Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահան Հաճէթեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ . Մտորումներ` Տարբեր Տեսակի

June 7, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՒՆԻԿԷ ՏՕՔՈՒԶԼԵԱՆ-ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Vahan-HadjetianՔառասուն օրեր առաջ` ապրիլ 24-ին սիրելի բարեկամուհիս` Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի ամուսինը` պրն. Վահանը, իր մահկանացուն կնքեց: Այդ տխուր առիթով երբ այցելեցի իրեն, ինչպէս նաեւ յուղարկաւորութեան ատեն, տեսայ տխուր դէմքերը ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամին` կնոջ, զաւակներուն, հարսերուն եւ նոյնիսկ մեծահասակ թոռներուն: Երկար տարիներու կեանքի ընկերը, ամուսինը, հայրը, մեծ հայրը անդարձ կը բաժնուէր իրենցմէ: Մտածեցի, թէ որքան դժուար է եւ ցաւալի սիրելիի մը կորուստը ընդունիլ, նոյնիսկ եթէ  մտովին եւ հոգեպէս պատրաստուած ըլլաս մահուան գաղափարին: Այս մտածումները զիս տարին 2002 թուականի ապրիլ 20. ամբողջ ամիս մը մահաքունի մէջ մնալէ ետք ամուսինս աչքերը փակեց այս աշխարհին վերջնականապէս: Թէեւ ամբողջ ամիսը  մտովին եւ հոգեպէս ինքզինքս  պատրաստած էի, պէտք է ընդունիլ սակայն, որ սիրելիի մը կորուստը իսկապէս դժուար ընդունելի է:

Հոգեկան ծանր վիճակներէ անցումի այդ օրերուն մտքիս մէջ հարցի բնոյթ ստացած էր այն գաղափարը, թէ ի՞նչ պէտք է ըլլայ եկեղեցիին դերը կամ եկեղեցիին ծառաներուն` հովիւներուն դերակատարութիւնը նման պարագաներու: Եկեղեցական սովորական արարողութենէն անդին, մնացող անձերուն իրենց հոգեկան ճնշուած վիճակներու մէջ օգտակար հանդիսանալու պարագան: Հոգեւոր հովիւը կամ եկեղեցիին հովանիին տակ գործողները պէտք է ըլլան պատրաստուած, մասնագիտացած, այսպէս ասած «ընկերային ծառայողներ», որոնք այսպիսի եւ նմանօրինակ պարագաներու յաճախակի այցելութիւններ տալով, փորձեն հոգեկան անցուկ վիճակէն դուրս բերել այն անձը/անձերը, որոնք կը դիմագրաւեն կեանքի նոր եւ դաժան փորձառութիւն մը:

Հոգեկան տագնապներէ կամ ճնշուածութենէ անցնող անձերը անպայմանօրէն հարազատի մը կամ սիրելիի մը մահուան պատճառով չէ, որ այդպիսի տագնապներէ կ՛անցնին, կեանքի մէջ մեր դիմակալած երեւոյթները եւ հարցերը բազմատեսակ են: Օրինակի համար` գործի կորուստ, հիւանդութիւն, ամուսնալուծում, ինչքերու կամ ստացուածքի կորուստ, բարեկամի կամ հարազատի «կորուստ» տեղափոխութեան պատճառով, պիտանի չըլլալու զգացում հանգստեան կոչուելու պատճառով, եւ տակաւին կարելի է երկարել շարքը: Սակայն այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու սիրելիի մը մահուան պատճառով մնացողներուն հոգեկան տագնապներու մատնուիլը, որ զիրենք կ՛առաջնորդէ դէպի ընկճուածութիւն, որ ինքնին հիւանդութիւն կարելի է նկատել եթէ օրին դարմանի մասին չմտածուի, եւ այդ կրնայ առաջնորդել անհատը մինչեւ ջիղերու քայքայումի, մտային խանգարումի, հոգեկան ընկճուածութիւններու եւ իր կարգին` մահուան:

Մէկ բան յստակ պէտք է ըլլայ մեր միտքերուն մէջ թէ` մահը/կորուստը փորձառութիւն մըն է, որ ոեւէ անհատի կեանքի ընթացքին կը պատահի, կեանքի տարբեր հանգրուաններուն եւ տարբեր վիճակներով կը յայտնուի: Թէ մահը/կորուստը/բաժանումը ինչպէ՞ս կ՛ազդէ մեր վրայ, կախեալ է մեր պատրաստուածութենէն իբրեւ քրիստոնեայ հաւատացեալներ, եւ անհրաժեշտ է, որ տրամաբանօրէն հասկնանք եւ ընդունինք:

