հայու ուսերուն, այ՛ս է մարտահրաւէրը  հարիւրամեակին, որուն հիմնաքարը դրած ըլլալ  կը յուսանք այս հաւաքով:

Խորապէս համոզուած ենք որ Հայաստան- սփիւռք պիտի կարողանանք արժանաւորապէս նշել Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը եւ ապահովել շրջադարձային հանգամանք, յատկապէս` պատրաստել` համայն հայութեան պահանջներուն իրաւական ենթահողը, որ կը հանդիսանայ հիմքը այս հաւաքին:

Նախորդը

Արեւմտահայերէնը Վտանգուած Չէ

Յաջորդը

Պապեան. «Ցեղասպանութեան Հարցի Լուծումը Կը Գտնուի Իրաւական Դաշտին Մէջ»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.