
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսօ հինգշաբթի օր Թիֆլիսի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիա մտադիր չէ որեւէ ճնշում գործադրելու Վրաստանի վրայ 27 յունիսին Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիր ստորագրելու հարցով:
«Այս մասին ինծի անձամբ ըսած է նախագահ Փութին, եւ յոյսով եմ, որ ան պիտի չխախտէ իր խոստումը: Վրաստան գերիշխան պետութիւն է եւ իրաւունք ունի իր շահերէն մեկնելով որեւէ համաձայնագիր կնքելու», ընդգծած է Պարոսօ:
Ան աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումը պիտի չխանգարէ Վրաստանին` այլ համաձայնագիրներ եւս կնքելու, ներառեալ` Ռուսիոյ հետ: Ըստ անոր, Եւրոպական Միութիւնը կը խրախուսէ Վրաստանի առեւտրական յարաբերութիւնները` շրջանի բոլոր երկիրներուն հետ:
«Եւրոպական Միութեան ուղերձը բոլոր երկիրներուն` երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնն է, ոչ թէ դիմակայութիւնը: Բացի ատկէ, մենք յստակ դիրքորոշում ունինք բոլոր երկիրներու գերիշխանութեան պահպանման գործին մէջ», նշած է Պարոսօ:


