Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Ժխտողականները Չյաջողեցան Խափանել Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ելոյթը Աւստրալիոյ Խորհրդարանին Մէջ

June 23, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան Աւստրալիոյ հարիւրամեակի յանձնախումբը հրաւիրած էր տողերուս հեղինակը` ելոյթ ունենալու Սիտնիի եւ Մելպուռնի ոգեկոչման ձեռնարկներուն եւ ապրիլ 24-ի շաբթուան ընթացքին պաշտօնական ճառով հանդէս գալու Նոր Հարաւային Ուէլսի խորհրդարանին մէջ:

Ապրիլ 27ին Աւստրալիոյ թրքական շահերու պաշտպանութեան միութիւնը երեք էջնոց նամակ յղեց խորհրդարանի բոլոր անդամներուն` կոչ ընելով պոյքոթի ենթարկել ելոյթս: Խորհրդարանի անդամներէն մէկը նամակին պատճէնը փոխանցեց Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին` ելոյթիս նախօրէին: Հմտօրէն շարադրուած նամակը, ամենայն հաւանականութեամբ` գրուած Թուրքիոյ դեսպանատան արհեստավարժ լոպիստներու կողմէ, քանի մը սխալ պնդումներ եւ զրպարտիչ մեղադրանքներ կը պարունակէր:

Թրքական ժխտողականութեան խումբը կը ձգտէր Անգարայի մարդու իրաւունքներու սահմանափակումները ներմուծելու Աւստրալիոյ նման ժողովրդավարական երկիրի մը մէջ` փորձելով սահմանափակել ոչ միայն տուեալ ելոյթ ունեցողին խօսքի ազատութիւնը, այլ նաեւ խորհրդարանին` իր ընտրած անձերը հրաւիրելու իրաւունքը: Զիս անուանելով «փրոփականտիստ», որ` «օգուտ կը քաղէ հակամարտութենէն եւ ատելութենէն», թուրքերը իրենց  նամակին մէջ «խստօրէն» խորհուրդ տուած էին երեսփոխաններուն ներկայ չըլլալ ելոյթիս:

Աւստրալիոյ թրքական միութեան գործադիր տնօրէն Կիւնեշ Կիւնկորը տարածած էր կեղծ յայտարարութիւն, որ իբր թէ ես Համբիկ Սասունեանի «ազգական»-ն եմ, այն պարզ պատճառով, որ կը կրեմ միեւնոյն մականունը: Համբիկը մեղաւոր ճանչցուած է 1982 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսի սպանութեան համար: Թէեւ իւրաքանչիւր մարդու կեանքը շատ արժէքաւոր է, սակայն Կիւնկորը կոկորդիլոսի արցունքներ կը թափէ միայն թուրք դիւանագէտի մը մահուան առիթով` անտեսելով 1.5 միլիոն անմեղ հայերու հաւաքական սպանութիւնները® Որքա՞ն հաճելի է Կիւնեշ Կիւնկորին, եթէ «ազգակցական» կապ ունենալուն մէջ զինք մեղադրեմ քանի մը յանցագործներու հետ, զորս գտած եմ համացանցի միջոցով, միայն այն պատճառով, որ անոնք կը կրեն միեւնոյն մականունը:

Կիւնկորը իր նամակին մէջ նաեւ չարախօսած է ականաւոր իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինին դէմ, որ ստեղծած է «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը` օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերու բնաջնջման մանրամասն ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ: Յուսահատօրէն փորձելով ամէն գնով արատաւորել Լեմքինի անբասիր վարկը` Կիւնկորը պնդած է, թէ` «Նիստի աւարտին անոր յարձակողական մեկնաբանութիւններուն պատճառով զինք (Լեմքինին) դուրս հանած են սենեակէն»: Կիւնկորը նոյնիսկ սխալ գրած էր Լեմքինի անունը:

Աւարտին թուրք փրոփականտիստը փորձած է ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հրէական ողջակիզումին միջեւ եղած տարբերութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան հարցերուն մէջ փորձագէտ ձեւանալէ ետք, Կիւնկորը խոստովանած է իր տգիտութիւնը` նշելով, որ` «Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանի մասին դեռ շատ բան պէտք է իմանալ եւ շատ եզրակացութիւններ ընել»:

Հակառակ ելոյթս խոչընդոտելու Կիւնկորի փորձերուն` երեսփոխանները եւ հիւրերը, ներառեալ` գիտնականներ, ընտրուած պաշտօնեաներ եւ հրէական համայնքի ղեկավարներ, զիս դիմաւորեցին յոտնկայս ծափահարութիւններով: Զարմանալիօրէն Կիւնկորը յայտնուեցաւ խորհրդարան` լսելու ելոյթս, չվստահելով ձեռնարկը չեղեալ համարելու իր սեփական կարողութեան: Հակառակ անոր որ ունկնդիրներուն բաւական ժամանակ տրուած էր  որեւէ հարցում ուղղելու համար, սակայն Կիւնկորը եւ անոր երկու թուրք գործընկերները որեւէ հարցում չուղղեցին: Շատ զարմանալի էր, որ երբ թուրքերը կը լքէին խորհրդարանի դահլիճը, լսուեցաւ, որ Կիւնկորի գործընկերներէն մէկը անոր ըսաւ. «Չեմ հասկնար, թէ նման գիշերներու ի՞նչ կ՛ընենք այստեղ…»:

Իմ միւս ելոյթներս տեղի ունեցան լեցուն դահլիճներու մէջ` առանց խափանման: Ըստ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի տուեալներուն, Սիտնիի մէջ ապրիլ 24-ին առաջին ելոյթիս ներկայ եղած է 1100 անձ: Յաջորդ գիշեր ես երկրորդ անգամ ելոյթ ունեցայ նոյն քաղաքին մէջ: Այնուհետեւ, ապրիլ 27-ին ելոյթով հանդէս եկայ համանման ձեռնարկի մը ժամանակ, Մելպուռնի մէջ, 500 հիւրերու ներկայութեամբ:

Ճամբորդութեանս ընթացքին միակ տհաճ երեւոյթը Աւստրալիոյ վարչապետ Թոնի Էպոթի յղած ուղերձն էր Սիտնիի ոգեկոչման արարողութեան: Վերցնելով էջ մը նախագահ Օպամայի «թատերական ներկայացումներու ժողովածուէն», Էպոթ իր հակիրճ ուղերձին մէջ, խուսափելով ցեղասպանութիւն բառէն, օգտագործեց  այլ բառեր (սարսափ, ողբերգութիւն, սարսափելի իրադարձութիւններ, կորուսեալ կեանքեր): Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան վարչապետին նամակով մը յայտնեց, որ անոր ուղերձը պիտի չկարդայ հանրութեան դիմաց, որովհետեւ «ցեղասպանութիւն բառի կոպիտ բացթողումը մեծ վիրաւորանք է Աւստրալիոյ հայ համայնքին հանդէպ»: Ղահրամանեան յիշեցուց վարչապետին նախորդ տարուան անոր ուղերձին մասին, երբ իբրեւ ընդդիմութեան առաջնորդ` ան պատշաճ կերպով բնութագրած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ի տարբերութիւն վարչապետին` Աւստրալիոյ գանձապետ,  երկրի կառավարութեան ամէնէն բարձրաստիճան նախարար Ճօ Հոքին հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչցող պաշտօնական յայտարարութեամբ:

Ես հեռացայ Աւստրալիայէն` խորապէս տպաւորուած 50 հազար կազմող հայ համայնքի քաղաքական բարձր աշխուժութեամբ, որ ծունկի կը բերէ քանակով զինք քանի մը անգամ գերազանցող, աւելի քան 200 հազար կազմող թրքական համայնքը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Փերինչեքի Գործը. Հայոց Ցեղասպանութեան Խնդիրը Հեռու Պահել Դատարաններից

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հռչակած Տարեցներու Տարուան Առիթով. Տարեցներու Յատուկ Ձեռնարկ` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.