Աստուածաշունչին մէջ կայ դրուագ մը, զոր յաճախ լսած ենք եւ կարդացած: Ղազարոսի յարութեան դրուագն է: Կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ իմ խորհրդածութիւններս այս դէպքին շուրջ: Ինչպէ՞ս կարելի է Աստուածաշունչի լոյսին տակ տեսնել օգտակար ըլլալու կարելիութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը:

Մարիամ եւ Մարթա մարդ ղրկեցին Յիսուսի, որ գայ եւ բժշկէ Ղազարոսը, որ հիւանդ էր: Աշակերտները  չէին ակնկալեր Ղազարոսը մեռած գտնել: Ցնցումը անխուսափելի էր, երբ մեռած գտան զայն: Թէեւ միտքերը պատրաստուած ալ ըլլան, տակաւին մահուան հետ կապուած բաժանումը ցնցում կը յառաջացնէ մեր հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ:

Յիսուս երբ եկաւ, Մարթան էր, որ դիմաւորեց ու խօսեցաւ Յիսուսի հետ, իր սիրտը պարպեց: Յիսուս մտիկ ըրաւ զայն: Այս կարեւոր կէտ մըն է. երբ կ՛այցելենք վշտահար անձի մը, փորձենք լսել զայն: Թող բանայ սիրտը, պարպէ զայն: Թոյլ տանք, որ խօսի, խօսիլը կ՛օգնէ թեթեւցնելու զգացական ճնշուածութիւնը եւ ցնցումը: Թոյլ տանք, որ հարցումներ ուղղէ, եւ ամէնէն սովորական հարցումը անշուշտ պիտի ըլլայ «ինչո՞ւ»-ն:

Զիրենք լսելով պիտի գիտակցինք նաեւ, որ նման փորձառութիւններ բոլորիս համար են: Ասիկա ինքնայայտնութեան փորձառութիւն մըն է: Որքան ժամանակ որ կու տանք լսելու, այնքան աւելի կարող պիտի ըլլանք ճշգրտօրէն տեսնելու վիճակը/հարցը այն անձին, որ մեր օգնութեան կը կարօտի:

Յիսուս երբ եկաւ, Ղազարոս արդէն չորս օրէ գերեզմանը դրուած էր: (Յովհ. 11:17): Ինչո՞ւ չորս օր: Նման պարագաներու չորս օրը իմաստ կ՛ունենայ: Այսինքն սկզբնական ցնցումը անցած կ՛ըլլայ, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները ամբողջացած, սգակիրներու բազմութիւնը թեթեւցած, եւ չորրորդ օրը արդէն ընտանիքն ու հարազատներն են, որ իրարու մօտ կ՛ըլլան: Ա՛յդ ժամանակ է, որ կարիքը կը զգացուի սրտակից, վշտակից, հոգացող անձի մը:

Յովհ. 11.20. «Արդ, երբ լսեց Մարթա, թէ Յիսուս կու գայ, զայն դիմաւորելու գնաց. բայց Մարիամ տան մէջ նստեր էր»: Մարիամ տունը մնաց ցնցումի եւ ցաւի վիճակի մէջ, անկարող բան մը ընելու: Ասիկա բնական երեւոյթ է, նման պարագաներու կայ իրականութիւնը չըմբռնելու վիճակը, զգացումներէ զուրկ ըլլալու վիճակը, որեւէ աշխատանք կատարելու անկարող զգալու զգացումը:

Յովհ. 11.21-ին մէջ կը կարդանք «եւ Մարթա ըսաւ Յիսուսի. «Տէր եթէ հոս ըլլայիր իմ եղբայրս չէր մեռներ»: Իսկ Յովհ. 11.32-ին մէջ կ՛ըսէ. «Իսկ Մարիամ, երբ Յիսուսի եղած տեղը եկաւ ու զանիկա տեսաւ, անոր ոտքը իյնալով ըսաւ անոր. «Տէր եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ»: Այս երկու համարներուն մէջ կը տեսնենք Մարթա եւ Մարիամ քոյրերը նոյն ձեւով կը վերաբերին, ըսել կ՛ուզեն Յիսուսին. «Ինչո՞ւ հոս չէիր»: Ներքնապէս անոնք այն զօրաւոր համոզումը ունէին, թէ Յիսուս կրնար կասեցնել այդ պատահարը: Իսկապէս մեղադրանք մըն էր ուղղուած Յիսուսի: Մենք` հասարակ մահկանացուներս, միշտ տկար ենք նման դէպքերու դիմաց եւ մեղադրանքներ կ՛ուղղենք այս կամ այն անձին, դէպքին, պատահարին եւ նոյնիսկ Աստուծոյ, յատկապէս եթէ յանկարծակի եւ անակնկալօրէն պատահած է մահուան դէպքը: «Ինչո՞ւ»-ին կարելի չէ միշտ ալ պատասխան մը տալ: Ընկճուածութեան վիճակ մըն է, որ կը յայտնուի այս նախադասութեան մէջ. «եթէ հոս ըլլայիր» կամ «իմ սխալս եղաւ» կամ «եթէ այսպէս ըրած ըլլայի…»:

