
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ «Կազփրոմ»-ի ղեկավար Ալեքսէյ Միլլըր լրագրողներուն յայտնած է, որ «Կազփրոմ»-ը այլեւս մտադիր չէ յետաձգելու Ուքրանիոյ «Նաւթոկազ» ընկերութեան համար սահմանուած կանխավճարի ժամկէտները:
Միլլըր ըսած է, որ պարտքի վճարման վերջին ժամկէտը 16 յունիսն է, երբ «Կազփրոմ»-ի հաշիւին պէտք է 1951 միլիառ տոլար փոխանցուած ըլլայ:
«Կազփրոմ»-ի ղեկավարը աւելցուցած է, որ հակառակ պարագային կանխավճարի դրութիւն պիտի սահմանուի: «Ոչինչ վճարուած է, մատակարարումները զերօ են», ըսած է ան:
Միլլըր մեկնաբանած է, որ նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն համար «Նաւթոկազ»-ը պէտք է նաեւ յառաջընթաց արձանագրէ ապրիլ-մայիս ամիսներուն հաշիւները վճարելու համար: Ան ընդգծած է, որ եռակողմ բանակցութիւններու ընթացքին Ուքրանիոյ պարտքը մեծցած է 2 միլիառ տոլարով, եւ այժմ չվճարուած մատակարարումները արդէն կը կազմեն 11,150 միլիառ խորանարդ մեթրով:


