Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօնահանդէ՛սը

June 13, 2014
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոնտիալ է դարձեալ. ֆութպոլի սպասուած տօնը, տօնահանդէ՛սը: Աշխարհի չորս ծագերուն տօնական ցնծութիւն է 32 օր: Մարդկութիւնը կ՛ապրի մոնտիալի կշռոյթով, մրցակցութեան, բախտի եւ յաղթանակի անսահման վայելքով: Երազն ու իրականութիւնը խառնուած են իրարու: Մարզասէրներ ֆութպոլի անցեալը, ներկան ու ապագան կը փորձեն տեսնել մոնտիալի ընդմէջէն:

Բոլոր ճամբաները կը տանին… Պրազիլ, ուր մոնտիալի կազմակերպիչները կը խոստանան ներկայացնել անմոռանալի ու գեղեցիկ աւարտականներ: Գեղեցիկ աւարտականներ` գեղեցիկ ֆութպոլի հայրենիքին մէջ, ուր Փելէն եւ Կարինչան, Զիքոն եւ Սոկրատեսը, Ռոմարիոն եւ Ռոնալտոն ֆութպոլի պատմութեան փառքը հիւսած են յաղթանակի իրենց սամպաներով:

Գրաւիչ է մոնտիալը` կախարդական նկատուելու աստիճան: Մոնտիալի «փոքրիկ կախարդ»-ին` կլոր գնդակին շուրջ կը միանան աշխարհի բոլոր ժողովուրդները: Կը խօսին անոր լեզուով: Կ՛ենթարկուին նոյն օրէնքներուն եւ պատիժներուն: Քաղաքականութեան բաժնածը կը միացնէ մոնտիալը: Կրօնական, ցեղային թէ գաղափարական բոլոր տարբերութիւնները կը ջնջէ ան:

Իր գրաւչութեամբ, մոնտիալը կը մօտեցնէ ժողովուրդներու աշխարհագրական հեռաւորութիւնները, կը հեռացնէ հարուստ-աղքատի անոնց ընկերային պատնէշները: Կանաչ դաշտերու շուրջ բոլորը երկրպագուները կը դառնան միեւնոյն «կրօն»-ին` ֆութպոլին: Մոնտիալը աշխարհի նորագոյն այս «կրօն»-ին կարեւորագոյն «ծիսակատարութիւններէն» մէկն է:

Մոնտիալը նորութիւններու մրցաշարքն է նաեւ: Բոլորը անհամբեր կը սպասեն չորս տարին անգամ մը ծնող ֆութպոլի նոր աստղերուն («կրօն»-ի չաստուածներուն), մարզիչներու նորարար խաղաոճերուն, համակիրներու գիւտարար խենթութիւններուն: Ուշագրաւ նորութիւնները կը հետաքրքրեն բոլորը: Արիւնը կ՛եռայ մարզասէրներու երակներուն մէջ, հոգիները կը լեցուին խանդավառութեամբ, սիրտերը` անձկութեամբ.

– Օ՛ն, յառա՜ջ, դէպի փոքր քառակուսի, հարուածէ՛, կոոո՜լ…

Կոլէն ետք կարգը կու գայ հռչակին ու համբաւին: Մոնտիալը ամէնէն աւելի փայլելու եւ անուն շահելու տեղն է: Մոնտիալին փայլող ֆութպոլի աստղեր կրնան գնուիլ ու ծախուիլ աստղաբաշխական գումարներով:

Անշուշտ, կայ նաեւ ազգային արժանապատուութեան հարցը: Մոնտիալի մասնակից խումբերը կը ցանկան ու կ՛երազեն իրենց հայրենիքները վերադարձին դիմաւորուիլ օդակայաններու մայր դռներէն, յաղթական հերոսներու վայել ընդունելութեամբ: Ո՞վ պիտի փափաքէր դուրս գալ օդակայաններու ետեւի դռներէն, լոլիկի եւ հաւկիթի տարափներու տակ…:

Կամենալը սակայն այս պարագային կարենալ չէ: Մրցակից 32 խումբերուն համար ալ օրացոյցի բախտի վերջին թերթիկը կախուած է պատէն: Խումբերէն 31-ը պիտի պատռեն ու նետեն զայն մոռացութեան գիրկը, իսկ միայն մէկը, փրցուածին փոխարէն, 13 յուլիս 2014-ին տեղ պիտի զետեղէ մոնտիալի ախոյեան հռչակման ի՛ր թերթիկը:

Բախտն ու բաժակը խումբերէն մէկուն կրնան ժպտիլ: Մենք կը սպասենք այդ ժպիտին, Պրազիլի մոնտիալի գեղեցկագոյնի՛ն:

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՄԱՐԶԻԿ»-Ի
ՄՈՆՏԻԱԼԻ ՅԱՏՈՒԿ ԹԻՒԻ

 

Նախորդը

2014-ի Մոնտիալին Ազդանշանը Տրուեցաւ Պաշտօնական Հանդիսութենէն Ետք. Պրազիլ Յաղթեց Խրուաթիոյ (3-1). Ճափոնցի Իրաւարարը` Սխալեցաւ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ. Պաքու Պիտի Հիւրընկալէ Եւրոպասքեթը. Հայաստան Դիմում Կը Ներկայացնէ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Պաքու Պիտի Հիւրընկալէ Եւրոպասքեթը. Հայաստան Դիմում Կը Ներկայացնէ

November 25, 2026
Թենիս. Հայազգի 6 Թենիսմեններ` Լաւագոյն 1000-ին Մէջ
Մարզական

Թենիս. Հայազգի 6 Թենիսմեններ` Լաւագոյն 1000-ին Մէջ

November 25, 2026
Նոթս Քաունթիի Հայ Մարզիչ Տիգրան  Թադեւոսեան Լոնտոնի Հայեր Կը Մարզէ
Մարզական

Նոթս Քաունթիի Հայ Մարզիչ Տիգրան Թադեւոսեան Լոնտոնի Հայեր Կը Մարզէ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։