Նման պարագաներու մասնագիտացած անձեր/հովիւներ պէտք է օգտակար ըլլան, որովհետեւ  այս ամբաստանութիւն/մեղադրանք  ծիրը ժամանակի ընթացքին կրնայ ընդլայնուիլ եւ ուրիշներ ալ ներառել:

Յովհ. 11.25-ին մէջ կը կարդանք. «Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես եմ յարութիւնը ու կեանքը, ան որ ինծի կը հաւատայ թէեւ մեռնի պիտի ապրի»: Հոս կը տեսնենք դիմացինին վստահութիւն ներշնչելու կարեւորութիւնը: Յիսուսի կողմէ արտասանուած այս խօսքերը վստահութիւն ներշնչեցին մահացողին հարազատներուն:

Յովհ. 11.27-ին մէջ կը կարդանք Մարթայի պատասխանը. «… ըսաւ անոր. «Այո՛ Տէր, ես հաւատացեր եմ, որ դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհ գալու էիր»: Ցոյց կու տայ կատարեալ վստահութիւն Յիսուսի նկատմամբ եւ ինքնին` վստահութիւն հանդէպ օգտակար հանդիսացող անձին:

Ցնցումը կ՛ազդէ մեր հոգիին, մտքին, զգացումներուն, կամքին, մարմնին եւ աշխատելու կարողութեան: Այս ցնցումի վիճակը կը տարբերի անհատէ անհատ: Սակայն երբ կայ հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ եւ վստահութիւնը շուրջիններուն նկատմամբ, շատ բան կարելի է փոխել եւ մեղմացնել ստեղծուած կացութիւնը:

Արցունքն ու լացը բնական եւ առողջարար բաներ են: Սիրով վշտակցիլը կը թեթեւցնէ դիմացինին ցնցումը, ցաւը, կորուստը, ջիղերու յոգնածութիւնը եւ ճնշուածութիւնը: Յիսուս ալ իսկապէս ազդուեցաւ պարզուած կացութեան առջեւ, երբ բարեկամներ, ազգականներ կու լային: Յովհ. 11.35-ին մէջ կ՛ըսէ. «Յիսուս լացաւ»: Աստուածաշունչին ամէնէն կարճ համարը, որ ինքնին շատ բովանդակալից է: Յիսուս կու լայ բարեկամի մը կորուստին համար:

Յիսուս կրնայ մեզ ձերբազատել վիշտի կապանքներէն եւ մեզի կու տայ կեանքի նոր ուղղութիւն մը: Ղազարոսի յարութիւնը կը նշանակէ, որ կեանքը կը շարունակուի եւ պէտք է շարունակուի միշտ դէպի առաջ: Կարելի չէ ճակատիլ կամ ընդդիմանալ մահուան / կորուստի գաղափարին. ընդհակառակը, պէտք է ընդունիլ: Ընդունիլ կը նշանակէ ապրիլ իրականութեան հետ, հաշտուիլ ստեղծուած կացութեան հետ, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը ըլլայ ցաւալի եւ տխուր: Որքան որ ալ անձը նկարագիրով զօրաւոր ըլլայ, տակաւին կրնայ ճնշուածութեան եւ ընկճուածութեան ենթարկուիլ, որ ինքնին կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ: Այդ հետեւանքներէն կարելի է յիշել այն, որ խնդրոյ անձը երբեմն նոյնիսկ ինքզինք լքուած եւ անընդունելի կը նկատէ ընկերութեան մէջ` լքուած բարեկամներէ, ընկերներէ, ազգականներէ, նոյնիսկ երբեմն Աստուծմէ:

Յամենայն դէպս մահուան դառն իրականութիւնը պէտք է դիմագրաւել եւ ընդունիլ, առանց որուն կեանքի մէջ ոչ մէկ յառաջացում կարելի է:

Այս բոլորէն ետք ժամանակն է, որ մեր հովիւները ըլլան պատրաստուած  եւ ունենան պատրաստակամութիւնը օգտակար հանդիսանալու վշտահար անձին: Իսկ եթէ հովիւը այդ պատրաստուածութիւնը չունի, մասնագիտական առումով մեր եկեղեցիները պէտք է ունենան իրենց «ընկերային ծառայողները»:

Աստուած հոգին լուսաւորէ պրն. Վահանին, հողը թեթեւ գայ վրան եւ իր սիրելիներուն Ս. հոգիին մխիթարութիւնը շնորհէ:

 

26 մայիս, 2014

Նախորդը

Զմմառու Ուխտի Օր

Յաջորդը

Նշմար. Հաճոյքէն Անդին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։