Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արագածի Շրջանի Նահատակներուն Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

June 16, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1506arakadzՆահատակներուն համար պատմութիւնը միշտ այժմէական կը մնայ: Աւարտ չ՛ունենար, այլ կը շարունակէ կողմնորոշիչ մնալ ներկային մէջ աւելի հաւատքով գործելու համար: Ազգի մը համար կատարուած նահատակութիւնը հանրութեան կողմէ միշտ կը յիշուի ակնածանքով եւ նահատակներուն ինքնազոհութիւնը կը հատուցուի փառքով եւ մեծարանքով: Ըսուածին լաւագոյն արտայայտութիւնը եղաւ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան կազմակերպած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին «Արագած» շրջանին մէջ նահատակ ընկերներու նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի,15 յունիս 2014-ին, «Արագած» ակումբի «Ս. Գալայճեան» սրահին մէջ:

Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղի անդամները: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Վազգէն Մարգարեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ ան յիշեց, թէ պարտականութեան ճամբուն վրայ ինկած նահատակներու շնորհիւ «Արագած» շրջանը մնացած է անառիկ: Բացման խօսքէն ետք Արա Թորոսեան արտասանեց «Օրհնենք նահատակ» կտորը, ապա Սագօ Եագուպեան շուիով նուագեց «Վէրքերով լի» եւ «Թփի բորան» երգերը:

Խօսք առաւ Համբիկ Պիլալեան: Ան նախ յիշեց յետեղեռնեան դժուար տարիներուն կազմաւորուած ու ձեւաւորուած Պուրճ Համուտի շրջանը եւ անոր հայահոծ թաղամասերը, որոնք եկեղեցիով, դպրոցով, ազգային կեանքով եռուն միջավայրեր էին հայութեան համար, այլ խօսքով` «Փոքրիկ Հայաստան»: Ապա  անդրադարձաւ արիւնոտ պատերազմին, երբ հազիւ ինքզինք գտած Պուրճ Համուտը շուտով ներգրաւուեցաւ քաղաքացիական պատերազմին մէջ, եւ երիտասարդները, շնորհիւ իրենց գաղափարական պատրաստուածութեան, յանձն առին պահել հայկական շրջանը` դիմելով ինքնապաշտպանութեան: Ան նշեց, որ այս ձեռնարկը պատմութիւնը վերյիշելու առիթ չէ, այլ պատմութենէն դաս առնելու հրաւէր, որովհետեւ եթէ ազգային գաղափարով տոգորուած երիտասարդները չըլլային, եւ մահը չարհամարհէին, հայութեան ճակատագիրը այլ բան պիտի ըլլար: Դաշնակցական ընկերները յանուն ազգին եւ հայութեան արժանապատուօրէն կրեցին նահատակութեան պսակը: Արագած լերան խրոխտ ու վեհ կեցուածքէն ներշնչուած «Արագած» շրջանը այդ օրերուն վերածուած էր Կարսի հնոցի:

Արագածի բնակչութիւնը մէկ մարդու պէս ոտքի ելաւ զէն ի ձեռին պաշտպանելու իր տունն ու տեղը, եկեղեցին եւ ակումբը: Ընկերները ռումբերու տարափին տակ ջուր ու հաց մատակարարեցին ժողովուրդին, վիրաւորները դարմանեցին: Արագած շրջանը պատիւը կը վայելէր Պուրճ Համուտի դարպասը, առաջին գիծը ըլլալու: Եւ իբրեւ այդպիսին ի յայտ եկան Գէորգ Չաւուշի, Արամ Մանուկեանի, Անդրանիկի, Դրոյի նման խիզախ հերոսներ, որոնք մահը անտեսեցին եւ պարտականութեան վեհ առաքելութեան ճամբուն վրայ ինկան` պահելով Արագածը:

«Անոնք ստոյգ ջարդէ փրկեցին հայահոծ շրջանները: Եթէ անոնք չըլլային, մենք այսօր արժանապատիւ ապրելու բախտը պիտի չունենայինք», աւելցուց Պիլալեան:

Պիլալեան մէջբերեց նաեւ նորօրեայ մարտահրաւէրներ, որոնց պէտք է կրկին միաձայնութեամբ ու միացեալ ճիգերով դիմադրել: Խօսքէն դուրս գալով պէտք է անցնիլ գործի, սերունդները դաստիարակել ազգային արժէքներու պաշտամունքով` անհաւասար մօտեցումներուն եւ պառակտող երեւոյթներուն վերջ տալով, օտարամոլ հոսանքներուն դէմ պայքարելով, ինքնութենէն հեռանալու առաջքը առնելով:

Պիլալեանի խօսքէն ետք Սերոբ Յակոբեան երգեց «Դաժան կռւում դուք ընկաք», իսկ Յարութ Լափաճեան` «Քեզի յարգանք ու մեծարանք» երգը:

«Մշակ բանուոր» քայլերգով փակուեցաւ յիշատակի ձեռնարկը: Պէտք է յիշել նաեւ, որ ձեռնարկէն առաջ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նահատակներու հոգիներուն համար, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի:

 

 

Նախորդը

Պօղոս Սնապեանի Աշխատավայրը` Այսօր…

Յաջորդը

Մահ Պօղոս Սնապեանի 1927` Պիթիաս (Մուսա Լեռ) – 2014` Պէյրութ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.