Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍԹԱՐ ԱՔԱՏԵՄԻ»Ի ՅԱՅՏԱԳԻՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂԸ . ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՀԱՅ ՄԸ ԺԻԼՊԵՐ ՍԻՄՈՆ

July 7, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան իրականութեան մէջ իր յատուկ տեղն ու հետաքրքրութիւնը ունի «Սթար աքատեմի» յայտագիրը, որ արդէն 8-րդ անգամն ըլլալով կը կազմակերպուի` իր շուրջ համախմբելով արաբական աշխարհի տարբեր երկիրներէ մասնակիցներ:

Յատկանշական ու հպարտալի է, որ այս տարուան յայտագիրին իր աշխուժ ու ուշագրաւ մասնակցութիւնը կը բերէ հայ մը` Ժիլպեր Սիմոն, որ Լիբանանը կը ներկայացնէ:

27-ամեայ Ժիլպեր Սիմոն, որ իր կեանքը կ՛ապրի Պէյրութի եւ Ֆրանսայի մէջ, 14 շաբաթէ ի վեր «Սթար աքատեմի»ի մէջ կը փայլի իր ուրոյն տաղանդով` մեկնաբանելով ֆրանսերէն, անգլերէն, սպաներէն եւ իտալերէն երգեր: Ան երկու անգամ հանդիսացաւ դպրոցին առաջինը` մրցանակներ ու նուէրներ խլելով:

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ տաղանդաւոր եւ երաժշտութեան նուիրուած այլ տղոց հետ ան կազմած է «Ժիլպեր Սիմոն» համոյթը, որ տարբեր առիթներով ելոյթներ կ՛ունենայ` մեկնաբանելով 1960-ական թուականներէն մինչեւ օրս սիրուած երգեր` նոր մշակումներով: Համոյթը նաեւ հրապարակած է իր ձայնասկաւառակը:

Ժիլպեր Սիմոն իր յօրինած երգերուն մասին խօսելով` կ՛ըսէ, թէ անոնց ներշնչման աղբիւրը մարդոց առօրեայ կեանքն է` իր վերիվայրումներով, լաւով ու վատով:

Ուշագրաւ է, որ Ժիլպեր ունի մեծ թիւով համակիրներ եւ հպարտալի է, որ «Սթար աքատեմի»ի շաբաթական ներկայացումներուն ընթացքին Եռագոյնը մնայուն կերպով կը ծածանի Ժ. Սիմոնի համակիրներուն կողմէ:

Հայ տաղանդաւորը բաւական երկար ճամբայ կտրելէ եւ 14 շաբաթները յաջողութեամբ շրջանցելէ ետք, արդէն հասած է վերջընթեր հանգրուանին եւ ան կարիքը ունի բոլորին զօրակցութեան, որպէսզի հասնի աւարտականին եւ հաւանականութիւնը ունենայ այս տարուան աստղը ըլլալու` հայութեան անունը բարձր պահելով:

Ժիլպեր Սիմոնին զօրակցելու համար Լիբանանէն 2 թիւը իբրեւ sms պէտք է ղրկել 1053 թիւին:

Յաջողութիւն` Ժիլպերին եւ բոլոր հայ տաղանդաւորներուն:

Նախորդը

ՀԱՅԵԱՑՔ ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ . ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԻՒՐԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՄԵՐ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-Ի ԺՏԷՅՏԷ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.