Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն թիւ 10

June 18, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

SyriaShdab-logo-300x123Սուրիոյ ապրած դաժան տագնապին մէջ, յատկապէս Անցնող երեք տարիներուն` սուրիահայութիւնը իր կեցուածքով դրսեւորեց տիպար քաղաքացիի վարք:

Սուրիահայութիւնը հաւատարիմ մնաց իր երկրին եւ համայնքին, իր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, ազգային, մշակութային ու մարզական կեանքին:

Այսօր, Քեսապի ազատագրումի ուրախութեամբ համակուած` կը շնորհաւորենք սուրիահայութիւնը, բայց մանաւանդ` Ծովափի շրջանի հայութիւնը եւ այս առթիւ կը յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Բանակին, որ բազում զոհողութիւններով Քեսապը վերադարձուց հայրենիքի գոգը:

Սուրիոյ տարածքին տիրող դժուար իրավիճակներուն մէջ, Հալէպի կացութիւնը ցայսօր կը շարունակէ ծանրագոյնը մնալ: Վերջին օրերուն, Հալէպի մէջ ընդհանրապէս եւ Նոր Գիւղի մէջ մասնաւորապէս, իրագործուած բարբարոսութիւնները, իրենց ահաւոր հետեւանքները ունեցան հալէպահայուն համար թէ՛ հաւաքական, թէ՛ անհատական իմաստներով:

Այս տաժանելի կացութեան մէջ եւս սուրիահայութեան մայրաքաղաքը համարուող հալէպահայ համայնքը կը շարունակէ իր գոյերթը, կը շարունակէ յուսալով` տոկալ, խրախուսանքով` դիմանալ եւ վերանորոգ եռանդով ու կորովով դէպ առաջ ընթանալ:

Քեսապի ազատագրումը յոյս ներշնչեց հալէպահայութեան, առ այդ, յաղթանակի ճանապարհը դէպի Հալէպ առաջնորդուելու ակնկալութեամբ յուսադրուած` վերականգման ծրագիրներու մշակման փորձերը հաստատումի հանգրուան փոխադրելու մթնոլորտ ստեղծուեցաւ:

Հալէպի վերակառուցման աշխատանքները գործնականացման հարթակ ուղղելու ժամակայան հասած ենք: Այսօ՛ր, հրամայականի ուժգնութիւն կը ստանայ օժանդակութիւնները Հալէպի վրայ կեդրոնացնելու պարագան:

Արդ, կ՛ակնկալենք մեր հայրենակիցներէն, որ մեզի հետ ձեռք-ձեռքի` մեր յուսադրութիւնը առաւել ամրացնեն եւ օժանդակութեան աշխատանքները շարունակելով հալէպահայ համայնքի վերաշէնման եւ վերակենդանացման նպատսեն:

Հալէպը միայն հալէպահայութեան օրրանը չէ, այլ` Արեւմտահայաստանէն բռնագաղթած ողջ հայութեան: Այդ սրբազան երկրէն բերուած ազգային արժէքներու շնորհիւ է, որ համայնքը այսօր այսքա՛ն հայկականութեամբ կը շարունակէ գործել:

Հալէպի յաղթանակին աւետիսը լսելու պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալը` նախապատրաստութիւն կը պահանջէ:

Յուսադրուած ենք, որ մեր ակնկալութիւններուն համապատասխան արձագանգ պիտի գտնենք:

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Հալէպ, 16 Յունիս 2014

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Պիտի Այցելէ Վրաստան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.