Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՍԻՍԻ ԵՒ ՎԻԳԷՆԻ ՀԱՄԵՐԳԸ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ. ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻ՛ՒՆ

July 8, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վիգէն
Մասիս

Յունիս 10-ին Բարեգործականի Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային կեդրոնին սրահը համերգի մը վայրը չէր, այլ` ընտանեկան մեծ հաւաքի մը ժամադրավայրը: Այնքա՛ն մտերմիկ էր մթնոլորտը, այնքա՛ն տաքուկ: Թէ՛ երգիչներուն անձը, թէ՛ ֆրանսական տարազումով` քաֆէ-քոնսերի ոճին ընտրութիւնը, թէ՛ ալ մշակութային կեդրոնի վարչութեան յարդարման ուղղութեամբ թափած ջանքերը միաձուլուած` կը ստեղծէին այս գեղեցիկ մթնոլորտը:

Ծայրէ ծայր լեցուն սրահին դիմաց, երեկոյթին բացումը կատարեց Բարեգործականի փարիզեան շրջանի նախագահ Րաֆֆի Մոմճեան: Ներկաները ողջունելէ, արուեստագէտները ներկայացնելէ եւ որոշ բացատրութիւններ տալէ ետք, ան բեմ հրաւիրեց Մասիսը: Մասի՜սը… Յովհաննէս Շիրազի Փարիզի դեսպանը: Թաւջութակահար Շահան Տինանեանի ընկերակցութեամբ, ինք ալ իր կիթառը գրկած, ներկայացուց նոր խտասալիկէն` «Չեմ նախանձում»էն կտորներ, մեծ մասամբ մեծանուն բանաստեղծին գործերուն ներշնչմամբ յօրինուած երգեր` մէկը միւսէն յուզիչ կամ իմաստալից, կեանքի պատկերներով լի: Կարծէք` Շիրազ ուղղակի Մասիսին ականջին փսփսացեր էր իր սրտին խօսքերը, որպէսզի ան ալ իր կարգին իմացնէ համայն աշխարհին:

Անոր յաջորդեց Վիգէնը: Ան ալ իրեն իւրայատուկ թատերախառն ոճով, երգեց իր հին երգերը` յուզելով բոլորը: Յուշեր վերակերտեց, ժամանակի փապուղիին մէջ երեք տասնամեակ ետ տարաւ ներկայ երաժշտասէրները: Յուզիչ էր նաեւ հաստատել, որ անոր երգերը արդէն գտած էին իրենց արժանի ժառանգորդը յանձինս իր աղջկան` Վանիկին, որ բազմաթիւ երգերու ընթացքին ընկերացաւ իրեն:

Միջնարարին ներկաները բաժակներու շուրջ, գողտրիկ մթնոլորտի մէջ կրցան զրուցել թէ՛ իրարու միջեւ, թէ՛ օրուան հերոսներուն հետ: Յիշատակներ կեանք առին, կատակներ եղան, խնդուքի ձայներ բարձրացան, աչքեր լեցուեցան, բաժակներ իրարու միացան, կենաց-մաղթանքներ եղան:

Երկրորդ մասին բացումը կատարեց Վիգէնը: Կրկին իր երգերով իր ապրումներուն հաղորդակից դարձուց սրահը: Իրմէ ետք դարձեալ բեմը գրաւեցին Մասիսն ու Տինանեանը: Այս բաժնին մէջ Մասիս երգեց իտալերէն նուազ ծանօթ երգեր, որոնք այլ երանգ մը բերին համերգին. բայց մեկնաբանողին յուզումը նո՛յն յուզումն էր:

Վերջաւորութեան Մասիս եւ Վիգէն միասին  երկու կտորներ եւս հրամցուցին: Անոնք զբօսայգիէն տուն վերադառնալ չուզող մանուկներ կը յիշեցնէին: Թէ՛ կը յուզուէին, թէ՛ կը յուզէին, թէ՛ կը զուարճանային, թէ՛ կը զուարճացնէին… դժուար էր իրենց համար հրաժեշտ առնելը:

Շնորհակալութի՛ւն Մասիսին եւ Վիգէնին` այս անզուգական երեկոյթին համար, որ մեզի պարգեւեցին: Չմոռնանք բոլոր անոնք, որոնք այս ձեռնարկին իրականացման եւ յաջողութեան համար ջանք չխնայեցին, ինչպէս, օրինակ, Այգ Փոթուքեան, որ ապահովեց երեկոյթին թեքնիք բաժինը, Ֆլորին Տէյիրմենճեան եւ Մկրտիչ Պասմաճեան, որոնք անխոնջ աշխատանքով գլուխ հանեցին կազմակերպչական աշխատանքները: Շնորհակալութի՛ւն մանաւանդ Րաֆֆի Մոմճեանին, որ բացայայտօրէն մտադրած է առաւել կենսունակութիւն ներմուծել Մշակութային կեդրոնի կեանքին, եւ կ՛արժէ նշել, որ սրահը սիրայօժար եւ անվճար տրամադրած էր այս առթիւ, հասոյթին արժանի տէրերը դատելով արուեստագէտները:

Յ. Կ.

Նախորդը

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2010-2011 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

Յաջորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 898 07/07/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.